Որոնել

2022.10.26 Confine Armenia - Azerbaigian

Պաքու մերժեց Հայաստանի հետ սահմանէն զօրքերը հայելային ետ քաշելու Երեւանի առաջարկը

Վերջին երեք տարիներուն, Ատրպէյճանն է, որ կը գրաւէ տարածքներ եւ դիրքեր: Երեւան մասնաւորապէս կը պնդէ, որ 44օրեայ պատերազմէն ետք, Պաքու Հայաստանէն առնուազն 150 քառակուսի քիլոմեթր բռնագրաւուած է:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Պաքու կը մերժէ Հայաստանի հետ սահմանէն զօրքերը հայելային ետ քաշելու՝ Երեւանի առաջարկը, որ արտայայտուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ, որ քանի մը անգամ կրկնեց այդ առաջարկը՝ պնդելով, թէ այդ պիտի նպաստէ վստահութեան ամրապնդման։ 

Իր թուրք պաշտօնակիցին հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Պայրամով ըսաւ հետեւեալը. «Կարճ կը պատասխանեմ՝ ես համաձայն չեմ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ: Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանը սահմանագծուած չէ, անիկա բաւական բարդ հարց է: Եթէ զօրքերը ետ քաշուին՝ առանց ամբողջական համաձայնութեան, ո՞վ կրնայ երաշխաւորել, որ կողմերէն մէկը դարձեալ դիրքեր չի գրաւէ», յայտնեց ան:

Վերջին երեք տարիներուն, Ատրպէյճանն է, որ կը գրաւէ տարածքներ եւ դիրքեր: Երեւան մասնաւորապէս կը պնդէ, որ 44օրեայ պատերազմէն ետք, Պաքու Հայաստանէն առնուազն 150 քառակուսի քիլոմեթր բռնագրաւուած է:

Ըստ այս տարեսկզբին, միջազգային դատարան ներկայացուած քարտէսին՝ Պաքու վերահսկողութեան տակ առած է ռազմավարական բարձունքներ Գեղարքունիքի, Վայոց Ձորի եւ Սիւնիքի հատուածներուն մէջ:

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ մինչ այդ քանի մը անգամ հպարտացած էր, թէ ներկայիս Ատրպէյճանի բանակը շահեկան դիրքի վրայ է՝ նոյն ժամանակ պնդելով, թէ անոնք եղած են ատրպէյճանական հողեր: Նոյն բանը 14 Դեկտեմբերին կրկնեց Պայրամով: «Ատրպէյճանի բանակը այդ սահմաններուն հասած է ոչ թէ ինչ-որ մէկուն բարի կամքով կամ հրաւէրով, այլ՝ ազատագրած է իր տարածքները 30 տարիներու արիւնահեղութենէն ետք եւ այսօր կանգնած է սահմաններուն վրայ»:

Այս տարուան Մայիսին, Միացեալ Նահանգները յորդորեց Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը՝ համաձայնիլ զօրքերու հայելային ետքաշման հարցով:

Պաքու, սակայն, մինչեւ օրս համաձայնութիւն չտուաւ Երեւանի եւ Արեւմուտքի յորդորներուն: Աւելի կանուխ, «Ազատութեան» հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած էր, որ Երեւան կ՛առաջարկէ գործընթացը իրականացնել՝ հիմնուելով 1975ի քարտէսներուն վրայ:

Պաշտօնական Պաքու, մինչդեռ, յայտարարեց, թէ 1975ի քարտէսներ, որոնց յղում կը կատարէ Հայաստան, գոյութիւն չունին: Աւելի՛ն, Ատրպէյճան կը պնդէ, որ սահմանազատումը պէտք է կատարուի ոչ թէ յստակ քարտէսներու հիման վրայ, այլ՝ գոյութիւն ունեցող բոլոր իրաւական փաստաթուղթղերուն:

Պայրամով 14 Դեկտեմբերին յայտարարեց, թէ երկու երկիրներու սահմանազատման յանձնաժողովներու վերջին հանդիպումը յաջող էր եւ բաւական կառուցողական, համաձայնութիւններ ձեռք բերուած են ընթացակարգերուն վերաբերեալ, կողմերը փաստաթուղթեր փոխանակած են՝ յանձնաժողովի աշխատակարգին վերաբերեալ: «Այս բոլորը նկատի ունենալով՝ լաւատեսութեան հիմք կայ, եւ կը կարծեմ, թէ այսպէս, քայլ առ քայլ կրնանք յառաջ շարժիլ: Եթէ Հայաստան յարգէ Ատրպէյճանի օրինական շահերը եւ միջազգային իրաւունքը, մենք պիտի կարենանք հասնիլ դրական արդիւնքի», յայտնեց Պայրամով:

Ան նաեւ նշեց, թէ խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ Հայաստանէն ներկայացուած վերջին առաջարկներուն մէջ նկատելի է յառաջընթաց: «Այդ փաստաթուղթը, առաջարկներու այդ ծրարը ուսումնասիրելու ատեն պարզ կը դառնայ, որ անիկա նախորդին կրկնութիւնը չէ, հոն կայ որոշ յառաջընթաց», ըսաւ ան:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը, որ առաջին անգամ ըլլալով Պաքու կ՛այցելէ՝ Ղարաբաղի վրայ Սեպտեմբերի յարձակումէն եւ զայն Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ առնելէ ետք, յայտարարեց, թէ Անգարան բոլորովին կ՛աջակցի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման:

ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՊԱՔՈՒ ՀԱՍՏԱՏԵՑԻՆ ՍԱՀՄԱՆԱԶԱՏՄԱՆ ՅԱՁՆԱԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՏԱԿԱՐԳԸ

Սահմանազատման յանձնաժողովներու առաջին նիստէն մէկուկէս տարի ետք, Երեւան ու Պաքու 14 Դեկտեմբերին հաստատեցին միացեալ աշխատանքային հանդիպումներու կազմակերպման եւ իրականացման աշխատակարգը:

«Նիստերի անցկացման ամսաթիւը, ժամը եւ վայրը որոշւում են յանձնաժողովների նախագահների միջեւ համաձայնութեամբ, նիստերը յանձնաժողովների նախագահների միջեւ համաձայնութեամբ որպէս կանոն անցկացւում են յաջորդաբար Հայաստանի Հանրապետութեան կամ Ադրբեջանի Հանրապետութեան տարածքում, կամ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Ադրբեջանի Հանրապետութեան սահմանին, կամ երրորդ երկրների տարածքում, ինչպէս նաեւ տեսակոնֆերանսի (տեսողական խորհրդաժողովի) ձեւաչափով», ըսաւ արդարադատութեան փոխնախարար Արա Մկրտչեան կառավարութեան նիստին ընթացքին՝ նաեւ յայտնելով, որ կողմերը աշխատակարգը համադրած են յանձնաժողովներու վերջին՝ 30 Նոյեմբերին, Իջեւանի եւ Ղազախի հատուածին մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին:

Երեւան եւ Պաքու նաեւ կը հաստատեն, որ ընդունող կողմը պէտք է երաշխաւորէ նիստերու բոլոր մասնակցողներուն ապահովութիւնը:

Հայկական կողմի սահմանազատման յանձնաժողովի ղեկավար, փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան 14 Դեկտեմբերին ըսաւ, որ եթէ հաստատուած աշխատակարգով կը լուծուին կազմակերպչական հարցերը, յաջորդ փուլին պիտի մշակուի կանոնակարգ մը, որ արդէն աւելի բովանդակային պիտի ըլլայ:

«Մեթոդաբանութիւններ պէտք է նկարագրենք եւ սահմանումներ պէտք է տանք աւելի կոնկրետ (յստակ), թէ ինչ ենք հասկանում քարտէզ սահմանման տակ, ինչը գերկարեւոր է, եւ ինչ ենք հասկանում իրաւաբանական նշանակութիւն ունեցող փաստաթղթի տակ», նշեց Գրիգորեան:

«Ըստ էութեան, սահմանազատման գործընթացն առաջին անգամ դրւում է ինստիտուցիոնալ (կառուցային) հենքի վրայ, որը, կարծում եմ, շատ կարեւոր է», նկատել տուաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետերու գլխաւորած յանձնաժողովները ցարդ ունեցած են 5 հանդիպումներ, մէկը՝ Երասխի հատուածին, 2ը՝ Տաւուշի մարզի եւ Ղազախի, մէկական՝ Մոսկուայի եւ Պրիւքսէլի մէջ: Այդ հանդիպումներէն ետք, Երեւան եւ Պաքու շատ մանրամասնութիւններ չներկայացուցին. միայն ըսին, թէ «կողմերը շարունակած են սահմանազատման հարցերու քննարկումը»:

«Ընդհանուր առմամբ կայ ըմբռնում, որ նաեւ փորձենք սահմանազատման, այսինքն՝ ակնյայտօրէն եւ այսօրուայ որոշումը դրա ապացոյցն է, հնարաւորինս, ինչքան պայմանները թոյլ են տալիս, ակտիւացնել (աշխուժացնել) աշխատանքը եւ փորձել առաջընթաց գրանցել այս ուղղութեամբ», ըսաւ Փաշինեան:

Նշենք, որ յանձնաժողովներու հանդիպումներուն պիտի քննարկուի նաեւ միջերկիրներու հարցը:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/12/2023, 08:25