Կազայի մէջ զոհերու թիւը անցաւ 21.000-ը
Կազայի հատուածին մէջ իսրայէլեան հարուածներու հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 21 հազար 110-ի։
Այս մասին յայտնած են Կազայի առողջապահութեան նախարարութենէն՝ աւելցնելով, որ վիրաւորուած է 55 հազար 243 մարդ։
Առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցիչի տեղեկատւութեամբ՝ միայն վերջին 24 ժամուան ընթացքին իսրայէլեան զինուած ուժերու հարուածներու հետեւանքով զոհուած է 195 մարդ։
Ան մտահոգութիւն յայտնած է Կազայի հարաւը գտնուող՝ Նասերի անուան բժշկական համալիրի վերաբերեալ, ուր կրնայ կրկնուիլ նոյն սենարը, որ եղաւ հիւսիսային հատուածին մէջ տեղակայուած «Ալ-Շիֆա» հիւանդանոցի պարագային՝ կոչ ընելով միջազգային կազմակերպութիւններուն ձեռնարկելու արդիւնաւէտ եւ հրատապ միջոցներ՝ ապահովելու բժշկական համալիրի, անձնակազմի, վիրաւորներու, հիւանդներու եւ հազարաւոր տեղահանուածներու պաշտպանութիւնը։
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ