«Քաղաքական անձնաւորութիւնները նախագահութեան եւ լիբանանցիներուն դէմ ոճիր կը գործեն» շեշտեց Ռայի Պատրիարք
Կաթողիկէ Ս. Ծնունդին առիթով, մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ նախագահեց Ս. Ծննդեան տօնի Ս. պատարագին, որուն ընթացքին ան նշեց, որ լիբանանցիները խորհրդարանէն նուէր մը ակնկալած են, սակայն այդ նուէրը կարելի չէ ապահովել, որովհետեւ ոչ ոք կրնայ նուիրել այն, ինչ որ չունի:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ իրենք կը շարունակեն աղօթել հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան համար:
Ան ցաւ յայտնեց Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի սնանկացումին համար` նկատել տալով, որ անիկա վտանգաւոր զգուշացում մըն է, որուն մասին քաղաքական կեանքին մէջ կարելի չէ լուռ մնալ:
Ռայի պատրիարքը խստիւ դատապարտեց Կազայի մէջ ընթացող ցեղասպանական պատերազմը` ընդգծելով, որ այդ պատերազմին հարաւային Լիբանան փոխադրութիւնը մերժելի է:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Ս. Ծնունդի նախօրեակին իր յղած պատգամին մէջ հաստատեց, որ քաղաքական անձնաւորութիւնները հանրապետութեան նախագահութեան պաշտօնին, ինչպէս նաեւ ազգային հաստատութիւններուն եւ լիբանանցիներուն դէմ ոճիր կը գործեն:
Ռայի պատրիարքը հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց նաեւ, որ Կազայի դէմ Իսրայէլի պատերազմին նպատակն է Պաղեստինեան դատը սպաննել` աշխարհի լռութեան զուգահեռ:
Ան ընդգծեց պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի իրաւունքը` աւելցնելով, որ Պաղեստինեան դատին լաւագոյն լուծումը երկու պետութիւններու հաստատումն է` փոխադարձ համաձայնութեան մթնոլորտի մէջ, «ափսոս սակայն, այս լուծումը կը մերժուի Իսրայէլի կողմէ, իսկ հրեաները կ՛իշխեն աշխարհին, եւ ամբողջ աշխարհը կը զօրակցի Իսրայէլին», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց նաեւ Լիբանանի կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան կառչած մնալու կարեւորութիւնը, որպէսզի Իսրայէլ յաւելեալ պատճառաբանութիւն չունենայ Կազայի դէմ իր սանձազերծած պատերազմը ընդարձակելու Լիբանանի մէջ:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ