Որոնել

Մարդիկ Սուրբ Ծնունդի նախօրէին Մարդիկ Սուրբ Ծնունդի նախօրէին  (ANSA)

Աշխարհի բնակչութիւնը Յունուար 1-ին պիտի գերազանցէ 8 միլիառը

2024 թուականի սկիզբը աշխարհի մէջ ամէն վայրկեան կը սպասուի 4,5 ծնունդ եւ երկու մահ,

Միացեալ Նահանգներու մարդահամարի բիւրոյի 28 դեկտեմբերին հրապարակած տուեալներու համաձայն՝ վերջին մէկ տարուան ընթացքին աշխարհի բնակչութիւնն աճած է 75 միլիոնով, իսկ 2024 թուականի առաջին օրը այն պիտի կազմէ աւելի քան 8 միլիառ մարդ:

2024 թուականի սկիզբը աշխարհի մէջ ամէն վայրկեան կը սպասուի 4,5 ծնունդ եւ երկու մահ, հաղորդած է ERR ռատիոյի նորութիւնները։

Միացեալ Նահանգներու բնակչութիւնը մէկ տարուան մէջ աւելցած է 1,7 միլիոնով:

Նոր տարուան, ըստ կանխատեսման, այն պիտի կազմէ 335,8 միլիոն մարդ:

Աղբիւրը՝ Արեւելք

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/12/2023, 09:06