«Զարմանազան 2024» Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքին ծրագիրը
Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ 2024-ին արեւմտահայերէնով ամառնային «Զարմանազան» ճամբարը տեղի պիտի ունենայ թէ՛ Ֆրանսայի, թէ՛ Միացեալ Նահանգներու մէջ: «Զարմանազան»-ը այն վայրն է, ուր սփիւռքի երեխաները, պատանիները, երիտասարդները, ուսուցիչները եւ ուղեկիցները կը միանան եւ լեզուն հաճոյքով կ՛ապրին:
Ծրագիրը ունի երեք բաղադրիչներ, որոնք սերտօրէն առնչուած են իրարու.
– 10-17 տարեկան երեխաներու եւ պատանիներու համար նախատեսուած ծրագիր մը (Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ),
– 18-24 տարեկան երիտասարդներու համար նախատեսուած ծրագիր մը (Ֆրանսա),
– Սփիւռքի արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղուած համալսարանական ծրագիր մը (Ֆրանսա):
Պատանիները եւ երիտասարդները պիտի մասնակցին համատարիքային ու բազմատարիքային զանազան աշխատանոցներու, որոնք կ՛ընդգրկեն` տեսողական եւ լսատեսողական արուեստներ, արհեստներ, երաժշտութիւն, մարմնային եւ թատերական արտայայտութեան զարգացում, ազատ գրութեան եւ գրական ընթերցումներու նուիրուած նիստեր, խմբային խաղեր, բնութեան մէջ պտոյտներ եւ ճամբորդութիւններ:
Բոլոր նիստերուն ու աշխատանոցներուն ընթացքին յարաբերութեան եւ հաղորդակցութեան լեզուն պիտի ըլլայ հայերէնը` մասնագէտ ու տաղանդաւոր ուղեկիցներու ներկայութեամբ: Առօրեայ կեանքին բոլոր պահերը միասնաբար կը կատարուին ու կ՛ապրուին:
Միացեալ Նահանգներու առաջին ճամբարը տեղի պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ մէջ, 2024-ի յունիս 7-էն յունիս 27: Դիմումները բաց են մինչեւ 2024-ի յունուար 31, տեղական ժամով իրիկուան 11:00-ին:
Ֆրանսայի 8-րդ ճամբարը տեղի պիտի ունենայ Ալպեան լեռներուն մէջ, 2024-ի յուլիս 11-էն օգոստոս 6: Դիմումները պիտի բացուին 2023-ի դեկտեմբեր 10-ին եւ պիտի փակուին 2024-ի փետրուար 15-ին, Կրինիչի ժամով 23:00-ին:
Անհրաժեշտ է յարգել ժամկէտները: Երկու ճամբարներու մասնակիցներուն թիւը սահմանափակ է:
«Զարմանազան»-ին դիմելու եւ այլ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք zarmanazan.com կայքէջը:
Ինչ կը վերաբերի սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն ուղղուած խտացեալ ծրագիրին` մասամբ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանսայի «Զարմանազան»-ին ընթացքին: Դասընթացքը պիտի շարունակուի առցանց` 2024-2025 ուսումնական տարուան ընթացքին, Ինալքոյի (INALCO-Institut National des Langues et Civilisations Orientales) կողմէ եւ պիտի աւարտի վկայագիրով մը: Ծրագիրը կը վարեն մասնագէտներ, որոնք կ՛առաջարկեն թէ՛ տեսական դասաւանդութիւն մը թէ՛ ալ վերապատրաստութեան խմբային աշխատանքներ: Այս ծրագիրին միայն 15 ուսուցիչ կարելի է ընդունիլ: «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը 2017-ին ձեռնարկեց «Զարմանազան» մանկավարժական յայտագիրին` որպէս արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման ծրագրին` մէկ բաժինը: Կազմակերպուած է Ֆրանսայի Mille et un mondes ընկերակցութեան եւ Փարիզի INALCO (Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու Ազգային հիմնարկ)-ին համագործակցութեամբ: 2024-ին «Զարմանազան»-ը տեղի պիտի ունենայ նաեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ` Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինի համագործակցութեամբ եւ աջակցութեամբ:
Ֆրանսայի «Զարմանազան»-ը վաւերացուած է կրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարարութեան կողմէ: Միացեալ Նահանգներու «Զարմանազան»-ը վաւերացուած է Քալիֆորնիոյ Քըրն Գաւառի բնութեան առողջապահութեան բաժանմունքին կողմէ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ