Որոնել

Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու բարձր յանձնակատար Ժոզեփ Պորել Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու բարձր յանձնակատար Ժոզեփ Պորել 

Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ Ատրպէյճան-Եւրոպական միութիւն կապերուն համար. Պորել

Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու բարձր յանձնակատար Ժոզեփ Պորել մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ, որ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւնները համաձայն են այն մտքին, որ Ատրպէյճան պէտք է վերադառնայ Հայաստանի հետ առարկայական խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն:

22 Յունուարին, Պրիւքսէլի մէջ աւարտեցաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստը, որուն ընթացքին բազմաթիւ հարցերու կարգին քննարկուեցան նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները:

Ըստ «Արմէփրէս»ի Պրիւքսէլի թղթակիցին՝ նիստին աւարտին, Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու բարձր յանձնակատար Ժոզեփ Պորել մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ, որ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւնները համաձայն են այն մտքին, որ Ատրպէյճան պէտք է վերադառնայ Հայաստանի հետ առարկայական խաղաղութեան եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն: 

«Նախագահ Ալիեւի վերջին տարածքային պահանջները խիստ մտահոգիչ են: Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան որեւէ խախտում անընդունելի պիտի ըլլայ եւ լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ Ատրպէյճանի հետ մեր յարաբերութիւններուն համար», յայտնեց Պորել:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2024, 08:40