Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 95 ամեակ եւ Քեսապի՝ «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 35 ամեակ
Նախորդ դարու քսանական թուականներուն, երբ հայ ժողովուրդը անտէր եւ անտիրական, համտեսելէ ետք քսաներորդ դարու մեծագոյն ոճիրի դառնութիւնները, ինչպէս նաեւ նոր կորսնցուցած իրենց հայրենիքի անկախութիւնը, ոտքի ելլելու համար պէտք ունէր մեծ թափի եւ մղիչ ուժի մը. ահա այդ օրերուն էր որ ծնունդ կ՛առնէ, մեծ հայերու շրջանի մը ջանքերով, հայու կեանք տուող ու պահող, հայերը համախմբող մեծ միութիւն մը, որ մկրտուեցաւ արժանաւորապէս՝ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ միութիւն անունով:Այս կը պատահէր 1928 թուականին:
Սոյն միութեան գլխաւոր նպատակն էր փոխանցել հայ ժողովուրդին հայրենասիրութեան հոգին եւ պահել հայ մշակոյթը. Մշակոյթ ըսելով կը հասկնանք, լեզու, գիր, գրականութիւն, երաժշտութիւն, պարարուեստ, թատրոն.....այդ նպատակին համար բացուեցան վարժարաններ, ճեմարաններ, երաժշտանոցներ, Հիմնուեցան թատերական խումբեր, պարախումբեր, բացուեցան տպարաններ. Հայու երգը սկսաւ կրկին լսուիլ, հայու գիրքը սկսաւ կրկին կարդացուիլ, հայու պարն ու թատրոնը սկսան կրկին բարձրանալ բեմերու վրայ:
Ասկէ երեսուն հինգ տարիներ առաջ, հայ մշակոյթը պահելու գերագոյն նպատակէն մղուած, Քեսապի մէջ խումբ մը մշակութասէր հայորդիներ, վարակուած Շանթերու, Աղբալեաններու, Օհանջանեաններու, Իփէկեաններու մտահոգութենէն, ունեցան մեծ տեսլականը հիմնելու Քեսապի Համազգային միութեան մասնաճիւղը: Քեսապն ալ իր կարգին ունեցաւ թատրոն, երգչախումբ, պարախումբ։
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրութեան 95 ամեակը եւ Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 35 ամեակի սոյն յոբելենական հանդիսութիւնը առիթ մըն է ցնծութեան:
Յոբելենական տարեդարձները առիթ են ըլլալու խթան, դրդող ազդակներ, ոեւէ միութեան ինչպէս նաեւ Համազգայինի պատասխանատուներուն եւ մեր բոլորին, շարունակելու սկսուած նուիրական գործը, շարունակելու լսցնել արար աշխարհին հայու երգն ու պարը, բայց մանաւանդ շարունակելու կարդացնել մեր փոքրերուն եւ երիտասարդներուն հայ գիրը, հայ գրականութիւնը եւ սորվեցնել անոնց հայ քաղցրահունչ մեղեդիներն ու շարականները։
Սրտաբուխ մաղթանքս եւ աղօթքս է առ Աստուած, որ սոյն համազգային կրթական եւ մշակութային միութիւնը մնայ անսասան եւ ապառաժի մը պէս ամուր, որպէս զի միշտ վառ պահէ համայն հայութեան սրտին մէջ սէրը հանդէպ հայ մշակոյթին, որովհետեւ Ան մեր ապագայի յենարանն է եւ գրաւականը գալիք 50 եւ 100 ամեակներուն:
Համազգայինի միութեան գործօն եւ աշխուժ անդամ-անդամուհիները իրենց նուիրումի, ծառայութեան եւ անձնուրաց հոգիով պիտի դիմագրաւէն ամէնօրեայ մարտահրաւէրները, տօնելու համար նորանոր ամեակներ:
Այս առթիւ, սրտանց կը շնորհաւորենք համազգայինի մեծ ընտանիքին հիմնադրութեան 95-րդ ամեակը մաղթելով անոր նորանոր յաջողութիւններ ու նուաճումներ հայապահպանման գործին մէջ: Նոյնպէս կը շնորհաւորենք մեր Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 35 ամեակը։ Կը մաղթենք անոր ոսկեայ եւ ադամանդեայ յոբելեաններ ու նորանոր յաջողութիւններ եւ բարգաւաճում:
Կեցցէ՛ յաւէտ կեցցէ մեր համազգային միութիւնը եւ անոր հայրենասէր եւ մշակութասէր ջահակիր անդամ-անդամուհիները:
Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան
Ժողովրդապետ`
Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ
Քեսապ՝ 8- Դեկտեմբեր - 2023
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ