Որոնել

Palestinians wounded in Israeli strikes at Nasser hospital in Khan Younis

Սպիտակ Տունը Իսրայէլին Կազայի մէջ քաղաքային զոհերու արձանագրման նկատմամբ «մտավախութիւններ» յայտնած է

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի, պատասխանելով Պայտընի այդ յայտարարութեան մասին հարցումի մը, ըսաւ. «Մտավախութիւններ ունեցանք: Զինուորական այս արշաւի շարունակման վերաբերեալ այդ մտավախութիւնները արտայայտեցինք, միեւնոյն ժամանակ ընդունելով, որ սկսողը Համասն էր»:

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլին յայտնած են Կազայի մէջ քաղաքային զոհերու արձանագրման նկատմամբ իրենց մտավախութիւնները: Նախքան այդ, Սպիտան տան ղեկավար Ճօ Պայտըն Իսրայէլը զգուշացուցած էր, որ Կազայի մէջ «անկանոն ռմբակոծում կատարելու պատճառով» միջազգային զօրակցութիւնը կը կորսնցնէ:

Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի, պատասխանելով Պայտընի այդ յայտարարութեան մասին հարցումի մը, ըսաւ. «Մտավախութիւններ ունեցանք: Զինուորական այս արշաւի շարունակման վերաբերեալ այդ մտավախութիւնները արտայայտեցինք, միեւնոյն ժամանակ ընդունելով, որ սկսողը Համասն էր»:

Քըրպի անդրադառնալով Պայտընի այն յայտարարութեան, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն պէտք է փոխէ երկու պետութիւններու ստեղծման հիմամբ լուծումին իր ընդդիմութիւնը եւ անոր ծայրայեղ աջակողմեան կառավարութիւնը հարցերը կը դժուարացնէ, յայտնեց. «Պայմաններ չենք թելադրեր… գերիշխանութիւն ունեցող օտար կառավարութեան մը թելադրանքներ չենք կրնար ընել»:

Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ յայտարարեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն 7 հոկտեմբերէն ի վեր ոչինչ սորվեցաւ, եւ չի կրնար շարունակել ղեկավարել: Մինչ մեր զինուորները դառն պատերազմի մէջ ամէն օր կը սպաննուին, ան սուտի, սադրանքի եւ ատելութեան ստեղծման վրայ կ՛աշխատի»:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատար զօր. Հուսէյն Սալամի յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ Իսրայէլին աջակցելով բարոյականութեան ճակատամարտին մէջ պարտուեցան եւ քաղաքական ճակատամարտին մէջ ալ պիտի պարտուին»:

«Սիոնական գոյացութեան քայքայման շատ բան չմնաց, եւ անոր վրայ յաղթանակը մօտալուտ է», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը բացայայտեց, որ 7 հոկտեմբերին Կազայի մերձակայ շրջանի գիւղերուն մէջ իսրայէլացիներ «սխալմամբ» սպաննուած են իսրայէլեան բանակի կրակոցներէն: «Սահմանափակ թիւով պարագաներ կային, երբ քաղաքայիններ եւ իսրայէլեան ուժեր սխալմամբ իբրեւ հակառակորդ կողմ նկատուած են», նշեց օրաթերթը:

Իսլամական ժիհատ շարժումը յայտարարեց. «Կազայի մէջ Համասն ու դիմադրութեան ուժերը շրջանցելու մասին խօսակցութիւնը ցնորք է, որ իրողական գետնի վրայ պիտի ոչնչանայ»:

Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր յայտնեց. «Հարաւի մէջ մեր առաքելութիւնը աւարտելէ ետք, պէտք է հիւսիսի մէջ մեր առաքելութիւնը շարունակենք»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/12/2023, 09:30