Որոնել

2023.10.07 Alfabeto Armeno

Արեւմտեան Հայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջան - Հաղորդաշար (9)` պատրաստեց Սագօ Արեանը

19րդ դարու կէսին Պոլսոյ թաղերու մէջ բացուած դպրոցներու թիւը 50ի կը հասնի, աւելի քան 4000 աշակերտներով։ Արդ, այս բոլոր դպրոցներուն մէջ կը խօսէին Պոլսոյ բարբառով. դասարանին մէջ ուսուցիչը բացատրութիւններ կու տար Պոլսոյ բարբառով։ Բայց աւանդուած պաշտօնական լեզուն գրաբարն էր եւ գրաբարի քերականութիւնը։
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Սիրելի ունկնդիրներ այսօրուայ մեր հաղորդումը նուիրած ենք Արեւմտահայ գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջանի հայոց լեզուի զարգացման հոլովոյթին, որ բաւականին հետաքրքրական տուեալներով հարուստ նիւթ է։Ի հարկէ երբեք մոռնալու չտանք, որ մեր ժողովուրդի իմացական զարգացման առաջին գրաւականը ինքը՝ լեզուն է, հայոց աներեր լեզուն, իսկ մենք սոսկ աշխատաւորներն ենք այդ վեհապանծ լեզուին։

Բարի լսում։

Որքան ալ ժողովուրդը չհասկնար, այսուհանդերձ մինչեւ 19րդ դարու առաջին կէսը տիրող գրական լեզուն գրաբարն էր: Որքան ատեն կարդալ գրել գիտցողներու թիւը քիչ էր, ընդհանրապէս եկեղեցական պաշտօնեաներ եւ վարդապետներ, բնականաբար տիրողը գրաբարը կը մնար, իբրեւ Ս. Գիրքի եւ կրօնական գիրքերու լեզու։

Նոյնիսկ կարդալ գրել գիտցողներու այս փոքրամասնութիւնը տան մէջ եւ դուրսը ժողովուրդի բարբառով կը խօսէր, իսկ գրաբարը ձեռք կը բերէր վանքերու կամ անոնց կից վարժարաններու մէջ, երկար չարչարանքով, եւ ան ալ ոչ կատարեալ։ Եկեղեցական աղօթքներուն, շարականներուն նիւթերը սերտօրէն կապուած էին գրաբար լեզուին հետ. եւ իրարմէ անբաժան սրբութիւն մը կը ներկայացնէին։

Այն նիւթերը միայն որոնք կրօնքի հետ կապ չունէին եւ գրաբար չգիտցողներու սահմանուած էին կամ կեանքի գործնական պէտքերուն կը ծառայէին, սկիզբները գրուեցան բարբառով, մինչեւ իսկ այն շրջանին, երբ դեռ գրաբարը կը գործածուէր։

Յիշեալ գրուածքները խրատական կամ բացատրական գրութիւններ էին, երբեմն ալ աշխարհիկ ոգիով գրուած տաղեր։

18րդ դարուն արդէն այս տեսակ բարբառային գրուածքներ կային հասարակ ժողովուրդին համար։ Բայց ո՞ր բարբառով, քանի որ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կը խօսուէին աւելի քան տասնեակ մը բարբառներ. բնականաբար Պոլսոյ բարբառով, քանի որ այս բոլորը Պոլսոյ մթնոլորտին մէջ գրուած էին։ Պոլսոյ բարբառը թէեւ թրքերէն բառերով խառնուած, բայց իր քերականութիւնը պահած էր բաւական հարազատ վիճակի մէջ։ Ան միջնադարու կիլիկեան հայերէնի ճիւղերէն մէկն էր։

Եւ այսպէս յիշենք բարբառով գրուած քանի մը գործեր.-

1.- Սիրոյ եւ կարօտանաց տաղարանիկ, որ տեսակ մը երգարան է գրուած Պաղտասար Դպիրի կողմէ (1723) ։

2.- Զէն հոգեւոր, որուն մէջ Յակոր Նալեան պատրիարք ուսումնասիրած է ժամանակի բարքերը, բողոքելով նախապաշարումներու դէմ (1757)։

3.- Գրքոյկ. կոչեցեալ երգարան, կազմուած Պետրոս եպիսկոպոս Ղաբանցիի կողմէ (1771) ։

Ինչպէս տեսանք, հետզհետէ շատցաւ ընթերցող հասարակութեան թիւը։ Գրքերու պահանջքն ալ աւելցաւ։ Դպրոցն լրագրութիւնը եղան այն երկու մեծ հիմնարկութիւնները, որոնք պատճառ դարձան որ Պոլսոյ մէջ առօրեայ խօսակցական բարբառը հետզհետէ գրական եւ մշակուած լեզու մը դառնայ։

19րդ դարու կէսին Պոլսոյ թաղերու մէջ բացուած դպրոցներու թիւը 50ի կը հասնի, աւելի քան 4000 աշակերտներով։ Արդ, այս բոլոր դպրոցներուն մէջ կը խօսէին Պոլսոյ բարբառով. դասարանին մէջ ուսուցիչը բացատրութիւններ կու տար Պոլսոյ բարբառով։ Բայց աւանդուած պաշտօնական լեզուն գրաբարն էր եւ գրաբարի քերականութիւնը։

Ուսուցիչ եւ աշակերտ առանց մտածելու, դպրոցական աշխատանքներու ատեն կը մաքրէին արդէն այդ բարբառը օտար տարրերէ եւ հնչական աղաւաղումներէ։ Այս ձեւով Պոլսոյ բարբառը կը կոկուէր՝ գրաբարէն փոխ առնուած տարրերով եւ նաեւ յարմարելով գիտական ու գրական եւրոպական արտայայտութեանց ։

Դպրոցի ուրիշ մէկ անհրաժեշտ գործիքն է դասագիրքը։ Արդ, Վենետիկի Մխիթարեանները 18րդ դարու վերջերուն, արդէն իսկ դասագրքեր սկսած էին հրատարակել բարբառով, իսկ 19րդ դարուն բաւական կը շատնան բարբառով դասագրքեր։ Նոյնիսկ գրաբար սորվեցնելու ծառայող քերականութիւններ կը հրատարակուին, որոնց մէջի բացատրութիւնները բարբառով են։

Դասագրքերու եւ դասարաններու մէջ սակայն գործածուած բարբառը այլեւս դուրսը խօսուածը չէ, հապա մաքրուած է որոշ չափով եւ սկսած է գրականանալ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/12/2023, 08:25