«Լիբանանը փրկելու համար պէտք է ըլլանք միասնական եւ զօրակցինք իրարու» շեշտեց Ռայի Պատրիարքը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ ուղղուեցաւ Սուր` զօրակցութիւն յայտնելու հարաւային Լիբանանի բնակչութեան, յատկապէս անոնց, որոնք սահմանամերձ շրջաններէն տեղահանուած եւ ուղղուած են Սուր` իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառով:
Ռայի պատրիարքը այցելեց մարոնի համայնքի Սուրի առաջնորդարանը, ուր շեշտեց, որ ինք հարաւային Լիբանան կ՛այցելէ` հաստատելու համար իր զօրակցութիւնը տեղի բնակչութեան եւ շրջանին, որոնք աղէտալի պատերազմի մը սակն է, որ կը վճարեն:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ Պաղեստինեան դատին լուծումը կարելի է ապահովել միայն երկու պետութիւններ հիմնելու լուծման տարբերակով, այլապէս` կարելի չէ շրջանին խաղաղութիւն բերել:
Ռայի պատրիարքը մտավախութիւն յայտնեց, որ պատերազմը կրնայ ընդարձակուիլ եւ ներքաշել նաեւ Լիբանանը` աւելցնելով, որ քանդիչ այս պատերազմին ընթացքին իրենց վկայածը միջազգային կամ մարդկային ոչ մէկ ուխտի հետ կապ ունի: «Իսկ մենք խաղաղութիւն կը պահանջենք», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ Սուրի յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարանը, ուր շեշտեց, թէ իրենք կը զօրակցին պաղեստինցիներուն եւ Պաղեստինեան դատին` աւելցնելով, որ Կազայի մէջ պատահածը ցեղասպանութիւն է եւ կանխամտածուած ոճիր, որուն դիմաց կարելի չէ դիտորդի դերին մէջ մնալ:
Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ Սուրի միւֆթի շէյխ Մըտրար Հպալի:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ