Արամ Ա Կաթողիկոսը Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով այցելեց Ազունիէի Ազգային Բուժարան
Երկուշաբթի, 18 Դեկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ խումբ մը միաբան հայրերու, նոր տարուան եւ մեր Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին, իր Հայրապետական այցելութիւնը շնորհեց Ազունիէի Ազգային Բուժարանին։
Հայրապետը բուժարանի մուտքին դիմաւորուեցաւ հաստատութեան տնօրէն Տաճատ Սրապեանի, խնամակալութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեանի եւ խնամակալութեան յանձնախումբի անդամներուն կողմէ։ Այցելութեան նպատակն էր մօտէն իրազեկ դառնալ այնտեղ տարուող աշխատանքներուն եւ իր հայրական օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցել ապաստանեալ մամիկներուն ու պապիկներուն։
Իր օրհնութեան ողջոյնի խօսքին մէջ, Նորին Սրբութիւնը իր հոգեկան գոհունակութիւնը յայտնեց, որ անցնող տարիներու տառապալից պայմաններէն ետք, ահաւասիկ դարձեալ առիթը կ՚ունենայ ըլլալու բուժարանին մէջ ապաստանող մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ։ Ան յիշեցուց, որ այս հաստատութիւնը եզակի դերակատարութիւն ունի Սփիւռքի կեանքին մէջ, միաժամանակ վստահեցնելով, որ այս հաստատութեան մէջ պատսպարեալները յատուկ հոգատարութեան ու խնամքի տակ կը գտնուին՝ ինչ ալ ըլլան մեզ շրջապատող պայմաններն ու իրողութիւնները։ Այս առիթով, Հայրապետը տօնական իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց բուժարանի բնակիչներուն, տնօրէնութեան, խնամակալութեան, պաշտօնէութեան ու բժշկական կազմին, որոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն լաւագոյն պայմաններու մէջ պահելու մեր մամիկներն ու պապիկները։
Յիշեալ հանդիպումէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը տեսակցութիւն մը ունեցաւ տնօրէնութեան ու խնամակալութեան հետ եւ այցելեց բուժարանի մատուռը։ Այս առիթով Նորին Ս. Օծութիւնը անգամ մը եւս վստահեցուց ժողովականները, որ Ազունիէի Ազգային Բուժարանը ամբողջական զօրակցութիւնը ու նեցուկը կը վայելէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։
Յայտնենք, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Հայոց Թեմին տուած իր հովուապետական այցելութեան ընթացքին, Արամ Ա. Կաթողիկոսը նաեւ հանդիպում ունեցաւ բուժարանի խնամակալութեան հետ, ուր Հայրապետին յայտնած էր, թէ ազգային բուժարանը ունի զանազան ծրագիրներ, որոնց նպատակն է վերակազմակերպել ու աւելի ծաւալել բուժարանի գործունէութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ