ՄԱԿ-ի զեկուցողը Պաքուին յայտնած է Արցախի մէջ Հայկական ժառանգութեան ոչնչացման առնչութեամբ իր մտահոգութիւնը
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաստատէ, որ Մշակութային իրաւունքներու ոլորտին մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցողը հաղորդագրութիւն-հարցում ուղարկած է Ազրպէյճանին` մտահոգութիւն յայտնելով Արցախի մէջ հայկական պատմական, մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման եւ իւրացման առնչութեամբ:
«Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ ժողովուրդի, յուշարձաններու եւ խորհրդանիշերու թիրախաւորման, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտումներու մասին: Հաղորդագրութիւնը կ՛անդրադառնայ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 7 դեկտեմբեր 2021-ի վճիռին, կը ներկայացուի սրբավայրերու, գերեզմանատուներու ոչնչացման, «աղուանացման» զեղծարարութեան, հակագիտական մօտեցումներու, այսպէս կոչուած «Արեւմտեան Ազրպէյճանի» եզրով տարածուող կեղծ օրակարգի, հայերու նկատմամբ ատելութեան խօսքի, 19 սեպտեմբերի յարձակումին եւ ցեղային զտման, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ խնդիրներու մասին տեղեկատուութիւն», կը յայտնէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան «Այսօր»-ի հարցումին ի պատասխան իր մեկնաբանութեան մէջ, որ հրապարակուած է նախարարութեան կայքին վրայ:
«Յատկանշական է, որ ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցողները բազմիցս անդրադարձած են Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու, ներառեալ մշակութային իրաւունքներու խախտումներու, հայկական ժառանգութեան ոչնչացման ու խեղման դէպքերուն:
«Ցաւօք, նոյնիսկ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի վերոնշեալ` իրաւական պարտադիր ուժ ունեցող որոշումը չէ կանգնեցուցած հայկական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ իրականացուող քաղաքականութիւնը: Այո՛, անիկա կը զուգորդուի նաեւ ատելութեան խօսքի դրսեւորումներով, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի եւ Լեռնային Ղարաբաղի պատմութեան վերաբերեալ հակագիտական զեղծարարութեամբ», կ՛ընդգծէ Բադալեան:
Միեւնոյն ժամանակ, Երեւան կարեւոր կը նկատէ միջազգային ընտանիքին կողմէ այս իրողութիւններու փաստագրումը, «ինչ որ առաջնային նշանակութիւն ունի նմանօրինակ ոճրագործութիւններու կանխարգիլման եւ շրջանին մէջ երկխօսութեան ու կայուն խաղաղութեան մթնոլորտի հաստատման համար»:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ