Project Revive.- Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը Կը Մեկնարկէ Վերականգնողական Նախագիծ Արցախահայերու Համար
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը, յատուկ հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, թէ կը շարունակէ յառաջ մղել իր առաքելութիւնը՝ ձեռնարկելով երկու նոր ծրագիրներ Հայաստանի մէջ (շտապ կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ) աջակցութիւն Սեպտեմբերի 19-ի գրոհի հետեւանքով Արցախէն բռնի տեղահանուած ընտանիքներուն:
Project Revive կեցութեան եւ կենսապահովումի իր ծրագիրով Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը նպատակ ունի աջակցիլ տեղահանուած ընտանիքներուն՝ վերականգնելու իրենց բնականոն կեանքը եւ հոգալու երկարաժամկէտ կարիքները։
Այդ նպատակով Լոռիի, Շիրակի, Տաւուշի, Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերուն մէջ ապաստանած արցախցի ընտանիքներուն ծրագիրը կը նախատեսէ աջակցիլ.
- տուներու վարձավճարներու փոխհատուցումով,
- վերանորոգումով,
- կեդրոնացուած համայնք ձեւաւորելու նպատակով, առաւել կարիքաւոր ընտանիքներուն բնակելի տուն ապահովելով,
- կենսապայմաններու բարելաւում կատարելով,
- գոյքի կամ սարքերու տրամադրութիւնով,
- փոքր աշխատանքներ հիմնելով,
- աշխատանքի տեղաւորման հարցերու աջակցութեամբ,
- գիւղատնտեսական զարգացման օժանդակութեամբ,,
- հոգեբանական ծառայութիւններու մատուցմամբ
- եւ, ըստ կարիքի, այլ կառոյցնեու ուղղորդութեամբ։
Աջակցութեան ծրագրի շրջանակին մէջ, Արարատի, Կոտայքի, Արագածոտնի, Արմաւիրի, Վայոց Ձորի մարզերուն եւ Երեւանի մէջ ապաստանած ընտանիքները կը ստանան նիւթական օգնութիւն՝ հոգալու իրենց կարիքները։
Կոչ կ’ընենք ձեզի ձեր շարունակական աջակցութեան եւ աղօթքներուն համար։ Ձեռք ձեռքի տուած մենք պիտի օգնենք մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն յաղթահարել այս դժուարին ժամանակը։
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան կողմէ Արցախի ժողովուրդին ցուցաբերուող շարունակական աջակցութեան մասին աւելին իմանալու եւ նուիրատուութիւններու համար կրնաք այցելէք մեր կայքը www.amaa.org: Դուք կրնաք նաեւ ուղարկել ձեր PROJECT REVIVE-ի նուիրատուութիւնները ԱՀԱԸ-ին՝ հասցէագրուած Armenian Missionary Association of America, 31 West Century Road, Paramus, NJ 07652:
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութիւնը հիմնադուած է 1918-ին Մասաչուսէց նահանգի Ուստըր քաղաքին մէջ։ 1988-ին՝ Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժէն անմիջապէս ետք ընկերակցութիւնը հսկայ աշխատանք տարած է՝ երկրաշարժէն տուժածներուն տրամադրելով անմիջական օգնութիւն։ 1991-ին, ՀՀ անկախացումէն եւ Հայաստանի մէջ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան գրանցումէն ետք, Երեւանի մէջ բացուած է Հայաստանի մասնաճիւղի կեդրոնական գրասենեակը։
Այժմ Հ.Հ. տարբեր մարզերուն մէջ կը գործենշ տասնեակ մը կեդրոններ։ Շուրջ 500 աշխատակիցներու միջոցով ընկերակցութիւնը կ’իրականացնէ կրթական, սոցիալական, առողջապահական, տնտեսական եւ հոգեւոր-մշակութային ծրագիրներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ