Որոնել

ARMENIA-AZERBAIJAN-CONFLICT-AFP PICTURES OF THE YEAR 2023

Շաբթուան մտածումը (գ). Լսե՛լ Քահանայապետին

Սրբազան Քահանայապետը վերահաստատած Վատիկանի Սուրբ Աթոռին կողմէ իրական հանգանակ հանդիսացող եւ թշնամութիւնները հարթել փորձող խաղաղութեան մը հասնելու պատգամը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզի համար գրեց` Սագօ Արեանը

Հայկական մեծ օրակարգին վրայ կարեւոր զարգացումներ տեղի կ՚ունենան։ Խօսքը մասնաւորապէս Երեւան-Պաքու շփումներու նոր գործընթացի մը մասին, որուն առաջին «պտուղներ»ը երեւելի պիտի դառնան շատ հաւանաբար քանի մը օրեր կամ շաբաթներ անց։

Խօսքը անշուշտ կը վերաբերի այն համաձայնութեան, որ տեղի ունեցած է Պաքու-Երեւան ուղղակի շփման գծով եւ տուած է արդիւնքներ։ Մինչ Պաքու ազատ պիտի արձակէ 32 հայ ռազմագերիներ, իսկ Հայաստան այդ դրական քայլին պիտի հակազդէ Ատրպէյճանին յանձնելով 2 դատապարտեալներ։

Ճիշդ է, որ եղած համաձայնութիւնը բաւական երկար սպասուած զարգացում մը պիտի ըլլայ, բայց աւելի քան յայտնի սկսած է դառնալ, որ կը գտնուինք մեծ տեղաշարժներու եզրագծին։

Չենք խօսիր Արցախեան հարցին մասին, որ այս ժամանակներուն կը գտնուի բաւական բարդ փուլ- փակուղիի առջեւ, սակայն ակնարկումները կ՚երթան Ատրպէյճան- Հայաստան խաղաղութեան պայմանագրի մը մասին, որ ի վերջոյ նոր էջ մը կարող է բանալ Հարաւային Կովկասի մեր տարածքէն ներս։

Գիտենք, բոլորս շատ լաւ կը գիտակցինք, որ այսօր Հայաստանի համար օդի ու ջուրի պէս կենսական է ամբողջական խաղաղութեան մը հասնիլը, որուն մէջ ալ հիմնարար դեր պիտի ունենան սահմանագծումի, սահմանազատման,

փոխադարձ ճանաչողութեան եւ յարգանքի ու նաեւ գերիներու հարցին հանգուցալուծումն ու ի վերջոյ պատերազմական այդ էջին շրջումը։

Ինչ խօսք, որ մասնաւորապէս հայկական կողմին մօտ աւելի քան որեւէ ժամանակ առկայ են մեծ կասկածներ, որ Ատրպէյճան ի վերջոյ պիտի հրաժարի վերջին շրջանին իր կողմէ լսելի դարձած ռազմաշունչ հռետորաբանութիւնէն։

Հարցումին պատասխանը, ոչ այնքան կարեւոր է, քան ինքը հարցումին դրուածքը, որովհետեւ այն ինչ որ կը դիտարկենք, ու այն ինչ որ ի մօտոյ պիտի տեսնենք ինքնըստինքեան եղած, կամ յանկարծ գոյացած դրուածք մը չէ, այլ անոր կայացման համար աշխատած են բազում կողմեր, ճնշումներ բանեցուցած են բազում որոշիչ երկիրներ եւ ի վերջոյ ճիգ ու եռանդ դրած են Հարաւային Կովկասի մէջ որոշում կայացնելու ուժ ունեցող տէրութիւններ։

Այս բոլորն ի հարկէ կարեւոր են, բայց ամենակարեւորն այն է, որ Հայաստանը, որպէս երկիր, ժողովուրդ եւ տէրութիւն պիտի կարողանայ առաջ մղել ցանկալի խաղաղութեան օրակարգը, որուն շնորհիւ ալ մեր երկիրը պիտի կարողանայ շունչ մը քաշել եւ անցնիլ վերակազմակերպումի գործին։

Ի հարկէ իտէալական պիտի ըլլայ, որ երկու երկիրները ամբողջութեամբ անցեալին մէջ թողնեն անցնող երեսուն եւ աւելի տարիներու ընթացքին գոյացած ոխն ու ատելութիւնը, ու նաեւ վրէժխնդրութիւնը, որ ամէն առիթի վէրքի եւ արեան նոր տոմարներ բացած է երկու հարեւան երկիրներու ժողովուրդներուն համար։

Իտէալական է այդ «ակնկալիք»ը, բայց այն հեռու է իրականութիւն մը դառնալէ, որովհետեւ Հայաստան կքած է պարտութեան մեծ բեռան մը տակ, իսկ Ատրպէյճան գինովցած է իր յաղթանակի տուած բերկրանքով։

Թերեւս այս վիճակին ճիշդ հակապատկերն էր երեսուն տարիներ առաջ, երբ Հայաստան յաղթեց եւ կարողացաւ ազրպէյճանցիները դուրս քշել Լեռնային Ղարաբաղէն ու այդ յաղթանակի տուած բերկրանքը դարձաւ նախասկիզբ մը այն նոր դառնութիւններուն, որ երկու կողմերը ապրեցան յատկապէս 2020 թուականին տեղի ունեցած պատերազմէն ասդին։

Ճիշդ է, որ ներկայիս խաղի հիմնական կանոնները պիտի փորձէ թելադրել Ատրպէյճանը, սակայն նոյնիսկ այդ կանոններու թելադրումը այլեւս կապուած չէ միայն շրջանին մէջ ազդեցիկ դեր ունեցող Ռուսիայէն կամ Թուրքիայէն, այլ այդ որոշումի կողքն են Հաւաքական Արեւմուտքը՝ Եւրոպական Միութիւնով, Ֆրանսայով եւ Միացեալ Նահանգներով։

Խնդիրն անշուշտ այն չէ, թէ որ կողմը, ինչ աւելի արդիւնքներ կուտակեց, կամ ինչքանով առաջ տարաւ աւելի հզօր եւ աւելի զօրեղ դառնալու իր երազները, այլ հիմնական խնդիրն ու հարցադրումը այն է, որ այս երկու կողմերը՝ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պիտի կարողանան միասին նոր էջ մը բանալ, սպիտակ էջ մը բանալ, որուն ընդհանուր խորագիրն է՝ «Բարօր եւ խաղաղ կեանք շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն»։

Ապահով եմ, որ այս ընդհանուր վերնագրին դէմ քննադատութիւններ պիտի ըլլան մեր մօտ, թէ հակառակորդ Ատրպէյճանի մէջ, սակայն այդ ալ կրնայ փարատիլ երբ երկու տէրութիւնները կարողանան խաղաղութեան, փոխյարգանքի եւ փոխգործակցութեան իրական կայմեր նետել ...։ Ի վերջոյ ոչ ոք, ոչ մէկ ժողովուրդ կ՚ուզէ զիջիլ իր ունեցածէն կամ իր առաւելապաշտական նկրտումներէն, բայց յստակը այն է, որ ոչ Հայաստան ու մանաւանդ Ատրպէյճան կարող են այսօր առկայ ձեւաչափերով շարունակել իրենց երթը։

Երկու հարեւան երկիրները, այո ունէին տարակարծութիւններ, կար թշնամութիւն եւ մահ, կար սուգ եւ կային ծանր յիշատակներ։

Այս բոլորը անտեսելի կամ ուրանալի չեն, այլ այս բոլորը միայն ու միայն դաստիարակող եւ հարստացնող պէտք է ըլլան։ Ու թերեւս այս բոլորին մէջէն է, որ մեզի կը հասնի ու վարար գետի ջուրերուն պէս մեր հոգիները կը հովացնէ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին ողջոյնի խօսքը, ուր ան շեշտակի յոյս արտայայտած է ու դրուատած երկու երկիրներու առաջնորդները, որ արագօրէն խաղաղութեան պայմանագիր կնքեն։ Այդպիսով Սրբազան Քահանայապետը վերահաստատած Վատիկանի Սուրբ Աթոռին կողմէ իրական հանգանակ հանդիսացող եւ թշնամութիւնները հարթել փորձող խաղաղութեան մը հասնելու պատգամը։

Պատգամ, որ կարեւոր է, ոչ միայն հայերուս, այլ նաեւ Ատրպէյճանի համար, պայմանաւ, որ երկու ժողովուրդները իրապէս գնահատեն խաղաղութեան դրուածքը, որ օրհնութեան պէս է բոլոր տառապեալ ազգերուն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2023, 10:58