Որոնել

Ազրպէյճանի մէջ ապօրինի կերպով պահուող հայեր Ազրպէյճանի մէջ ապօրինի կերպով պահուող հայեր 

Ատրպէյճանի բանտերուն մէջ կան առնուազն 55 Հայ, իսկ նուազագոյնը 80

Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին մէջ հայ ռազմագերիներու շահերու ներկայացուցիչ իրաւաբան Սիրանոյշ Սահակեան նշեց թէ Ատրպէյճան հայ ռազմագերիները կը պահէ Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելու նպատակով։

30 Նոյեմբերին, «Մեդիա Կեդրոն»ին մէջ տեղի ունեցած քննարկումի մը ընթացքին, Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին մէջ հայ ռազմագերիներու շահերու ներկայացուցիչ իրաւաբան Սիրանոյշ Սահակեան յայտարարեց, թէ ներկայիս, ըստ պաշտօնական տուեալներու, Պաքուի բանտերուն մէջ կան 6 քաղաքացիներ, 41 ռազմագերիներ եւ քաղաքական հետապնդման ենթարկուող բարձրաստիճան 8 պաշտօնատարներ եւ զինուորականներ։ Նաեւ, Ատրպէյճանի մէջ կը գտնուին 80 ռազմագերիներ եւ պարզ քաղաքացիներ, որոնց ճակատագիրները անյայտ են եւ այդ ուղղութեամբ որեւէ քայլի չի ձեռնարկուիր։

Խօսելով վարչապետ Փաշինեանի այն յայտարարութեան, որ Երեւան պատրաստ է Հայաստանի մէջ դատապարտուած ատրպէյճանցիները փոխանակելու հայ գերիներու հետ՝ Սահակեան ըսաւ, թէ այդ առաջարկը ընդունելի չէ Ատրպէյճանի համար։ «Եթէ Պաքու փափաքէր երկու ատրպէյճանցի զինուորները փոխարինել 55 անձերու կամ գոնէ 10 ռազմագերիներու հետ, կը վստահեցնեմ, որ ցարդ այդ գործը կատարուած կ՛ըլլար։ Ատրպէյճան կը համաձայնի իր երկու զինուորները փոխանակելու երկու հայ ռազմագերիներու հետ։

Սահակեան աւելցուց, թէ Ատրպէյճան հայ ռազմագերիները կը պահէ Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելու նպատակով։  

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/12/2023, 08:45