Որոնել

2023.10.07 Alfabeto Armeno

Արեւմտեան Հայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջան - Հաղորդաշար (10)` պատրաստեց Սագօ Արեանը

Մինչեւ 1830 թուականը լոյս տեսած աշխարհաբար գիրքերու ընդհանուր թիւը կը հասնէր 40ի։ Շնորհիւ այս հրատարակութիւններուն եւ լրագիրներուն՝ գրողներուն մէջ հետզհետէ կր հաստատուին հետեւեալ երեք սկզբունքները.- 1) Հրաժարիլ այլեւս գրաբարէն եւ գրաբար քերականութենէն։ 2) Խուսափիլ տեղական բարբառային ձեւերէն եւ ընտրել Պոլսոյ բարբառը։ 3) Օտար բառերու տեղ (մանաւանդ թրքերէն), գործածել անոնց համապատասխան հայերէն բառերը՝ գրաբար բառամթերքէն օգտուելով։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Սիրելի ունկնդիրներ մեր անցեալ հաղորդումով խօսած էինք արեւմտահայերէն լեզուի ՝ աշխարհաբար տարբերակի զարգացման հոլովոյթին մասին, եւ այսօր այս երկրորդ մասով կը շարունակենք ու աւարտին կը հասցնենք այս կարեւոր փուլին մասին մեր դիտարկումները։

Երկրորդ մեծ ազդակը՝ որ լեզուի մաքրութեան ծառայեց, հայ լրագրութիւնն էր։ Որքան շատ է դպրոցներու թիւը, այնքան շատ կ'ըլլան լրագիր կարդացողները. դպրոց ու լրագրութիւն զոյգ կ'ընթանան։ Իրականութեան մէջ մամուլն ալ տեսակ մը դպրոց ըսել է, որովհետեւ անոր սիւնակներուն մէջ լոյս տեսնող թարգմանութիւնները, լուրերու հաղորդումը եւ յօդուածները մաքուր ու կոկիկ լեզու կը պարտադրեն։ Մենք տեսանք թէ 1840ական թուականներէն սկսեալ Պոլսոյ եւ Իզմիրի մէջ լոյս տեսան խնամուած ու կանոնաւոր թերթեր։ Բնականաբար այս թերթերու լեզուն երթալով աւելի մաքուր կը դառնայ։

Միւս կողմէն մեր նոր լեզուի զարգացման նպաստեցին թարգմանութիւնները։

1820ին արդէն Մխիթարեանները աշխարհիկ լեզուով թարգմանած էին «Ռոպէնսոն» եւ «Եզովբոսի առակները»։

Այստեղ յատուկ յիշատակութեան արժանի է մեր նոր լեզուի մշակումը նախապատրաստող կարեւոր գործը՝ «Աստուածաշունչ»ի աշխարհաբար թարգմանութիւնը բողոքականներու ձեռքով։ Բողոքականները Ս. Գիրքը թարգմանեցին Պոլսոյ բարբառով, բաւական մաքուր, եւ ասիկա մեծ նպաստ մը բերաւ մեր նոր լեզուին: Պոլսեցի Անդրէաս Փափազեան պատուելին է, որ գլխաւոր թարգմանիչը հանդիսացաւ աշխարհաբար «Աստուածաշունչ»ին։ Ան Իզմիր հաստատուած էր իբրեւ ուսուցիչ։ Բողոքականները Ս. Գիրքը հրատարակեցին 1845-1848 թուականներուն, Իզմիրի մէջ: Ամբողջականը լոյս տեսաւ 1853ին։

Հետզհետէ նորանոր գիրքեր լոյս տեսան Պոլսոյ բարբառով, ինչպէս՝ «Մետաքսաբանութիւն», «Մանկատածութիւն», «Նափոլէոնի կենսագրութիւնը», «Քաղաքավարութիւն»:

Այս գիրքերը բոլորն ալ նոր էին թէ՛ իրենց լեզուով եւ թէ նիւթով։ Ինչպէս կը տեսնենք՝ նիւթը այլեւս կրօնական չէ այլ աշխարհիկ ու գործնական։

19րդ դարու կէսին ուրեմն՝ դպրոցներու, լրագրութեան եւ թարգմանութիւններու միջոցով Պոլսոյ բարբառը հասաւ որոշ զարգացման։

Մինչեւ 1830 թուականը լոյս տեսած աշխարհաբար գիրքերու ընդհանուր թիւը կը հասնէր 40ի։ Շնորհիւ այս հրատարակութիւններուն եւ լրագիրներուն՝ գրողներուն մէջ հետզհետէ կր հաստատուին հետեւեալ երեք սկզբունքները.-

1) Հրաժարիլ այլեւս գրաբարէն եւ գրաբար քերականութենէն։

2) Խուսափիլ տեղական բարբառային ձեւերէն եւ ընտրել Պոլսոյ բարբառը։

3) Օտար բառերու տեղ (մանաւանդ թրքերէն), գործածել անոնց համապատասխան հայերէն բառերը՝ գրաբար բառամթերքէն օգտուելով։ Պոլսոյ բարբառին մէջ օրինակ 4000ի չափ թրքերէն բառեր մտած էին։ Կամաց-կամաց ջնջուեցան թրքերէնէ եկած ձեւերը։ (Օրինակ՝ կերա՞ր մի, էն աղուոր, ընես նէ) : Պոլսոյ բարբառը թրքերէնի ազդեցութենէն մաքրելու ճիգերը յաջողութեամբ պսակուեցան, թէեւ մինչեւ այսօր թրքերէնէ հայացուած ըսելու որոշ ձեւեր կը մնան մեր լեզուին մէջ. ինչպէս՝ հաշիւ տեսնել, պատկեր քաշել, մէկուն երես տալ, առաջքը առնել, մէկուն երեսէն վնասել, եւայլն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2023, 08:55