Որոնել

2023.10.07 Alfabeto Armeno

Արեւմտեան Հայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջան - Հաղորդաշար (12)`պատրաստեց Սագօ Արեանը

Թարգմանութիւնը նոր շունչ եւ նոր ոգի հաղորդելու կողքին նոյնպէս գործի կը մղէ հարիւրաւոր մարդիկ, որոնք կարող են միասին գրականութեան կրակին նոր յոյս ու եռանդ պարգեւել։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Ինչպէս անցեալ հաղորդումին սկիզբը նշած էինք, այսօր եւս կը շարունակենք մեր հաղորդումը խօսելով ու կարեւորելով հայ թարգմանական ոլորտի կարեւորութիւնն ու այդ աշխատանքներուն կեանք եւ ոգի տուած նուիրական անուններու մասին մեր տեղեկութիւնները։

 Ու այստեղ անշուշտ հարկ է նշել, որ ինչպէս անցեալին այսօր եւս մեզի բոլորիս համար այնքան կարեւոր է թարգմանական ոլորտը, որուն շնորհիւ ալ թարմութեան շունչ պէտք է հասնի մեր գրողական միջավայրերուն։ Ըլլայ այն Հայաստանի ու նաեւ սփիւռքի տարբեր օճախներու մէջ։

 Թարգմանութիւնը նոր շունչ եւ նոր ոգի հաղորդելու կողքին նոյնպէս գործի կը մղէ հարիւրաւոր մարդիկ, որոնք կարող են միասին գրականութեան կրակին նոր յոյս ու եռանդ պարգեւել։

 Եւ այսպէս վերադառնալով մեր գրականութեան զարթօնքի շրջանի գործիչներուն, այսօր վեր կը հանենք անունները Մեսրոպ Նուպարեանի եւ Կարապետ Իւթիւճեանի։

 Բարի ունկնդրութիւն

Մեսրոպ Նուպարեան

Ծնած 1842ին: Իզմիրի մէջ եղած է խմբագիր «Երկասէր» հանդէսին եւ թերթօններ թարգմանած «Արշալոյս Արարատեան» թերթին համար։ Իր մօրեղբայրը՝ Յարութիւն Տէտէեան Իզմիրի մէջ հիմնած է տպարան եւ հրատարակած է բազմաթիւ կարեւոր գործեր ։

Մ. Նուպարեան թարգմանած է Վիքթոր Հիւկոյի «Փարիզի Նոթըր Տամը», Ռասինի «Եսթերը», Պուալոյի «Գրակալը» (աշխարհաբար ոտանաւորով), Կէօթէի «Ֆաուստ»ը եւ Լաֆոնթէնի առակները։ Ունի այլ թարգմանութիւններ ալ, որոնք անտիպ մնացած են։

Նուպարեան հրատարակած է ինքնագիր երկասիրութիւններ ալ, որոնց մէջ ուշագրաւ է իր «Մանկութեան յիշատակները» :

Նուպարեան վերջին ներկայացուցիչն է Իզմիրի հայ գրագէտներու եւ թարգմանիչներու հին խմբակին ։

Մ. Նուպարեան հեղինակն է նաեւ «Ֆրանսերէնէ հայ աշխարհիկ բառարան»ին, որ հրատարակած է 1892ին։ Հետեւելով ֆրանսերէն բառերու ստուգաբանութեան, հեղինակը կերտած է բազմաթիւ նոր բառեր եւ օգտուած է գաւառական կամ ռամկական բառապաշարէն: Բառարանի պատրաստութիւնը տեւած է տասներկու տարի ։

Կարապետ Իւթիւճեան

Ուսումը ստացած է Սկիւտարի Ճեմարանին մէջ, ապա մեկնած Փարիզ եւ հետեւած Սորպոնի դասընթացքներուն :

1852ին Պոլսոյ մէջ եղած է խմբագիրը «Մասիս» թերթին եւ զայն հրատարակած մինչեւ 1884, ամբողջ երեսուներկու տարի։

Իւթիւճեանի թարգմանական գործերը կը հասնին մօտ յիսուն հատորի։ Գլխաւորներն են՝ Սիլվիօ Փելլիքոյի «Բանտք Իմ»ը, Էօժէն Սիւի «Թափառական Հրեան», Տիւ Փեթէալի «Գաղտնիք Հաւատաքննութեանը», Մարիիւս Թոփէնի «Երկաթէ Դիմակով Մարդը» եւ այլ գործեր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/12/2023, 08:43