Որոնել

2022.09.14 Confine Armenia - Azerbaigian

Հայաստան-Ազրպէյճան միացեալ յայտարարութիւն. Ազրպէյճան ազատ կ՛արձակէ 32 հայ զինուորական ծառայողներ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմին եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի վարչակազմին միջեւ բանակցութիւններու հիմամբ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է երկու պետութիւններուն միջեւ վստահութեան կառուցման ուղղութեամբ շօշափելի քայլերու ձեռնարկելու մասին:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմը եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի վարչակազմը միացեալ յայտարարութիւն տարածած են:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմէն, յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը համակարծիք են, որ շրջանին մէջ վաղուց սպասուած խաղաղութեան հասնելու պատմական կարելիութիւն կայ: Երկու պետութիւնները կը վերահաստատեն ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներու յարգման հիման վրայ յարաբերութիւնները կարգաւորելու եւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման հասնելու իրենց մտադրութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմին եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի վարչակազմին միջեւ բանակցութիւններու հիմամբ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է երկու պետութիւններուն միջեւ վստահութեան կառուցման ուղղութեամբ շօշափելի քայլերու ձեռնարկելու մասին:

Առաջնորդուելով մարդասիրութեան արժէքներով, եւ իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում, Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը ազատ կ՛արձակէ 32 հայ զինուորական ծառայողներ:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր հերթին, առաջնորդուելով մարդասիրութեան արժէքներով, եւ իբրեւ բարի կամքի դրսեւորում, ազատ կ՛արձակէ 2 ազրպէյճանցի զինուորական ծառայողներ:

Իբրեւ բարի կամքի քայլ` Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր աջակցութիւնը կը յայտնէ ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան մասին շրջանակային ուխտի Մասնակիցներու համագումարի 29-րդ նստաշրջանը («ՔՈՓ 29») հիւրընկալելու նպատակով Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ներկայացուցած դիմումին եւ կը հանէ իր թեկնածութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը յոյս կը յայտնեն, որ Արեւելեան Եւրոպայի խումբի միւս պետութիւնները նոյնպէս կ՛աջակցին հիւրընկալելու նպատակով Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ներկայացուցած դիմումին: Իբրեւ բարի կամքի քայլ` Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը իր աջակցութիւնը կը յայտնէ Արեւելեան Եւրոպայի խումբի «ՔՈՓ»-ի բիւրոյին անդամակցելու համար առաջադրուած` Հայաստանի Հանրապետութեան թեկնածութեան:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը պիտի շարունակեն իրենց քննարկումները վստահութեան կառուցման աւելի շատ միջոցառումներու իրականացման վերաբերեալ` մօտ ապագային կեանքի կոչելու համար, եւ կոչ կ՛ուղղեն միջազգային հանրութեան` աջակցելու իրենց ջանքերուն, որոնք պիտի նպաստեն երկու պետութիւններուն միջեւ փոխադարձ վստահութեան կառուցման եւ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան Հարաւային Կովկասի ամբողջ շրջանին համար»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/12/2023, 08:56