Որոնել

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը 

Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանը Հայ զինուորի սպանութեան վերաբերեալ Ազրպէյճանի դէմ որոշում տուած է

ՄԻԵԴ-ի որոշումով` խախտուած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական հռչակագիրի 2-րդ յօդուածը (կեանքի իրաւունք)` զինուորներ Էտկար Նարայեանի եւ Էրիք Աբովեանի մահուան, ինչպէս նաեւ անոնց մահուան հանգամանքներու որեւէ քննութեան բացակայութեան վերաբերեալ:

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) հրապարակած է «Նարայեանը եւ միւսները ընդդէմ Ազրպէյճանի» գործով վճիռը:

ՄԻԵԴ-ի որոշումով` խախտուած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական հռչակագիրի 2-րդ յօդուածը (կեանքի իրաւունք)` զինուորներ Էտկար Նարայեանի եւ Էրիք Աբովեանի մահուան, ինչպէս նաեւ անոնց մահուան հանգամանքներու որեւէ քննութեան բացակայութեան վերաբերեալ:

Բացի ատկէ, ՄԻԵԴ-ի որոշումով` Ազրպէյճանը պարտաւոր է Հռչակագիրի 44-րդ յօդուածի 2-րդ կէտին համաձայն դատարանի վճիռը օրինական ուժի մէջ մտնելու օրէն ետք երեք ամսուան ընթացքին դիմողներուն վճարելու 16 հազար եւրօ իւրաքանչիւր դիմումի համար, գումարած որեւէ հարկ, որ կրնայ գանձուիլ ոչ նիւթական վնասի համար, 2780 եւրօ իւրաքանչիւր դիմումի համար, եւ այդ բոլորը պէտք է միասին վճարուին համապատասխան դիմողներուն, գումարած որեւէ հարկ, որ կրնայ գանձուիլ անոնցմէ` կապուած ծախսերու հետ:

Դիմորդները Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու զինուորներու հարազատներն են:

Գործը կը վերաբերի Ազրպէյճանի զինուոր Չինկիզ Կուրպանովի կողմէ հայ զինուորները սպաննելուն:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2023, 09:16