Որոնել

TOPSHOT-PALESTINIAN-ISRAEL-CONFLICT

Շաբթուան մտածումը (դ). «Քաղաքակրթական պայքար»ը եւ ... Քրիստոնեայ աշխարհը

Չարութիւնը, անմարդութիւնը, անհանդուրժողութիւնը միշտ աւելի մեծ դաշտ ունին աճելու, քան բարութիւնը, մարդկայնութիւնը եւ մարդասիրութիւնը ու այս վերջին արժէքները, որպէսզի դուրս գան, դուրս բերուին իրենց պարունակեն ու վերածուին իսկական գործի, ապա պէտք է մարմին ու հոգի ստանան ...։
Ունկնդրէ լուրը

 

Վատիկան Նիուզի համար գրեց` Սագօ Արեանը

Կազայի պատերազմի ողջ տեւողութեան սպանութեան տեսարաններէն բացի մի քանի սարսափելի տեսարաններ պարզուեցան, որոնք լայն կը բանան դուռը «Քաղաքակրթական պայքար»ի մը իրական դրուագներուն։

Իսրայէլացի զինուորներ մուտք կը գործեն իսլամներու պատկանող մզկիթ մը եւ մզկիթը պղծելէ անդին երթալով եբրայական աղօթքներ կը հնչեցնեն եւ «Թալմուտ»ը կը կարդան։

Հաւանաբար վաղը նոյնը ընեն իսլամ- սիւննի պաղեստինցիները, որոնց քաղաքական թեւին՝ «Համաս»ին հիմնաքարը ծայրայեղ իսլամի գաղափարն է։

Այս բոլորը անշուշտ կրնան եւ պիտի պատրաստեն քաղաքակրթական գալիք բախումները, որ պիտի արտայայտուին ամենուրէք։

Սկսած Եւրոպայի ափերէն, հասնելով մինչեւ հարաւային Ամերիկա, անցնելով հիւսիսային Ամերիկայի ոստանները, ուր իսլամ- իսրայէլացի բախման գօտիները շատ մեծ են։

Ինչու իսրայէլացի գրեցի, որովհետեւ, ոչ բոլոր հրեաները (յատկապէս Իսրայէլէն դուրս ապրող հրեաներ) կողմ են Իսրայէլ պետութեան գոյութեանը եւ իրենք այսօր զօրավիգ են պաղեստինեան դիմադրութեան։

Ի դէպ ուռճացող ու նաեւ կրօնական հիմքեր ունեցող այս պայքարին առընթեր դուռը լայն կը բացուի հակամարտութիւնները իրենց լրումին, եւ կրակը իր մարումին տանող դրոյթներ, որոնց ամէնէն զեղունը աշխարհով մէկ սփռուած Քրիստոնէութիւնն է։

Այն Քրիստոնէութիւնը , որ նախ եւ առաջ կողմ է համակեցութեան, կ՚ընդունի մարդկանց տեսակը, կը յարգէ ուրիշին, դիմացինին մօտեցումն ու հաւատալիքները եւ ամենակարեւորը հող կը պատրաստէ ու կ՚արարէ կերտելու արդար եւ ազնիւ համակեցութիւն մը։

Ու տխուրն այն է, որ հակառակ լուծումներու դուռ բանալու իր իրական ներուժին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ վերջին հարիւր, երկու հարիւր տարիներու ամբողջ ընթացքին ու անոր հակամարտութեան գօտիներուն մէջ զոհը միշտ ալ եղած է Քրիստոնեայ տարրը։

Ու ասոր համար ալ թերեւս նոյն քրիստոնեաները ու նաեւ մենք արժանի ժամանակի մը հասած ենք իրապէս վերատեսութեան ենթարկելու համակեցութիւնը ընկալելի դարձնելու մեր մօտեցումները։

Եթէ իսրայէլացին (բնիկը, կամ աւելին բնակեցուածը) կը ցանկայ արաբ իսլամին, սիւննի պաղեստինցիին մահը եւ քրիստոնեայ քաղդէացիին, հայուն, յոյնին կամ արաբին հեռացումը, ապա քրիստոնեան այդպէս չի խորհիր։

Քրիստոնեան կը հաւատայ արժեհամակարգի մը, որուն մէջ պետութիւնը եւ հասարակութիւնը գիտեն իրենց պարտաւորութիւններն ու սահմանումները, գիտեն իրենց ընելիքը եւ այդ ընելիքին «կարմիր գիծեր»ը։

Օրինակ երբեք չէ պատահած, որ Քրիստոնեան իր հողէն քշէ իսլամ պաղեստինցին, ու արգիլէ, որ ան իր ձիթենիները աճեցնէ...

Կամ նոյնիսկ չէ պատահած, որ դարձեալ քրիստոնեան Սողոմոնի տաճարը վերականգնողին դէմ գրոհէ, անպատուէ, կամ իրեն համար սուրբ համարուող տեղանքներէն վտարէ ...։

Խորքային է ի հարկէ հակամարտութիւնը, որուն համար պէտք է Սուրբ Խաչի ու խաչեալի ուժով պատրաստուիլ գալիք ժամանակներուն։

Այն ինչ, որ այսօր կը խմորուի Կազայի մէջ , յստակ է, որ պիտի աճի եւ ծաւալ ստանայ։

Չարութիւնը, նամարդութիւնը, անհանդուրժողութիւնը միշտ աւելի մեծ դաշտ ունին աճելու, քան բարութիւնը, մարդկայնութիւնը եւ մարդասիրութիւնը ու այս վերջին արժէքները, որպէսզի դուրս գան, դուրս բերուին իրենց պարունակեն ու վերածուին իսկական գործի, ապա պէտք է մարմին ու հոգի ստանան ...։

Մեծ աւանդոյթներու վրայ կայմուած հիմքեր ունի Քրիստոնէութիւնը եւ անոր պատմական փորձառութիւնը կը պատմէ այն մասին, որ մարդկային քաղաքակրթութեան այս ամենաղճատուած ժամանակներուն, ան ՝ Քրիստոնէութիւնը կարող է նաեւ քաղաքական պայքարներուն ու անկէ աճած արիւնալի ընդհարումներու համար լուծումներ բերել։

Այսօր ատոր կարիքն ունի Կազան եւ առանց այդ իրաւարար ուժին, այս հակամարտութիւնը տակաւին երկար ժամանակով պիտի ինքզինք գերազանցէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2023, 10:18