Որոնել

Երկրաշարժ Երկրաշարժ  (AFP or licensors)

Երրորդ ուժգին երկրաշարժ մը հարուածած է Ֆիլիփինը

Ստորգետնեայ ցնցումներուն կեդրոնը գտնուած է Թակօ քաղաքէն 44 քիլոմեթր դէպի արեւելք, իսկ օճախը եղած է 31 քիլոմեթր խորութեան վրայ:

Ֆիլիփինի ափերուն մօտ տեղի ունեցած է 6,9 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին հաղորդած է Եւրոպական-միջերկրածովեան երկրաբանական կեդրոնը:

Ստորգետնեայ ցնցումներուն կեդրոնը գտնուած է Թակօ քաղաքէն 44 քիլոմեթր դէպի արեւելք, իսկ օճախը եղած է 31 քիլոմեթր խորութեան վրայ:

Կիրակի օր Ֆիլիփինի մէջ տեղի ունեցած էր 6,6 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը, որուն օճախը 63 քիլոմեթր խորութեան վրայ էր եւ անոր ցնցումները զգացուած էին Պութան քաղաքէն 148 քիլոմեթր դէպի արեւելք եւ Պիսլիկ քաղաքէն 59 քիլոմեթր հիւսիս-արեւելք:

Այդ երկրաշարժէն քանի մը ժամ առաջ նոյն տարածքին մէջ արձանագրուած էր 4,6 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը:

Շաբաթ օր Ֆիլիփինի Մինտանաօ կղզիին վրայ տեղի ունեցած է 7,6 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2023, 10:22