Որոնել

Արամ Ա Կաթողիկոս Պատգամը Արամ Ա Կաթողիկոս Պատգամը 

2024ը՝ Մարդուժի պատրաստութեան տարի․ Արամ Ա․ Կաթողիկոս

Պատգամ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թեմակալ Առաջնորդներուն,
Հոգեւոր Դասուն,
Ազգային Իշխանութեանց, եւ
Մեր ժողովուրդի զաւակներուն

2024 տարուան սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրական սիրով, հայրապետական օրհնութեամբ եւ ազգային վառ ապրումներով կ՛ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։ Կ՛ողջունենք յատկապէս մեր թեմակալ առաջնորդ սրբազանները, Ազգային իշխանութիւնները, հայ կեանքէն ներս գործող կազմակերպութիւնները ու միութիւնները, ինչպէս նաեւ համայնքային, կրթական, բարեսիրական, մշակութային, ընկերային ու մարզական կառոյցները, եւ բոլորին կը մաղթենք նորանոր իրագործումներով հարուստ տարի մը։ Կ՛աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ Իր Որդւոյն մարդեղութեամբ ու յայտնութեամբ բացուող Նոր Տարին մեր ժողովուրդին համար դառնայ երկնային բարիքներով ու շնորհքներով լեցուն տարի մը։

Ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, 2003էն սկսեալ, տարիներէն իւրաքանչիւրը ձօնած ենք մեր հաւաքական կեանքին առնչուած դէպքի մը, երեւոյթի մը, արժէքի մը կամ մտահոգութեան մը։ Տուեալ նիւթի ծիրէն ներս անհրաժեշտ վերլուծումը եւ շեշտաւորումները կատարած ենք, եւ ապա մեր հայրական թելադրութիւնները փոխանցած մեր ժողովուրդին։ Յաճախ կարեւորութեամբ անդրա-դարձած ենք, թէ եկեղեցին իր էութեամբ ու կոչումով դէպի ժողովուրդ ուղղուած առաքելութիւն է։ Արդարեւ, Քրիստոսին ուսուցումները տեսական ու պարագայական չէին. անոնք անմիջական աղերս ունէին ժողովուրդի կեանքին հետ։ Այսօր եւս, եկեղեցին կոչուած է իր հոգեւոր հօտը հրաւիրելու, որ հոգեւոր խորհրդածութիւններու ու հաւաքական քննարկումներու ճամբով անդրադառնայ իր կեանքին հետ սերտ առնչութիւն ունեցող մտահոգութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն։ Միաժամանակ եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է անհրաժեշտ ցուցմունքները կատարել՝ ի խնդիր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու առաւել կենսաւորման։ Ա՛յս նպատակը կը հետապնդեն մեր հայրապետական հռչակագրերը։ Գոհունակութեամբ կ՛ուզենք յայտնել, որ ցարդ հրապարակուած հռչակագրերը մեր հաւաքական կեանքէն ներս առիթ հանդիսացած են լայն քննարկումներու, եւ իրենց պարզած մտահոգութիւններուն ու կատարած թելադրութիւններուն լոյսին տակ, մեր ժողովուրդի զաւակները մղած վերաքննութեան ու վերարժեւորման ենթարկելու իրենց անհատական թէ համայնական կեանքը։

Ինչպէս գիտէք, 2022 եւ 2023 տարիները նուիրած էինք Սփիւռքին՝ 2022ը յայտարարելով ընդհանրապէս Սփիւռքի Տարի, իսկ 2023ը՝ Սփիւռքի Տարի – Ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում։ Պատահական չէր յաջորդական երկու տարիներուն Սփիւռքը լուսարձակի տակ բերելու մեր որոշումը։ Սփիւռքը իր կազմաւորման ու ծաւալման հոլովոյթը ունի, եւ միշտ ենթակայ է եղած արտաքին ազ-դակներու ու շրջապատի պայմաններու ազդեցութեան։ Այսօր Սփիւռքը լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի։ Նկատի ունենալով համաշխարհային մշակոյթի թափանցումը հայ կեանքէն ներս, ազգային արժէքներու նահանջը, հայ լեզուի աղաւաղումը եւ այլ հրատապ խնդիրներ, այսօր Սփիւռքին վերարժեւորումը եւ վերակազմակերպումը դարձած է անյետաձգելի հրամայական։

Սփիւռքին նուիրուած երկու հռչակագրերուն մէջ, Սփիւռքին պարզած ներկայ կացութեան գծով 2022ին հետեւեալ հաստատումը կատարեցինք. «Սփիւռքը հայօրէն արագ մաշումի ընթացքի մէջ է. մեր կառոյցները սկսած են կորսնցնել իրենց այժմէականութիւնը, եւ հետեւաբար, անհրաժեշտ է Սփիւռքի վերակենսաւորումը՝ մեր կեանքը շրջապատող ներկայ պայմաններուն ու իրականութիւններուն լոյսին տակ»։ Իսկ 2023-ին, անդրադառնալով Սփիւռքի կառոյցներուն, հետեւեալ յիշեցումը կա-տարեցինք. «Սփիւռքը ունի մշակութային, հոգեւոր, տնտեսական, մասնագիտական, յարաբերական թէ փորձառական հսկայ ներուժ։ Սակայն, տեղ մը՝ համակերպումը ու տեղայնացումը, այլ տեղ՝ անտարբերութիւնը ու անտեսումը սկսած են հայ կեանքէն հեռացնել իր սեփական ներուժը։ Փաստօրէն, Սփիւռքը չէ կրցած իր ներուժին տէր դառնալ եւ զայն ճիշդ ու ամբողջական կերպով օգտագործել։ Սփիւռքի ներուժին կազմակերպումը ու օգտագործումը անհրաժեշտութիւն է։ Նման հսկայ ծրագիր կ՛ենթադրէ հաւաքական ու հետեւողական աշխատանք»։

Յիշեալ երկու հռչակագրերուն մէջ, պարզելէ յետոյ Սփիւռքի համայնքներուն ու կառոյցներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները, շեշտեցինք, թէ հայ կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս մարդուժի պակասը փաստօրէն սկսած է իր ներկայութիւնը զգալի դարձնել։ Այլ խօսքով, բոլոր գաղութներէն ներս մասնագէտ, փորձառու ու յանձ-նառու մարդոց թիւը սկսած է հետզհետէ նուազիլ։ Սա խորապէս մտահոգիչ երեւոյթ մըն է՝ թէ՛ համասփիւռքեան տարողութեամբ եւ թէ իր աննախատեսելի հետեւանքներով։ Արդարեւ, մեր կառոյցները կենսաւորողը, մեր համայնքները ծաղկեցնողը, Սփիւռքը որպէս հայակեդրոն գոյութիւն ամրապնդողը, անոր ազգային ինքնութիւնը պահողը եւ որակ ու ուղղութիւն տուողը իր մարդուժն է՝ հոգեմտաւոր պատրաստութիւն, մասնագիտական կազմաւորում ու ամբողջական նուիրում ունեցող մարդուժը։ Ա՛յս խոր համոզումէն մեկնելով 2024 տարին կը հռչակենք՝ ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԻ։

* * *

Աստուածաշունչը կը յիշեցնէ, թէ Աստուած տիեզերքի ստեղծագործութեան վեցերորդ օրը մարդը ստեղծեց (Ծն 1.26-27, 2.7)։ Մարդու ստեղծագործութիւնը, յարաբերաբար տիեզերքի միւս արարածներուն, տարբեր էր ո՛չ միայն իր ժամանակով ու եղանակով, այլ նաեւ իր նպատակով։ Աստուածաշունչը կը վկայէ, թէ «Աստուծոյ պատկեր»ին համաձայն ստեղծուած մարդը կոչուած էր ըլլալու ստեղծագործութեան խնամողը, զայն պաշտպանողը ու հարստացնողը (Ծն 1.28-30). այլ խօսքով՝ Աստուծոյ «գործակից»ը (Ա.Կր 3.9-17)։ Ի՜նչ սրբազան կոչում…։ Բայց մարդը դաւաճանեց իր աստուածատուր կոչումին, իրեն տրուած առանձնաշնորհումը չարաշահեց զայն օգ-տագործելով իր հաճոյքին ու փառքին համար եւ իր անհաւատարմութեան հետեւանքով վտարուեցաւ դրախտէն (Ծն 3)։

Սակայն, Աստուած միշտ մնաց հոգածու մեղանչած մարդուն նկատմամբ։ Աստուած իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց, որպէսզի իրմէ հեռացած մարդը մօտեցնէ իր Երկնաւոր Հօր։ Աստուծոյ Որդին մարդացաւ, եւ նոյնիսկ իր արիւնը թափեց, որպէսզի վերականգնէ մարդը իր աստուածային պատկերին եւ աստուածատուր առաքելութեան մէջ։ Ա՛յս է Աստուածաշունչի, աստուածային յայտնութեան նպատակն ու պատգամը։ Աստուածաշունչը յատուկ կարեւորութեամբ կը շեշտէ մարդուն իւրայատուկ տեղը ու եզակի դերը աստուածային յայտնութեան ու ծրագրին մէջ։ Արդարեւ, զանազան առակներու, դէպքերու եւ ուսուցումներու ճամբով, Աստուածաշունչին մէջ կը տեսնենք մարդուն, նոյնիսկ մեղաւոր մարդուն նկատմամբ Աստուծոյ ցուցաբերած հայրական սէրն ու հոգածութիւնը. այսպէս օրինակ, երբ հովիւը 99 ոչխարները կը ձգէ մէկ ոչխարի փնտռտուքը կատարելու (Մտ 18.11-14), երբ հայրը իր անառակ որդին գրկաբաց կ՛ընդունի (Ղկ 15.11-32)։ Աստուածաշունչը կ՛ընդգծէ, թէ մարդը, այր թէ կին, արժէք է Աստուծոյ համար։ Սակայն մարդուն արժէքը սոսկ իր ֆիզիքական գոյութեան մէջ չի կայանար, այլ՝ Աստուծոյ նկատմամբ իր ունեցած հաւատարմութեան ու հնազանդութեան մէջ։

Բոլոր կրօնները ու քաղաքակրթութիւնները յատուկ ուշադրութեան արժանացուցած են մարդը, որպէս մտածող, գործող, կառավարող եւ իր ստեղծագործ ոգիով ընկերութեան կեանքը զարգացնող եւ անոր իմաստ ու ուղղութիւն տուող իրականութիւն։ Հին փիլիսոփաներուն, հոգեբաններուն ու ընկերաբաններուն կողմէ մարդը լուրջ վերլուծումի նիւթ դարձած է եւ կը շարունակէ դառնալ մասնաւորաբար արհեստագիտութեամբ տիրապետուած ներկայ աշխարհին մէջ։ Ազգերու պատմութիւնը կը պարզէ, թէ բոլոր իրագործումներուն, գիւտերուն ու զարգացումներուն ետին կը գտնուի մարդը։ Ահա թէ որքա՜ն առանցքային է մարդուն դերը տիեզերքին ու ընկերութեան կեանքին մէջ։ Երկիրներ, համայնքներ, ընկերութիւններ, կազմակերպութիւններ կը զարգանան, կը յառաջդիմեն ու կը հզօրանան ո՛չ միայն իրենց ունեցած նիւթական հարստութեամբ, քաղաքական կամ զինուորական առաւելութիւններով ու ներուժով, այլ՝ զանոնք հնարող, զարգացնող, կառավարող ու պաշտպանող մարդուժով։

* *  *

Նշեցինք, ու դարձեա՛լ կը շեշտենք, թէ հայ կեանքէն ներս մարդուժի պակաս կայ։ Դժբախտաբար, մեր թերութիւնները, բացթողումները, տկարութիւնները տեսնելու եւ ընդունելու քաջութիւնը եւ իմաստութիւնը յաճախ կը պակսին մեզի։ Հակամէտ ենք ամէն բան վարդագոյն տեսնելու, սխալը ծածկելու եւ կամ սխալին պատճառը այլ տեղ փնտռելու։ Կրօնական բարոյագիտութիւնը, ինչպէս ընդհանրապէս ժողովրդային իմաստութիւնը կը յուշէ, թէ սխալը ընդունիլը յաջողութեան կէս ճամբան է։ Ընդհանուր ակնարկ մը մեր գաղութներու, համայնքներու, կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու կեանքին վրայ, յստակօրէն ցոյց կու տայ, թէ մարդուժի պակասը հետզհետէ աւելի կը խորանայ ու կը ծաւալի, եւ անոր այլազան ու բազմազան բացասական հետեւանքները կը դառնան ակներեւ։ Անընդունելի է այս մտահոգիչ կացութեան դիմաց անտարբեր մնալ։ Համասփիւռքեան այս յոյժ կարեւոր կարիքը դարմանելու հաւա-քական աշխատանքին մէջ բոլորս ալ ընելիք ու տալիք ունինք։ Քաջ պէտք է գիտնանք, որ առանց մարդուժի մեր կեանքը պիտի կորսնցնէ իր որակը, պիտի ճահճանայ ու գունաթափի եւ մեր գոյութեան արմատները պիտի տկարանան։ Մարդուժի պատրաստութիւնը անյետաձգելի առաջնահերթութիւն է։

Ինչո՞ւ մարդուժի պակաս կայ Սփիւռքի կեանքէն ներս. ի՞նչ են ատոր պատճառ-ները։ Անհրաժեշտ է նման հարցադրումներ կատարել եւ առարկայական մօտեցումով փորձել պատասխաններ գտնել։ Մարդուժի իմաստով այսօր հայ կեանքը հետեւեալ պատկերը կը պարզէ.- առաջին, մեր ունեցած ներկայ մարդուժը ընդհանրապէս չի համապատասխաներ ներկայ ժամանակներու կարիքներուն ու պահանջներուն։ Երկրորդ, մեր մարդուժին կարեւոր մէկ մասը փաստօրէն կամ հայ կեանքի լուսանցքին վրայ կը գտնուի, եւ կամ հեռու է հայ կեանքէն։

* * *

ՆԵՐԿԱՅ ՄԱՐԴՈՒԺԻՆ ՆԵՐԱՌՈՒՄԸ ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Մարդուժի վերակազմակերպման ու հզօրացման առաջին կարեւոր քայլը պէտք է ըլլայ՝ հայ կեանքի մայր էջէն հեռու գտնուող մեր մարդուժը ներգրաւել հայ կեանքէն ներս։

Պահ մը դիտենք մեր շուրջը։ Ճի՛շդ է, մասնագէտներ ունինք զանազան մարզերէն ներս, սակայն անոնցմէ շատեր հեռու են մեր կեանքէն։ Զարգացած երիտասարդներ ունինք, սակայն շատեր մասնակից չեն մեր կառոյցներու գործունէութեան։ Նուիրեալ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ ունինք, սակայն շատեր կը գործեն ոչ-հայկական կրթական կառոյցներէն ներս։ Ինչ-ինչ պատճառներով եւ զանազան բնագաւառներէն ներս հայ կեանքէն հեռու մնացած մարդուժին թուարկումը կարելի է շարունակել…։ Այս տխուր իրականութենէն մեկնած, անհրաժեշտ է հարց տալ, թէ ինչո՞ւ մեր մարդուժին մէկ կարեւոր մասը հեռացած է մեր համայնական կեանքէն։ Հարցադրումները մեզ պէտք է մղեն ախտաճանաչումի, եւ ախտաճանաչումը՝ սրբագրումի։ Բոլոր պարագաներուն, մեր մօտեցումը պէտք է ըլլայ իրատես, ո՛չ զգացական. գործնական, ո՛չ տեսական. տեղական, ո՛չ ընդհանրական։ Հարկ է նկատի ունենալ Սփիւռքի զանազան շրջաններուն դիմագրաւած աշխարհաքաղաքական պայմանները եւ անոնց հետեւանքով յաճախ տեղի ունեցած ներքին տեղաշարժները, տնտեսական պատճառներով որոշ գաղութներու տկարացումը եւ այլ գաղութներու ծաւալումը, համայնքներու նկարագրի փոփոխութիւնը, շրջապատային պայմաններու տարբերութիւնը, եւլն.։ Տակաւ շարունակուող այս բոլոր զարգացումները հարկ է արժեւորել հայ կեանքէն ներս իր ներկայութիւնը հաստատած համաշխարհային մշակոյթի լոյսին տակ։ Բնականաբար, յիշեալ երեւոյթները իրենց բացասական անդրադարձը ունեցած են որոշ թիւով մարդուժի թէ՛ հայ կեանքէն հեռացման եւ թէ գաղութէ մը այլ գաղութ տեղափոխման վրայ։

Վերոյիշեալ արտաքին ազդակներուն կողքին, նաեւ ներքին եւ անձնական պատճառներ ոմանց մղած են հեռու մնալու մեր հաւաքական կեանքէն։ Այսպէս, համայնքային ղեկավարութեան ցուցաբերած երբեմն անտարբեր մօտեցումները եւ երբեմն միակողմանի դիրքորոշումները գաղութը յուզող հարցերուն նկատմամբ, կառոյցներու կեանքէն ներս երեւան եկող մրցակցութիւնները, հին եւ նոր սերունդներու անյարիր մտածելակերպերը, մարդուժին ճիշդ եւ արժանի գնահատանքը կատարելու պակասը, ինչպէս նաեւ աւելի լայն հորիզոններու բացուելու եւ աւելի բարձր նիւթական եկամուտ ապահովելու ցանկութիւնները, եւայլն։

Այս մտահոգիչ երեւոյթին դիմաց, չենք ուզեր այպանել ո՛չ հեռու մնացողները եւ ո՛չ ալ անոնց հեռու մնալուն պատճառ հանդիսացած կառոյցները կամ պատասխանատուները։ Կ՛ուզենք բարձրագոյն աստիճանի կարեւորութեամբ շեշտել, թէ աւելի քան երբեք հրամայական է, որ զանազան պատճառներով հայ կեանքէն հեռու գտնուող մեր մարդուժը մօտենայ հայ կեանքին, մասնակից դառնայ մեր հաւաքական ապրումներուն, մաքառումներուն, ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն։ Այս հաստատ կամեցողութիւնը ու գիտակից յանձնառութիւնը կը սպասենք հեռու մնացողներէն։ Միաժամանակ՝ կը սպասենք, որ պատասխանատու մարմիններ լայն կարելիութիւններ ստեղծեն մեր մարդուժին ու յատկապէս երիտասարդ ուժերուն, զանոնք ներգրաւելով մեր կառոյցներէն եւ ընդհանրապէս հայ կեանքէն ներս։ Մեզի համար սիրելի եւ յարգելի է մեր մարդուժը։ Հետեւաբար, ընդունելի չէ, որ մեր մարդուժը կազմող անձինք ուրիշներուն դռները թակեն, ուրիշներուն ծառայեն, իրենց մասնագիտութիւնը ու փորձառութիւնը ի սպաս դնեն ուրիշներու յաջողութեան։ Մեզի համար առաջնահերթը, հիմնականը, մնայունը մեր ազգն է, մեր հայրենիքն է, մեր գաղութներն են։

* *  *

ՆՈՐ ՄԱՐԴՈՒԺԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Մարդուժի կազմակերպման ու հզօրացման երկրորդ կարեւոր քայլը պէտք է ըլլայ նոր մարդուժի պատրաստութիւնը։ Սա դիւրին ու հեզասահ եւ անմիջական կերպով իրագործելի ծրագիր մը չէ։ Հարկ է ըլլալ իրապաշտ։ Մարդուժի պատրաստութիւնը կ՛ենթադրէ երկարաշունչ գործընթաց, ամբողջական նուիրում, լուրջ կազմակերպուա-ծութիւն, հետեւողական աշխատանք եւ նաեւ՝ նիւթական լայն ներդրում։ Նայեցէ՛ք ձեր շրջապատին։ Պետութիւններ, կրօններ, կազմակերպութիւններ, կառոյցներ հսկայ աշխատանք կը տանին ու մեծ ներդրում կը կատարեն, նիւթական թէ այլապէս, մարդուժի պատրաստութեան ի խնդիր։ Արդարեւ, առանց գիտակից, մասնագէտ ու նուիրեալ մարդուն, մեր ունեցածը՝ նիւթականէն սկսեալ մինչեւ հոգեւոր, կրթականէն սկսեալ մինչեւ քաղաքական, ո՛չ մէկ արժէք կը ներկայացնէ։ Մա՛րդն է որ անոր արժէք, իմաստ, որակ, ուղղութիւն ու նպատակ կու տայ։

Արդ, ժամանակը հասած է, որ այս գիտակցութենէն ու համոզու-մէն մեկնած, Սփիւռքի մէջ մեր ուշադրութեան սլաքը կեդրոնացնենք մարդուժի պատրաստութեան վրայ, մեր ունեցած ներուժին եւ կարելիութիւններուն ամբողջական օգտագործումով։ Մարդուժի պատրաստութիւն կը նշանակէ հայ մարդը հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով շաղախել, մեր ազգին անցեալի ու ներկայի յատկանշական դէպքերուն, դէմքերուն ու մարտահրաւէրներուն ծանօթացնել, ներկայ աշխարհին մասնագիտութիւններուն մէջ խորանալու կարելիութիւն ընծայել, այս բոլորէն վեր ու այս բոլորը իմաստաւորող՝ մեր ժողովուրդին ամբողջական նուիրումով ծառայելու ոգին ներարկել, հայ կեանքին բերելու իր գործօն մասնակցութիւնը։

Ինչպէ՞ս կարելի է Սփիւռքը կազմակերպ մօտեցումով ու վերանորոգ թափով մղել մարդուժի պատրաստութեան։ Հարկ է ի միտի ունենալ, թէ մարդուժի պատրաստութիւնը սոսկ տուեալ կառոյցի մը աշխատանքը չէ, այլ հաւաքական աշխատանք է ու հետեւողական գործընթաց՝ զանազան հանգրուաններէ ընթացող ու նախաձեռնութիւններ ներառող։ Ամփոփ գիծերով կ՛ուզենք յիշել այն կառոյցները ու միջոցները, որոնք կարեւոր նպաստ կրնան բերել մարդուժի պատրաստութեան առաքելութեան.

1) Մարդուժի պատրաստութեան հիմնական ու մնայուն խարիսխը ԸՆՏԱՆԻՔՆ է։ Հայ մարդու կազմաւորման ամուր հիմքը կը դրուի ընտանիքէն ներս։ Մեր ծնողներէն շատ բան կը սորվինք լսելով ու տեսնելով։ Մեր ծնողներէն միայն մեր ազգին առնչուած գիտելիքներ չենք ստանար, այլ նաեւ ու մանաւանդ գիտակից ու հպարտ հայ ըլլալու ոգին եւ անսակարկ կերպով մեր ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցւոյ ծառայելու նուի-րումը։ Արդ, անհրաժեշտ է, որ հայ ընտանիքը վերաշեշտէ մարդուժի գծով իր եզակի դերակատարութիւնը։ Այս յոյժ կարեւոր առաքելութիւնը վերանորոգ նուիրումով կատարելու համար հայ ընտանիքը կոչուած է հեռու մնալ այնպիսի երեւոյթներէ, որոնք կրնան աղարտել իր բարոյական մթնոլորտը ու հայադրոշմ նկարագիրը եւ նսեմացնել վեհ կոչումը։

2) Մարդուժի պատրաստութեան երկրորդ վայրը ԵԿԵՂԵՑԻՆ է։ Եկեղեցին մեր հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներու պահպանման հնոցն է ու կենսաւորման աղբիւրը։ Մեր ազգի մեծերէն շատեր եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան հետ իրենց անձը շաղախած են եւ ազգին ու հայրենիքին ծառայելու նախանձախնդրութիւնը ու յանձնառութիւնը եկեղեցիէն ստացած։ Զանազան նախաձեռնութիւններու ճամբով (կիրակնօրեայ վարժարան, Սուրբ Գրոց սերտողութիւն, ժողովրդային լսարաններ, քրիստոնէական դաստիարակութիւն, եւլն.) անհրաժեշտ է որ մեր եկեղեցին իր հոգեւոր առաքելութեան ու ազգային ծառայութեան առընթեր, նաեւ զարկ տայ յատկապէս իր ուսուցողական ու դաստիարակչական աշխատանքներուն։

3) Մեր Սուրբ Աթոռի ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ նպատակը կը շարունակէ մնալ հոգեմտաւոր արժէքներով թրծուած եւ ազգին ու եկեղեցւոյ ծառայելու կոչումը ունեցող հոգեւորականներու, ուսուցիչներու ու մտաւորականներու կազմաւորումը։ Այս ուղղու-թեամբ անցնող տասնեակներուն հսկայ աշխատանք է կատարած Դպրեվանքը։ Արդարեւ, Դպրեվանքէն անցած եւ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ մեր ազգային կեանքի հոգեւոր, կրթական ու մշակութային բնագաւառներէն ներս կարեւոր ներդրում բերող մեծ թիւով անձերու ներկայութիւնը՝ պերճախօս վկայութիւն մըն է Դպրեվանքին վիճակուած եզակի առաքելութեան։

4) ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ, բնականաբար, մարդուժի պատրաստութեան կարեւոր կառոյց-ներէն մէկն է։ Ներկայ ժամանակներուն, դժբախտաբար մեր ծնողներուն մօտ սկսած է որոշ անտարբերութիւն մը ի յայտ գալ հայ դպրոցին նկատմամբ։ Պետական քննութիւններուն իր ձեռք ձգած յաջողութիւններով, իր ջամբած հայեցի դաստիարա-կութեամբ ու հայակերտ մթնոլորտով հայ դպրոցը մեծապէս կը նպաստէ մարդուժի պատրաստութեան։ Հետեւաբար, անհրաժեշտ է վերաշեշտել հայ դպրոցին մարդակերտումի առաքելութիւնը՝ զօրավիգ կանգնելով անոր նպաստող ծրագիրներուն։

5) Հայ կեանքէն ներս գործող ԲՈԼՈՐ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԸ՝ կուսակցական, բարեսիրական, մշակութային, մարզական, ընկերային, եւլն. իրենց կարգին մարդուժի պատրաստութեան իւրայատուկ դպրոցներ են։ Արդարեւ, ազգային ու մշակութային արժէքներով լեցուն իրենց ներքին մթնոլորտը, ինչպէս նաեւ մեր համայնքներու կարիքներուն ծառայելու իրենց կամաւոր աշխատանքը այլապէս կը նպաստէ մարդուժի պատրաստութեան։ Ունինք ազգայիններ, որոնք զանազան պատճառներով հայ դպրոց չեն յաճախած, սակայն մաս կազմելով համայնքային կազմակերպութիւններու, հայ կեանքի մասին լայն ծանօթութիւն ձեռք ձգած են եւ իրենց մէջ արմատ նետած է ազգին ծառայելու ոգին։

6) ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐԸ մարդուժի կազմաւորման մէջ էական դեր ունին։ Այսօր, փաստօրէն, Սփիւռքի մէջ միակ կազմակերպուած Հայագիտական կեդրոնը կաթողիկոսարանէն ներս կը գործէ։ Հարկ է նաեւ յիշել Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանին ու Հայկազեան համալսարանին հայագիտական դասընթացքները։ Կաթողիկոսարանի Հայագիտական կեդրոնը վերջին 15 տարիներուն ինքնակազմաւորման հանգրուաններէ անցնելէ յետոյ, այսօր իր դասանիւթերու այլազանութեամբ եւ Հայաստանէն ու Սփիւռքէն հրաւիրուած փորձառու ուսուցիչներու ներկայութեամբ, կը գործէ առաւել կազմակերպ ու ինքնավստահ կերպով։

7) Կաթողիկոսարանէն ներս գործող ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԸ, նպատակ ունենալով մանկավարժական նոր մեթոտներով ուսուցիչներու վերաորակաւորումը, յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ այս մարզէն ներս։ Աւելի քան 35 տարիներու իր գործունէութիւնը եւ մասնաւորաբար պետական քննութիւններուն մէջ ձեռք ձգած յաջողութիւնները ցոյց կու տան, թէ մանկավարժական կազմաւորման ծիրէն ներս իր տարած աշխատանքը կը մնայ առանցքային։

8) Մարդուժի պատրաստութեան վերոյիշեալ համայնքային կառոյցներէն անդին, ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒՍՈՒՄԸ կը նկատենք էական, ինչպէս նաեւ ամբողջացուցիչ մասը մարդուժի պատրաստութեան։ Ներկայ աշխարհը մասնագիտութեան աշխարհ է։ Ընկերութեան կեանքի բոլոր մարզերէն ներս հարցերուն, երեւոյթներուն, տագնապ-ներուն ու ծրագիրներուն նկատմամբ սիրողական մօտեցում փաստօրէն այլեւս տեղ չունի։ Որքան ալ նուիրումը ու պատրաստակամութիւնը անհրաժեշտ նկատուին, նոյնքան անհրաժեշտ է մասնագիտութիւնը։ Ներկայ ժամանակներուն համալսարանական բարձրագոյն ուսման կեդրոնները ու կարելիութիւնները բազմա-պատկուած են։ Ճարտարագիտութեան ընձեռած լայն միջոցներու լոյսին տակ, համալսարանական ուսումը եղած է աւելի դիւրահաս եթէ ոչ նիւթական, գէթ ժա-մանակի ու աշխատանքի իմաստով։ Հարկ է որ մեր ուսումնատենչ երիտասարդ-երիտասարդուհիները առաւելագոյն չափով օգտուին համալսարանական բարձրագոյն ու մասնագիտական ուսման ընձեռած բարիքներէն։

Բնականաբար, տարբեր պայմաններու մէջ ապրելով, սպասելի չէ որ նոր սերունդը մարդուժի կազմաւորման նշուած հանգրուաններէն անցնի։ Ինքնուսումը եւս կարելիութիւն կու տայ եւ իր կարեւոր ներդրումը կրնայ ունենալ մարդու կազմաւորման մէջ։ Բոլոր պարագաներուն, հրամայական է, որ հոգեւոր, բարոյական ու ազգային արժէքներով շաղախուած եւ մասնագիտական ուսումով զինուած հայ երիտասարդ-երիտասարդուհին ինքզինք արժեւորէ հայ կեանքէն ներս՝ իր ուսումը ծառայութեան ճամբով ի սպաս դնելով մեր ազգին զարգացման ու հզօրացման։ Սփիւռքը անյետաձգելի կարիքը ունի մարդուժի. հետեւաբար, մարդուժի պատրաստութիւնը Սփիւռքին համար պէտք է դառնայ առաջնահերթութիւն։

ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԹԵԼԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Մարդուժի պատրաստութեան գծով Մեր պարզած մտահոգութիւններուն, մատնանշած կարելիութիւններուն ու կատարած ընդգծումներուն լոյսին տակ, կ՛ուզենք հետեւեալ գործնական թելադրութիւնները կատարել.

1) Հակառակ Սփիւռքի դժուար պայմաններուն ու սահմանափակ միջոցներուն, մարդուժի պատրաստութեան գծով հսկայ աշխատանք է կատարուած։ Մեր բարձր գնահատանքը կը յայտնենք մարդակերտումի ու հայակերտումի սրբազան առաքե-լութեան լծուած բոլոր նուիրեալներուն։ Ժամանակը հասած է, որ գաղութներէն ներս մարդուժի պատրաստութեան նուիրուած մեր կառոյցներուն գործունէութիւնը ըլլայ աւելի ներդաշնակ, համադրուած ու համապատասխան ներկայ իրականութիւններուն եւ սպասումներուն։ Այս ուղղութեամբ անհրաժեշտ է, որ ծրագրաւորումի յատուկ աշխատանք կատարուի կառոյցներու պատասխանատուներուն մասնակցութեամբ՝ կրկնութիւններէ ու բացթողումներէ խուսափելու համար։

2) Գաղութներէն ներս մարդուժի համախմբումը կը նկատենք անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն։ Համախմբումը կարելի է կատարել երկու հանգրուաններով։ Առաջին հանգրուանին կը մասնակցի գաղութէն ներս գործող մարդուժը եւ երկրորդ հանգրուանին՝ նաեւ գաղութէն հեռու մնացած մարդուժը։

3) Բոլոր պարագաներուն համախմբումները անհրաժեշտ է որ կազմակերպուին յստակ օրակարգի մը հիման վրայ։ Հարկ է լսել ներկաներուն տեսակէտները, մտա-հոգութիւնները ու առաջարկները, եւ ապա միասնաբար գաղութին հզօրացման առնչուած ընդհանուր ուղեգիծ մը ճշդել՝ առաջնահերթութիւններու յստակեցումով ու աշխատանքի բաժանումով։

4) Հարկ է յատուկ կարեւորութիւն ընծայել երիտասարդ-երիտասարդուհիներու մասնակցութեան՝ ներառելով յատկապէս համալսարանականներն ու համալսարանաւարտները։

5) Անհրաժեշտ է որոշ առիթներով եւ նոյնիսկ հանգրուանային կերպով գաղութին մարդուժը համախմբող հաւաքներ կազմակերպել՝ քննարկելու թէ՛ գաղութին հետ աղերս ունեցող ընդհանուր ծրագիրներ եւ թէ համասփիւռքեան ու համազգային մտա-հոգութիւններ ու մարտահրաւէրներ։

6) Գաղութի մը մարդուժին ամբողջական ցանկագրումը կը նկատենք խիստ անհրաժեշտ։ Աշխատանք մը, որ ներառէ հիմնական տեղեկութիւններ, որպէսզի կարելի ըլլայ զայն փոխանակել այլ գաղութներու հետ, համասփիւռքեան տարողութեամբ մարդուժի ամբողջական պատկերը ունենալու համար։

7) Թելադրելի է, որ յիշեալ յոյժ կարեւոր աշխատանքներուն իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերեն թեմական, կուսակցական, կրթական, երիտասարդական, մշակութային, բարեսիրական եւ այլ կառոյցներու գործադիր մարմինները։

8) Ինչպէս յայտնեցինք, մարդուժի պատրաստութիւնը նաեւ կը պահանջէ նիւթական յանձնառութիւն։ Համայնական այս ճիգին մէջ մեր ունեւոր ազգայինները պարտաւոր պէտք է զգան այս ուղղութեամբ կարեւոր ներդրում կատարելու, հիմնադրամներու հաստատումով կամ տարեկան նպաստներու յատկացումով՝ ընդհանրապէս մարդու պատրաստութեան լծուած ծրագիրներուն եւ մասնաւորաբար այն կառոյցներուն, որոնք կը ծառայեն նոյն նպատակին համար։

9) Մեր թեմերը ու կառոյցները իրենց գործունէութեան օրակարգին վրայ կարեւոր տեղ պէտք է յատկացնեն մարդուժի պատրաստութեան հետ աղերս ունեցող նախաձեռնութիւններուն ու աշխատանքներուն։

Սփիւռքի վերակազմակերպման ու վերակենսաւորման աշխատանքները յղացողը, ծրագրողը եւ գործադրողը մեր մարդուժը պիտի ըլլայ։ Արդ, որքա՜ն էական է մարդուժը մեզի համար եւ հետեւաբար՝ որքա՜ն հրամայական եւ անյետաձգելի մարդուժի պատրաստութիւնը։

Այս մտածումներով ու սպասումով, հայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք ձեզ, եւ կը վստահեցնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ պատրաստ է զօրակից ու գործնապէս մասնակից դառնալու մարդուժի պատրաստութեան նուիրական առաքելութեան։

Հայրապետական օրհնութեամբ, 

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

1 Յունուար, 2024
Անթիլիաս, Լիբանան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/01/2024, 09:09