Հայկական Moxie մարդ-մեքենան Լաս Վեկասի մէջ մրցանակ շահեցաւ
Հայաստանի Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ամերիկահայ Փաօլօ Փիրճանեանի Embodied ընկերութեան կողմէ Հայաստանի մէջ արտադրուած Moxie մարդ-մեքենան Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունեցած CES-2024 լայն հասարակութեան գործածութեան ուղղուած ելեկտրական գործիքներու միջազգային ցուցահանդէսին արժանացած է գլխաւոր մրցանակին՝ «Արհեստական բանականութեան» անուանակարգին մէջ։
Moxie մարդ-մեքենան իր արհեստական բանականութեամբ (AI) կը համարուի մանուկի մը զարգացման յեղափոխական արհեստագիտութիւն մը: Մարդ-մեքենան նախատեսուած է ֆիզիքական հաշմանդամութենէ կամ այլ թերութիւններէ տառապող 5էն 10 տարեկան մանուկներու համար։ Moxie-ն մանուկներուն կը սորվեցնէ հաղորդակցիլ՝ զարգացնելով անոնց յուզական որակները: Օգտագործելով յառաջադէմ արհեստագիտութիւններ եւ արհեստական բանականութիւն՝ Moxie-ն կը ցուցաբերէ ամբողջական մօտեցում մը, ինչ որ մանուկներուն խաղի միջոցով կը սորվեցնէ հիմնական զարգացման հմտութիւնները: Գործիքը նաեւ կարելիութիւնը կու տայ հետեւելու մանուկին զարգացման փուլերուն:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ