Որոնել

ԵՄ խորհդրարանը ԵՄ խորհդրարանը 

ԵԽԽՎն Ատրպէյճանի պատուիրակութեան լիազօրութիւնները չվաւերացուց

Ատրպէյճան առնուազն մէկ տարիով հեռացուեցաւ ԵԽԽՎէն, իսկ մինչ այդ կրնայ վերադառնալ միայն իր կանոնակարգային պարտաւորութիւնները կատարելու պարագային։

24 Յունուարին, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) քուէներու 76 թեր, 10 դէմ, 4 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ որոշեց չվաւերացնել Ատրպէյճանի պատուիրակութեան լիազօրութիւնները: Այս որոշումով, Ատրպէյճան առնուազն մէկ տարիով հեռացուեցաւ ԵԽԽՎէն, իսկ մինչ այդ կրնայ վերադառնալ միայն իր կանոնակարգային պարտաւորութիւնները կատարելու պարագային։

Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Ազգային ժողովի պատուիրակութեան ղեկավար Ռուբէն Ռուբինեան:

«Ընդունուած բանաձեւում վեհաժողովը վկայակոչում է 2023թ. Յունիսին ընդունած «Լաչինի միջանցքով ազատ եւ անվտանգ մուտքի ապահովումը» բանաձեւը, որում վեհաժողովը հաստատել է Լաչինի միջանցքով ազատ եւ անվտանգ երթեւեկութեան բացակայութիւնը`ցնցուելով այն փաստից, որ Ադրբեջանի ղեկավարութիւնը չի ճանաչել շուրջ տասը ամիս ձգուած իրավիճակից բխող լուրջ հումանիտար (մարդասիրկան) եւ մարդու իրաւունքների հետեւանքները: Վեհաժողովը խորը ափսոսանք է յայտնում, որ փաստահաւաք առաքելութեան շրջանակներում Լաչինի միջանցքի հարցով ԵԽԽՎ զեկուցողը հնարաւորութիւն չի ունեցել մեկնել Լաչինի միջանցք: Վեհաժողովը յիշատակում է նաեւ 2023թ. Հոկտեմբերին ընդունած «Հումանիտար իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղում» բանաձեւը, որով ԵԽԽՎն դատապարտել է 2023թ. Սեպտեմբերին Ադրբեջանի ռազմական գործողութիւնները, ինչը յանգեցրել է Լեռնային Ղարաբաղի ողջ հայ բնակչութեան փախուստին Հայաստան` յարուցելով էթնիկ (ցեղային) զտումների կասկածներ: Հէնց այս բանաձեւում էր վեհաժողովն ընդգծել, որ Ադրբեջանի` իր կանոնադրական պարտաւորութիւնների չկատարման մասով իրավիճակի փոփոխութեան բացակայութեան դէպքում Յունուարին չի վաւերացնի ադրբեջանական պատուիրակութեան լիազօրութիւնները: Խորհրդարանական վեհաժողովը նշում է, որ Եւրոպայի խորհրդին միանալուց աւելի քան 20 տարի անց Ադրբեջանը չի կատարել կազմակերպութեան անդամակցութիւնից բխող հիմնական պարտաւորութիւնները: Լուրջ մտահոգութիւններ կան Ադրբեջանում ազատ եւ արդար ընտրութիւններ անցկացնելու կարողութեան, իշխանութիւնների բաժանման, գործադիրի համեմատ օրէնսդիր իշխանութեան թուլութեան, դատական իշխանութեան անկախութեան եւ մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան առնչութեամբ: Վեհաժողովը խիստ ափսոսում է, որ չի հրաւիրուել հետեւելու գալիք նախագահական ընտրութիւններին` չնայած Ադրբեջանն ունի հրաւէրը ուղարկելու պարտաւորութիւն` որպէս մոնիտորինգի (հսկողութեան) ենթակայ երկիր: Վեհաժողովը մտահոգուած է նաեւ, որ Մոնիտորինգային կոմիտէի համազեկուցողներին թոյլ չի տրուել հանդիպել քաղաքական դրդապատճառներով մեղադրուող կամ ձերբակալուած անձանց հետ», գրած է Ռուբինեան։

Մինչ այդ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներ յայտնեցին, որ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը կը դադրեցնէ համագործակցութիւնը ԵԽԽՎի հետ` իբրեւ նշան երկրին նկատմամբ երկակի չափանիշներու դէմ բողոքի: Այս մասին նաեւ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «ԵԽԽՎի մէջ ցեղապաշտութեան, ատրպէյճանաֆոպիայի եւ իսլամաֆոպիայի ներկայի անտանելի մթնոլորտին մէջ Ատրպէյճանի պատուիրակութիւնը կ՛որոշէ դադրեցնել իր համագործակցութիւնը եւ ներկայութիւնը ԵԽԽՎի մէջ, մինչեւ հետագայ ծանուցումը: ԵԽԽՎն այսօր կը պատրաստուի պաշտօնապէս հրաժարիլ Ատրպէյճանի պատուիրակութեան լիազօրութիւններու (հաւատարմագիրներու) ճանաչումէն: ԵԽԽՎն այս սադրիչ յարձակումը կը պատճառաբանէ անով, որ իրենց դիտորդները չեն հրաւիրուած 7 Փետրուարին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն: Խորքին մէջ Ատրպէյճանի նկատմամբ ԵԽԽՎի վերաբերմունքը մեծապէս վատթարացաւ նախորդ տարուան Սեպտեմբերին ինքնիշխանութեան վերականգնումէն ետք: Արդէն Հոկտեմբերին ԵԽԽՎն որդեգրեց միակողմանի բանաձեւ մը, որուն միջոցաւ Պաքուն մեղադրեց Ղարաբաղի հայերու «բռնի տեղահանումին մէջ»:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2024, 08:24