«2024 թուականը պէտք է ըլլայ վստահութեան վերականգնման եւ յոյսի վերադարձի տարի». Կութերեշ
ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշը իր տեսաուղերձին մէջ կոչ ըրած է երկիրներուն 2024 թուականին համախմբուելու եւ յաղթահարելու տարաձայնութիւնները:
«2024 թուականը պէտք է ըլլայ վստահութեան վերականգնման եւ յոյսի վերադարձի տարի։ Մենք պէտք է համախմբուինք՝ տարաձայնութիւնները յաղթահարելու եւ ընդհանուր լուծումներ գտնելու համար», -ըսած է Կութերեշը։
Անոր խօսքով՝ 2023 թուականը «հսկայական տառապանքի, բռնութեան եւ կլիմայական քաոսի տարի էր»։
«2023 թուականը դիտարկումներու պատմութեան մէջ ամենաթէժ տարին էր։ Մարդիկ կը գտնուին աղքատութեան եւ սովի աճող խնդիրներու մամլիչի տակ։ Պատերազմները կը դառնան աւելի ու աւելի դաժան եւ բազմաթիւ: Միեւնոյն ժամանակ, վստահութիւնը կը սպառի: Բայց փոխադարձ մեղադրանքներն ու զէնքի սպառնալիքները ոչնչի կը յանգեցնեն», - ընդգծած է գլխաւոր քարտուղարը։
Կութերեշի խօսքով՝ ՄԱԿ-ը պիտի շարունակէ միաւորել ամբողջ աշխարհի մարդոց խաղաղութեան, կայուն զարգացման եւ մարդու իրաւունքներու համար պայքարին մէջ:
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ