Որոնել

2014.11.25 Papa Francesco in visita a Strasburgo, al Parlamento Europeo, Unione Europea

Եւրոպական Խորհրդարանի Ներկայացուցիչներ. «Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք իրենց բանակցութիւնները շարունակելու»

«Միացեալ յայտարարութիւնը նշանակալի քայլ է վստահութեան ձեւաւորման գործին մէջ, որ անհրաժեշտ է համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման համար:

Եւրոպական խորհրդարանի Հարաւային Կովկասի հետ կապերու պատուիրակութեան նախագահ Մարինա Քալիուրանտ «Էքս»-ի վրայ հրապարակած է իր, Եւրոպական խորհրդարանի Հայաստանի հարցերով մնայուն զեկուցող Անտրէյ Քովաչեւի եւ Զելիանա Զովքոյի միացեալ յայտարարութիւնը, որուն մէջ անոնք ողջունած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միացեալ յայտարարութիւնը.

«Միացեալ յայտարարութիւնը նշանակալի քայլ է վստահութեան ձեւաւորման գործին մէջ, որ անհրաժեշտ է համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման համար:

«Մենք երկու երկիրներուն կոչ կ՛ուղղենք ամբողջովին աջակցելու Եւրոպական խորհուրդի եւ Եւրոպական Միութեան նախագահներու ջանքերուն` դիւրացնելու խաղաղ հոլովոյթը` գերիշխանութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան, տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման եւ ուժի չկիրարկելու հիման վրայ», գրուած է միացեալ յայտարարութեան մէջ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/12/2023, 09:00