Որոնել

2023.11.29 Bambini dell'Artsakh in visita a Cipro

Արցախցի մանուկները կրկին պէտք է հաւատան ամանորեայ հրաշքին

«Հայկական Առաքելութիւնը» աւելի քան 100 փոքրիկի երազանքները կ՝իրականացնէ

Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր հրաշք մանուկները երկու դաժան պատերազմի ու շրջափակման մէջէ անցնելէ ետք կրկին պիտի հաւատան Ամանորեայ հրաշքին ու ականատես ըլլան իրենց երազանքներու իրականացման: «Հայկական Առաքելութիւն» ՀԿ խումբը որոշած է իրականացնել նախագիծ, որուն ծիրէն ներս աւելի քան 100 փոքրիկ՝ իրենց նամակներուն հիման վրայ Ամանորեայ նուէրներ պիտի ստանան Կաղանդ Պապայէն:

Դեկտեմբեր 26-ին, «Հայկական Առաքելութիւն»-ը այցելեց Էջմիածնի մէջ եկեղեցւոյ տրամադրած կացարաններէն մէկը, ուր տեղաւորուած են արցախցի ընտանիքներ։

«Հայկական նախագիծ» գիտակրթական կազմակերպութեան գործունէութեան ծիրէն ներս ստեղծուած «Հայկական Առաքելութիւն» հասարակական կազմակերպութեան համակարգող Սիրանուշ Ասատրեան տեղեկացուց, որ երկու ամսուան մէջ հասցուցած են օգնել մարզերու եւ մայրաքաղաքի մէջ բնակութիւն հաստատած շուրջ 1500 արցախցիներու։ Փոքրիկներուն համար նախատեսուած Ամանորեայ անակնկալներու պատրաստման նախաձեռնութիւնը «Հայկական համալսարան»-ի ուսանողներունն է։

«Հիմնական նպատակը ոչ թէ նուէրներն էին, այլ այն, որ անոնք կրկին հաւատան երազանքներուն եւ ամենակարեւորը՝ համախմբուին ամենամեծ նպատակին շուրջ, այն է՝ վերադառնալ Արցախ» ,- կ՝ընդգծէ Ասատրեան։

Արցախէն բռնի տեղահանուած 14 ընտանիք կ՝ապրի այս կացարանին մէջ, ընդհանուր թիւը՝ 60 հոգի։ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի նախկին Քահանայից պատրաստման լսարանի կացարանային շէնքը պիտի ծառայէ բռնահանուած արցախցի մեր հայրենակիցներուն։ Այս մասին Yerkir.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին կը նշէ Սպարտակ սարկաւագը։ Ան կ՝ըսէ, որ առաջին ընտանիքները ընդունած են Սեպտեմբեր 26-ին, ապա աւելցած են միւսները։ Ազատ տեղ կացարանին մէջ այս պահուն չկայ։ Փորձած են բոլոր յարմարութիւնները ապահովել եւ ի հարկէ, չխախտել իւրքանչիւրի  անձնական տարածքը։

«Երեխաները յարմարած են։ Ընկերութիւն կ՝ընեն իրարու եւ հրաեւաններու երեխաներուն հետ։ Առաջին ամիսը, որ ծանօթ չէին քաղաքին, անցուդարձին, Մայր Աթոռի ընկերայինան ծառայութիւններու գրասենեակին կազմով միջնորդած եւ օգնած ենք՝ աշակերտները դպրոցներու մէջ տեղաւորելու, միւսները՝ աշխատանքի, ներքին կեաքնը կազմակերպելու գործին։ Կը փորձենք ստեղծել այն մթնոլորտը, որ բոլորը զգան իրենց տան նման»,- կ՝ըսէ ան։ Սարկաւագը կը նշէ, որ անոնք կացարանի մէջ կրնան մնալ այնքան, մինչեւ կայանան ու հասկնան՝ ինչ կ՝ուզեն, ինչպէս պիտի ընեն։

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/12/2023, 07:44