Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնը փոխանցեց Հայ Եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան
Շաբաթ, 16 Դեկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութենէն (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) խումբ մը, յատկապէս՝ նոր անդամները, եւ իր օրհնութիւնը փոխանցեց անոնց։ Անոնք Հայրապետին այցելութեան եկած էին միութեան հոգեւոր խորհրդատու Հոգշ. Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի գլխաւորութեամբ։
Յաւուր պատշաճի խօսք արտասանեց հոգեւոր խորհրդատու հայր սուրբը։ Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ, որ, անսալով Նորին Սրբութեան Հայրապետական կոչին, այսօր Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ը կ՚ապրի իր վերակազմակերպումի օրերը՝ «Սփիւռքի Վերակազմակերպում Բ. – Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում» խորագրին եւ Հայրապետական հռչակագրին լոյսին տակ։ Այս առիթով հայր սուրբը յայտնեց, որ այսնպէս ինչպէս կեանքը յարափոփոխ ընթացքի մէջ է, նոյնպէս ալ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի վարչակազմակերպչական, ընկերային ու դաստիարակչական կեանքը փոփոխութեան՝ այլ խօսքով, վերակազմակերպումի հունին մէջ կը գտնուի։ Ապա, յանուն Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի անդամներուն, ան իր որդիական երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հօր՝ անոր ցուցաբերած նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեան եւ հայրական խնամքին ու հոգատարութեան համար։
Խօսք առաւ նաեւ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի վարչութեան ատենապետ Սէրուժ Խանճիհանեանը, որ կարեւորեց ուսումնառութեան անհրաժեշտութիւնը եւ հայ երիտասարդին համար զօրաւոր զէնք մը ըլլալու իրողութիւնը։ Ան դիտել տուաւ, որ իբրեւ սփիւռքահայ երիտասարդներ, մեր նախնիներէն ժառանգած եկեղեցական ու ազգային արժէքները ու հայեցի դաստիարակութեան ոգին պէտք է փոխանցենք նոր սերունդին, որպէսզի կարենանք մեր ազգի ներկան ու ապագան ամուր հիմերու վրայ հաստատել։
Հանդիպման աւարտին իր Հայրապետական ողջոյնի խօսք փոխանցեց Վեհափառ Հայրապետը։ Առաջին հերթին, ան ողջունելի նկատեց Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ականներուն մնայուն ներկայութիւնը մեր ազգային եւ մանաւանդ եկեղեցական կեանքին մէջ։ Ան շեշտեց երիտասարդութեան ներկայութեան անհրաժեշտութիւնը եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ։ Այս առիթով Հայրապետը յիշեցուց, թէ Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ը եւ անոր անդամները միայն լիբանանեան նեղ պարունակին մէջ պէտք չէ դիտենք, որովհետեւ անոնք աշխարհով մէկ տարածուած են եւ կը գործեն մեր գաղութային կեանքէն ներս՝ զանազան բնագաւառներու ու մարզերու մէջ։ Ուստի, Նորին Ս. Օծութիւնը անգամ մը եւս ընդգծեց այս միութեան եզակի առաքելութիւնը եւ քաջալերեց, որ համալսարանական երիտասարդներ մաս կազմեն Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի մեծ ընտանիքին, որպէսզի առաւել հաստատակամ ծաւալի անոր վստահուած գործունէութիւնը։
Աւարտին, Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.ի ատենապետը, որ անցեալ Օգոստոս ամսուան ընթացքին բարձրացած էր Արարատ լեռ, Վեհափառ Հայրապետին փոխանցեց Արարատի գագաթէն բերուած ջուր, ափ մը հող եւ քար, ինչպէս նաեւ՝ Արագածի ու Արարատի գագաթներուն վրայ ծածանած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դրօշը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ