Որոնել

Վենետիկի երկամեայ երաժշտական միջոցառումի տնօրէն Լուչիա Ռոնքեթի Վենետիկի երկամեայ երաժշտական միջոցառումի տնօրէն Լուչիա Ռոնքեթի 

Վենետիկի երկամեայ երաժշտական միջոցառումը կը փնտռէ նոր երիտասարդ տաղանդաւորներ

Լուչիա Ռոնքեթթի սկիզբ տուաւ նոր մրցոյթի մը, յայտնի դարձնելու համար, որ հինգ երաժշտահաններ եւ մինչեւ 30 տարեկան 6 մեկնաբանողներ պիտի ընտրուին նոր ստեղծագործութիւններու եւ ներկայացումներու ծրագիրներու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Վենետիկի երկամեայ երաժշտական միջոցառման գեղարուեստական բաժնի տնօրէն, Լուչիա Ռոնքեթթի սկիզբ տուաւ նոր միջազգային մրցոյթին մը, որ առիթ կ՝ընծայէ հինգ երաժշտահաններու եւ մինեւ 30 տարեկան վեց մեկնաբանողներուն ընտրուելու նոր ստեղծագործութիւններու եւ ներկայացումներու հետազօտական եւ արտադրական ծրագիրներուն համար։

Երաժշտական մրցոյթին մասին հրապարակուած լուրին մէջ կը կարդանք, որ Վենետիկի յաջորդ երկամեայ երաժշտութիւնը պիտի զբաղի բացարձակ երաժշտութեամբ։ Նշուած է, որ գեղարուեստական բաժնի ղեկավար, Լուչիա Ռոնքեթթի մտադիր չէ սահմանափակուիլ միայն միջազգայնօրէն ճանչցուած մեծ վարպետներուն երաժշտական կարծիքներու առաջարկներով՝ այլ Ան կ՝ուզէ, որ այս թեմայով զբաղուին երիտասարդները ամբողջ աշխարհէն, ոչ միայն անոնք որոնք կը ժամանեն այն երկիրներէն, ուր անմիջական եւ հեշտ հասանելիութիւն ունին տեղեկատուութեան, հետեւաբար նաեւ մրցոյթներուն։

Այս պատճառաւ Լուչիա Ռոնքեթթի սկիզբ տուաւ նոր մրցոյթի մը, յայտնի դարձնելու համար, որ հինգ երաժշտահաններ եւ մինչեւ 30 տարեկան 6 մեկնաբանողներ պիտի ընտրուին նոր ստեղծագործութիւններու եւ ներկայացումներու ծրագիրներու համար։

Աշխատանքները նախատեսուած են որ նախապէս ներկայացուին Վենետիկի երկամեայ ժամանակակից երաժշտութեան 68-րդ միջազգային փառատօնի շրջանակէն ներս, որ կրէ «Բացարձակ երաժշտութիւն» ու տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 26 սեպտեմբերէն մինչեւ 10 հոկտեմբեր 2024։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/01/2024, 14:18