Փարիզի մէջ անյայտ անձ մը Էյֆելեան աշտարակին մօտ սպաննած է զբօսաշրջիկ մը
Շաբաթ երեկոյեան, տղամարդ մը Փարիզի կեդրոնին մէջ` Էյֆելեան աշտարակէն ոչ հեռու, դանակով յարձակած է զբօսաշրջիկներու վրայ: Զբօսաշրջիկ մը մահացած է, եւ երկու ուրիշներ վիրաւորուելով տեղափոխուած են հիւանդանոց: Ոստիկանութեան տուեալներով` մահացածը Գերմանիոյ քաղաքացի էր:
«Ռոյթըրզ», վկայակոչելով Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարութիւնը, կը հաղորդէ, որ յարձակողը Ֆրանսայի քաղաքացի 26 տարեկան երիտասարդ մըն է: Անոր անունը չի նշուիր: Ան նախապէս յայտնուած է ոստիկանութեան ուշադրութեան կեդրոնը, իսկ 2016 թուականին դատապարտուած է չորս տարուան բանտարկութեան` իսլամականներու դաւադրութեան մասնակցելու մեղադրանքով:
Լրատուամիջոցները կը նշեն, որ յարձակումի ժամանակ ան «Ալլահ աքպար» բացագանչած է, իսկ ձերբակալուելէ ետք ան յայտնած է, որ իր արարքով կ՛ուզէր վրէժ լուծել Կազայի եւ Աֆղանիստանի մէջ իսլամներու տառապանքներուն համար:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը բացատրէ, որ գործի հետաքննութեան մէջ ներգրաւուած է դատախազութեան հակաահաբեկչական վարչութիւնը:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ