Յստակ չէ, թէ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ՞ նոյն թափով օգնել Ուքրանիոյ. Պորել
Եւրոպական Միութիւնը ընդհանուր առմամբ շատ աւելի մեծ օգնութիւն ցուցաբերած է Ուքրանիոյ, քան Միացեալ Նահանգները, սակայն այժմ հարց կը յառաջանայ, որ արդեօք այսպիսի օգնութիւն ապագային նոյն թափով կրնա՞յ շարունակուիլ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնեց Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել:
Ըստ անոր՝ Եւրոպական Միութեան երկիրները երկկողմ համաձայնութիւններու եւ խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամին միջոցով միայն Ուքրանիոյ շուրջ 30 միլիառ եուրոյի զինուորական օգնութիւն ուղարկած են:
«Այս օգնութեան շնորհիւ Ուքրանիա կրցաւ դիմակայել: Միացեալ Նահանգներու զինուորական օգնութիւնը աւելի զգալի էր, քան՝ մերը, սակայն, եթէ գումարենք զինուորական, տնտեսական, մարդասիրական եւ այլ օգնութիւնները, Եւրոպան շատ աւելի մեծ օգնութիւն ցուցաբերած է Ուքրանիոյ, քան Միացեալ Նահանգները», ըսած է Պորել: Սակայն, ան նոյն ժամանակ հարցականի տակ առաւ այս օգնութեան շարունակականութիւնը:
«Արդեօք այս հարցին մէջ Եւրոպական Միութեան միասնութիւնը պիտի շարունակուի՞, արդեօք նոր նախագահին օրով եւ նոյնիսկ մինչեւ անոր ընտրութիւնը Միացեալ Նահանգներու օգնութիւնը պիտի շարունակուի՞: Այս հարցումներուն պէտք է պատասխանել: Մենք Եւրոպայի մէջ պէտք է պատասխանենք, եւ, ըստ իս, պէտք է կանգնինք Ուքրանիոյ կողքին, պէտք է աւելին եւ արագ շարժիլ, որովհետեւ Եւրոպական Միութեան համար Ռուսիա ռազմավարական սպառնալիք մըն է», շեշտեց Պորել:
Նշենք, որ Մոսկուայի հետ սերտ կապեր ունեցող Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան վերջերս դէմ դրաւ Ուքրանիոյ յաւելեալ աջակցութիւն տրամադրելու՝ Եւրոպական Միութեան նախաձեռնութեան։
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ