Որոնել

2023.12.26 Festa di Santo Stefano nella Chiesa Armena di Antelias

Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ նշուեցաւ Սուրբ Ստեփանոս նախասարկաւագին տօնը

Վեհափառ Հայրապետին պատգամին առանցքը հանդիսացաւ Ս. Ստեփանոսի անձն ու գործը բնորոշող յատկութիւններէն համեստութիւնը, որուն համար Հայրապետը ըսաւ, որ կրօններու, բնաբանակար նաեւ քրիստոնէութեան, բարոյական արժէքներու կարգին յատուկ տեղ ունենալով հանդերձ, դժբախտաբար այսօր սկսած է կամաց-կամաց նուաղիլ մարդկային կեանքէն։

Սուրբ Ստեփանոս նախասարկաւագին եւ առաջին մարտիրոսին յիշատակը նշուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, Կիրակի, 24 Դեկտեմբեր 2023-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին։ Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Յունաստանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, մինչ Ս. Սեղանի սպասարկութիւնը կատարեց Դպրեվանքի սարկաւագաց դասը։ Ս. Պատարագի աւարտին, հաւատացեալները, Դպրեվանքի սարկաւագաց դասուն թափօրին առաջնորդութեամբ, ուղղուեցան Վեհարան, ուր տեղի ունեցաւ սարկաւագաց տօնը նշող կոկիկ յայտագիր մը։

Հայրապետական Պատգամ

Վեհափառ Հայրապետին պատգամին առանցքը հանդիսացաւ Ս. Ստեփանոսի անձն ու գործը բնորոշող յատկութիւններէն համեստութիւնը, որուն համար Հայրապետը ըսաւ, որ կրօններու, բնաբանակար նաեւ քրիստոնէութեան, բարոյական արժէքներու կարգին յատուկ տեղ ունենալով հանդերձ, դժբախտաբար այսօր սկսած է կամաց-կամաց նուաղիլ մարդկային կեանքէն։ Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ Ս. Ստեփանոսի տօնը կու գայ մեզի յիշեցնելու, թէ որքա՜ն հրամայական է համեստութիւնը մարդկային կեանքին մէջ։ «Համեստութեան աղբիւրը եղաւ ու կը մնայ Աստուած ինք», որ երկինքէն երկիր իջաւ, Իր Միածին Որդւոյն ճամբով եւ ապրեցաւ ամէնէն համեստ պայմաններուն մէջ։ Ինչպէս որ Քրիստոսի երկրաւոր առաքելութեան մէջ կը տեսնենք, նոյնպէս ալ եկեղեցւոյ սուրբերու ու հայրապետներու կեանքին մէջ յստակօրէն կ՚արտացոլան համեստութեան տիրական ներկայութիւնը։

Հայրապետը աւելի մանրամասնելով միտք բանին՝ յայտնեց, որ համեստութիւնը մեծութեան եւ հեղինակութեան նշան է, որ դժբախտաբար յաճախ մարդիկ կը շփոթեն տկարութեան ու խեղճութեան հետ, մինչ, խորքին մէջ, իսկական մեծութիւնը ինքզինք համեստութեամբ կ՚արտայայտէ։ Այս երեւոյթին պատճառներէն են համաշխարհայնացած աշխարհին մշակոյթը, որուն պարտադրած արժէքները «մեծութիւնը» տգիտութեամբ եւ ամբարտաւանութեամբ կ՚արտայայտէ։ Առ այդ, Հայրապետը յորդորեց միշտ հետեւելու Ս. Ստեփանոսի օրինակին. «այսօրուան պատգամը մեզի կու գայ Ս. Ստեփանոսէն եւ Ս. Ստեփանոսը իր կեանքի օրինակով մեզի կը յուշէ, թէ մենք պէտք է մեր կեանքը ապրինք համեստութեամբ։ Մեր արժէքները, արժանիքները, առաւելութիւնները համեստութեան ճամբով արտայայտենք։ Մեր մեծութիւնը, մեր իրագործումները համեստութեան ճամբով փոխանցենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն, մեր եկեղեցւոյ, մեր ազգին, մեր հայրենիքին» ընդգծեց Նորին Սրբութիւնը։

Վերջապէս, իր խօսքը ուղղելով սարկաւագներուն, Հայրապետը ըսաւ. «սիրելի՛ սարկաւագներ, Ս. Ստեփանոսը պէտք է դառնայ տիպար մեզի համար, տիպար՝ համեստութեան, եւ մենք այդ ոգիով Դպրեվանքին մէջ պիտի մեծնանք ու կազմաւորուինք, որպէսզի երբ երթանք մեր ժողովուրդին, տեսնէ մեր մեծութիւնը, մեր ծառայութիւնը, մեր փառքը, մեր պատիւը մեր համեստութեան մէջ։ Ս. Ստեփանոսի ճամբով մենք պիտի քալենք իբրեւ հարազատ ճշմարիտ սարկաւագութեան տիպար»։ Հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց բարձր գնահատելով Դպրեվանքի տեսչութեան կազմը, տեսուչ հայր սուրբն ու ուսուցչական կազմը եւ սպասում յայտեց, որ Ս. Ստեփանոսի ոգիով շարունակեն կազմաւորել Դպրեվանքի տղաքը։

Յաւուր Պատշաճի Քարոզ

Ս. Խորանին վրայ շարուած սարկաւագներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին տուած իր քարոզին մէջ, սրբազան հայրը կեդրոնացաւ Ս. Ստեփանոսի նուիրական կեանքին վրայ, որմէ ետք անդրադարձաւ Քրիստոսի աշխարհ գալով՝ ծառայութեան հասկացողութեան փոփոխութեան, ինչպէս նաեւ ներկայ դարուս քրիստոնէական ծառայութեան կիրարկման եւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին գլխաւորութեամբ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տածած ծառայութեան։

Գեղամ սրբազան դիտել տուաւ, թէ ծառայողները, որ սարկաւագ անունով պիտի ճանչցուէին, գործի լծուած են, երբ առաքեալները խնդրած են հաւատացեալներէն ուտելիքի մատակարարողներ ընտրեն իրենց մէջէն, նկատի ունենալով, որ այդ ժամանակ հաւատացեալները հաւաքական կեանք կ՚ապրէին։ Ժամանակի ընթացքին ֆիզիքական սնունդը փոխարինուած է հոգեւոր սնունդով, իսկ սեղանը՝ Ս. Խորանով։ «Ս. Ստեփանոսի օրը եղաւ ծառայութեան պատուի օր», ընդգծեց սրբազանը՝ աւելցնելով, որ Քրիստոս ինքն է ծառայութեան օրինակը, բան մը, որ այդ ժամանակ խորթ կը թուէր ժողովուրդին, որովհետեւ ծառան ստրուկ էր եւ ոչ մէկ բանի իրաւունք ունէր, բացի իր տիրոջ ծառայելէ։ Քրիստոս եկաւ ծառայութիւնը դարձնելու մարդասէր, օգտակար եւ սիրայօժար ծառայութեան, որ ամէնէն մեծ ղեկավարը կը դարձնէ ամէնէն մեծ ծառան։ Այս իմաստով, քարոզիչ սրբազանը իր խօսքը ուղղեց Դպրեվանքի սարկաւագներուն եւ յորդորեց անոնց սարկաւագաց աստիճանի փոքր ծառայութեան հաւատարիմ ըլլալով՝ կերտեն գալիք հոգեւորական աստիճաններու ծառայութեան պատրաստակամութիւնը, միշտ անկեղծ ու հաւատարիմ մնալով Դպրեվանքի եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան շունչին։ Վերջապէս, Գեղամ Արքեպիսկոպոս անդրադարձաւ ծառայական կեանքին Դպրեվանքի կեդրոնական դերին եւ յանուն միաբանութեան ու հաւատացեալներուն, վեր առաւ Նորին Սրբութեան ծառայական առաքելութիւնը՝ երախտագիտութիւն յայտնելով անոր նուիրումին եւ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որ քաջառողջութիւն եւ պայծառամտութիւն պարգեւէ Հայոց Հայրապետին։

Դպրեվանքի Սաներուն Կողմէ Պատրաստուած Յայտագիր

«Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ Վեհարանի դահլիճ բարձրացած թափօրը վայելեց գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որ ընթացք առաւ «Նարեկ»ի ընթերցումով՝ Բարեշնորհ Վահէ Սրկ. Ֆիլիկեանի կողմէ։ Դպրեվանքի սարկաւագները հրամցուցին «Ստեփանոս քաղցրիկ տատրակ» ու «Որ ընտրեցար» հայ եկեղեցւոյ գեղեցիկ շարականները, իսկ Բարշ. Սերժ Սրկ. Քիւշէրեան ասմունքեց «Ստեփանոս» կտորը։ Յանուն Դպրեվանքի սարկաւագաց դասուն ուղերձ ընթերցեց աւարտական դասարանի աշակերտներէն Սուրէն Սրկ. Եղիայեան, որ ընդգծեց Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցող Ս. Ստեփանոսի տօնի նշման գեղեցիկ աւանդութեան կարեւորութիւնը, որ առիթ է սարկաւագութեան կոչումին ու եկեղեցական աստիճանին վերարժեւորման։ Ան յայտնեց, որ սարկաւագ բառը իր մէջ կ՚ամփոփէ քրիստոնէութեան ամբողջ հասկացողութիւնը, իսկ Անթիլիասի առաքելութիւնը կ՚ամփոփուի մէկ բառով՝ ծառայութեամբ։ Ան ըսաւ, որ Դպրեվանքի սարկաւագներուն առջեւ կը բացուի Քրիստոսի ծառայութեան նոյն եւ միակ ուղին, որպէսզի անոնք շարունակեն ապրիլ Քրիստոսի պատկերին համաձայն։ Տիրացուն վստահեցուց, որ իրենց՝ եկեղեցւոյ խոնարհ կարգի սպասաւորներուն համար ծառայութիւնը դարձած է կեանքի նշանաբան, ուստի, յանուն իր սարակաւագ եղբայրներուն, ուխտեց հաւատքով ու գործով եւ գիտակցաբար ստանձնել իրենց վստահուած կոչումը եւ սրբազան պարտաւորութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/12/2023, 07:56