Սուրբ Ծնունդը. Վեր. Դիկտ. Վահան Յ. . Թութիկեան
«Այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր Փրկիչը ծնաւ, որ օծեալ Տէրն է» (Ղուկ. 2.11)5
Մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ ծնունդը «մեծ եւ սքանչելի խորհուրդ» մըն է: Մեծ եւ սքանչելի խորհուրդ … որովհետեւ ան աննման յայտնութիւնն է Աստուծոյ մարդեղութեան: Այլ խօսքով, Քրիստոսի մէջ Աստուած կը մարմնանար եւ կը մարդանար փրկելու համար մեղաւոր մարդկութիւնը: Բեթղեհէմի մէջ ծնող Յիսուս մանկիկին մէջ տիեզերքի յաւիտենական Աստուածը կը խանձարուրուէր անհիւրընկալ քարայրի մը անշուք մսուրի մը մէջ, որպէսզի ձերբազատէր մարդ արարածը մեղքի վաղնջական գերութենէն:
Ամէնէն համեստ պայմաններու մէջ ծնող այս Մանուկը պիտի մեծնար եւ պիտի դառնար մարդկութեան ամէնէն տիրական անձնաւորութիւնը, եզակի դէմք մը, որ երբեւիցէ շնորհուած է մեր այս մոլորակին: Արդարեւ, կրօնական շատ մը առաջնորդներ եկած եւ անցած են, բայց անոնցմէ ոչ մէկը ունեցած է այն հզօր ազդեցութիւնը մարդոց կեանքերուն վրայ, որքան` Յիսուս Քրիստոս, որովհետեւ ան մարդացած Աստուածն էր` Էմմանուէլը («ընդ մեզ է Աստուած»), համայն տիեզերքի մեծագոյն նուէրը Արարիչէն` առ արարած:
Նորածին Արքային ծննդեան օրը երկնային զօրքերու բազմութիւնը, հրեշտակները, առաջին անգամ կ’երգէին հոգեզմայլ օրհներգ մը` շարադրուած եւ յօրինուած երկինքի մէջ. «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, յերկիր խաղաղութիւն եւ ի մարդիկ հաճութիւն» (Ղուկ. 2.14): Այս օրհներգով երկինք եւ երկիր կը միանային` փառաբանելու զԱստուած իր մեծագոյն Պարգեւին` Տէր Յիսուսի համար: Փառաբանութեան այդ օրհներգը երկու հազար տարիներէ ի վեր կ’արձագանգէ ու կը մնայ միլիոնաւոր մարդոց սրտին ու հոգիին մխիթարանքի եւ օրհնութեան իբրեւ մեծագոյն աւետիսը:
Զուարթնոց խումբին պատկանող Տիրոջ հրեշտակներէն մէկը Բեթղեհէմի հովիւներուն կը յայտարարէր. «Մի՛ վախնաք, ձեզի աւետիս մը պիտի տամ, որ ամբողջ ժողովուրդին մեծ ուրախութեան պատճառ է: Այսօր Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեր Փրկիչը ծնաւ, որ օծեալ Տէրն է» (Ղուկ. 2.10):
Դաւիթի քաղաքին` Բեթղեհէմի մէջ ծնող Մանկիկը Աստուծոյ օծեալն է, երկար դարերէ ի վեր սպասուած Մեսիան, Փրկիչ-Թագաւորը, որուն գալուստը աւետած էին Հին ուխտի մարգարէներէն շատեր, եւ այդ օրհնեալ օրը Աստուծոյ հրեշտակը կ’աւետէր Անոր ժամանումը:
Այս Փրկիչ Մեսիան, սակայն, միայն մէկ ազգի Փրկիչը չէր, այլ` «ամբողջ ժողովուրդին», համայն մարդկութեան: Անոր տիեզերական Փրկիչ ըլլալը կը հաստատէր Յովհաննէս առաքեալ հետեւեալ խօսքով. «Աստուած այնքա՛ն սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի Անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յովհ. 3.16):
Այսօր, քսան դարեր ետք, ամբողջ աշխարհի Փրկիչ ըլլալու կոչուած Քրիստոս տակաւին ամէնուն Փրկիչը չէ: Շատեր դեռ չեն լսած Անոր սիրոյ եւ փրկութեան աւետարանին բարի լուրը: Այդ աւետիսը «ամբողջ ժողովուրդին» աւետելու առանձնաշնորհումը եւ բարոյական պարտաւորութիւնը քրիստոնեայ հաւատացեալներու ուսերուն վրայ կ’իյնայ: Քրիստոսի ճշմարիտ հետեւորդները իր կենդանի վկաներն են: Միթէ Քրիստոս այս պատուէրը չտուա՞ւ, երբ ըսաւ. «Դուք իմ վկաներս պիտի ըլլաք` Երուսաղէմի, ամբողջ Հրէաստանի եւ Սամարիայի մէջ, եւ` մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը» (Գործք Առաք. 1.8): Վկայի մը պարտականութիւնը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ` իր տեսածն ու գիտցածը պատմել:
Յատկանշական է նկատել, որ Բեթղեհէմի հովիւները երբ գտան նորածին Յիսուս մանուկը, իրենց յարգանքի եւ սիրոյ տուրքը ընծայելէն ետք վերադարձան իրենց տեղերը եւ սկսան պատմել այն բոլոր բաները, զորս տեսան եւ լսեցին: Այլ խօսքով, անոնք ետ դարձան եւ Յիսուսի ծննդեան աւետիսը ուրիշներու հետ բաժնելը իրենց կեանքի առաջնահերթ պարտականութիւնը դարձուցին:
Արդ, Ս. Ծնունդը թէ՛ աստուածային յայտնութիւն մըն է եւ թէ՛ մարդկային մարտահրաւէր մը: Քրիստոսով Աստուած մեզի կ’այցելէ եւ ապա մեր վրայ յատուկ յանձնառութիւն մը կը դնէ` իր վկաները ըլլալու, տարածելու սիրոյ եւ փրկութեան աւետարանը եւ քաջալերելու մարդիկ, որ ընդունին Աստուծոյ շնորհած նոր կեանքը Տէր Յիսուս Քրիստոսով:
Քրիստոսի Ս. Ծնունդը նոր իմաստ եւ նշանակութիւն կ’ունենայ մեզի համար, երբ մեր հիւրընկալ սրտերը բանանք Նորածին Արքային եւ մեր կեանքերը նուիրենք Անոր, ինչպէս նաեւ Անոր Փրկութեան աւետարանը տանինք, ուր որ ան տակաւին չէ հասած: Երբ ասոնք իրականութիւն դառնան մեր կեանքերուն մէջ, այն ատեն արդարօրէն կրնանք յայտարարել`
«Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,
Ձեզի մեզի մեծ աւետիս»:
ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Գործադիր տնօրէն Հայ աւետարանական
համաշխարհային խորհուրդի
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ