Որոնել

1614168359215.jpg

Արցախի Հանրապետութեան լուծարման մասին հրամանագիրը այլեւս գոյութիւն չունի

Արցախը լուծարելու մասին հրամանագիրն այլեւս գոյութիւն չունի, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին պնդեց Արցախի նախագահի խորհրդական Վլատիմիր Գրիգորեանը` ընդգծելով, որ ատոր համար հիմք կը հանդիսանայ նախագահի 19 հոկտեմբերի հրամանագիրը, որուն համաձայն 1 հոկտեմբերէն Արցախի նախագահը, պետական նախարարը, կառավարութեան անդամները, դատաւորները, մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, խորհրդարանը, անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը, իրաւապահ մարմինները, Ստեփանափակերտի քաղաքապետն ու վարչական շրջաններու ղ

Արցախը լուծարելու մասին հրամանագիրն այլեւս գոյութիւն չունի, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին պնդեց Արցախի նախագահի խորհրդական Վլատիմիր Գրիգորեանը` ընդգծելով, որ ատոր համար հիմք կը հանդիսանայ նախագահի 19 հոկտեմբերի հրամանագիրը, որուն համաձայն 1 հոկտեմբերէն Արցախի նախագահը, պետական նախարարը, կառավարութեան անդամները, դատաւորները, մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, խորհրդարանը, անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը, իրաւապահ մարմինները, Ստեփանափակերտի քաղաքապետն ու վարչական շրջաններու ղեկավարները կը շարունակեն պաշտօնավարել հասարակական հիմունքներով, այսինքն` առանց վարձատրութեան:

Նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանի այդ հրամանագիրին մէջ նաեւ կը նշուի, որ 1 հոկտեմբեր 2023-էն ետք Արցախի Հանրապետութեան անունով տրուող փաստաթուղթերը վաւերական են:

Միւս կողմէ, Արցախի տեղեկատուական շտապը կը հաղորդէ, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան 22 դեկտեմբերին հանդիպած է այն պետական մարմիններու ղեկավարներու հետ, որոնք կը շարունակեն պաշտօնավարել հասարակական հիմունքներով: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են բռնի տեղահանումէն ետք արցախցիներու հիմնախնդիրները, անոնց լուծման ուղղութեամբ ներկայացուած են առաջարկներ:

Ներկայացնելով կատարուած եւ կատարուող աշխատանքները` նախագահ Շահրամանեան ընդգծած է 2024 թուականին զանոնք շարունակելու անհրաժեշտութիւնը, Ստեփանակերտի քաղաքապետին եւ շրջանային վարչակազմերու ղեկավարներուն յանձնարարած է շարունակել գոյքագրել բռնի տեղահանուած քաղաքացիներու խնդիրներն ու պարբերաբար ներկայացնել կառավարութեան:

Անդրադառնալով վերջին շրջանին լայն քննարկում ստացած նախագահի` 26 սեպտեմբերի հրամանագիրին` Սամուէլ Շահրամանեան ընդգծած է, որ Արցախի Հանրապետութեան իրաւական դաշտին մէջ գոյութիւն չունի փաստաթուղթ, որով կը նախատեսուի լուծարել պետական հաստատութիւնները:

Աղբիւրը `Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2023, 09:00