Որոնել

«Պահպանել Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը» խորագիրով համագումարի մասնակիցները «Պահպանել Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը» խորագիրով համագումարի մասնակիցները 

Միջազգային խաղաղապահներու ներկայութիւնը Արցախի մշակութային սպանդը կանխարգիլելու հիմնական միջոցներէն է

Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Պահպանել Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը» խորագիրով համագումար

Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ գործադրուող մշակութային սպանդը կանխարգիլելու հիմնական միջոցներէն են հոն միջազգային խաղաղապահներու ներկայութիւնը եւ յստակ գործիքակազմերու գոյութիւնը:

Ըստ Պրիւքսելի մէջ «Արմէնփրէս»ի թղթակիցին՝ համապարփակ քննարկումէ մը ետք, աայս եզրակացութեան եկան Եւրոպական խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած «Պահպանել Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը» խորագիրով համագումարին մասնակցողները:

Մասնակցող երեսփոխանները վստահեցուցին, որ ամէն բան պիտի ընեն, որպէսզի հարցը նաեւ ուշադրութեան կիզակէտը դառնայ Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմինին:

Եւրոպական խորհրդարանի սլովաք երեսփոխան Միրիամ Լեքսման իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Եւրոպական Միութեան պարտքն է՝ ամէն ինչ ընել Արցախի հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը փրկելու համար: «Եւրոպական խորհրդարանը բազմիցս բարձրաձայնած է ատրպէյճանական կեղծ թէզերու եւ միտումնաւոր կերպով հայկական մշակութային ժառանգութիւնը ոչնչացնելու մասին: Հակառակ անոր՝ Եւրոպական Միութիւնը կարճաժամկէտ տնտեսական խաղի մէջ է եւ համաձայնագիր ունի Ատրպէյճանի հետ: Ասիկա անընդունելի է, եւ մեր պարտքն է ամէն ինչ ընել հայկական ժառանգութիւնը փրկելու համար», ըսաւ Լեքսման:

Պելճիքայի մօտ Հայաստանի դեսպան, Եւրոպական Միութեան մօտ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Տիգրան Բալայեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Ատրպէյճան ոչ միայն միտումնաւոր կերպով կ՛աւերէ եւ կը սրբապղծէ ամէն ինչ որ հայկական է, այլ նաեւ կը խախտէ իրաւական բոլոր պատասխանատուութիւնները: «Այս ամէնի գլխաւոր պատճառը դերակատարների անհետեւողական եւ անհամապատասխան կեցուածքն է, իրաւական որոշումների ընտրովի կատարումը: Պէտք է ստեղծել մոնիթորինգի մեխանիզմ (հսկողութեան գործիքակազմ), եւ Եւրախորհրդարանն ունի բաւական միջոցներ, որպէսզի ստեղծի այդպիսի խումբ: Մեր պարտաւորութիւնն է պահպանել այն, ինչ դեռ մնացել է Լեռնային Ղարաբաղում», ըսաւ դեսպան Բալայեան:

Գլխաւոր բանախօսներէն Փիեռ տ՛Արժան, որ միջազգային օրէնքի յայտնի մասնագէտ է եւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի պատմամշակութային ժառանգութեան հարցերու ներկայացուցիչը, իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Պաքու այսօր կը փորձէ համագումարի վերնագիրին մէջ եղող երկու բառերը վերացնել՝ հայկականը եւ Լեռնային Ղարաբաղը: «Պաքու հարցականի տակ կը դնէ հայկականը եւ անոր համար գոյութիւն չունի Լեռնային Ղարաբաղը: Անոնք կ՛ուզեն իրենց հսկողութեան տակ պահել պատմութիւնը: Խտրականութիւնը եւ պատմութեան խեղաթիւրումը այդ երկիրին մէջ պետական քաղաքականութիւն են: Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային ժառանգութիւնը կենդանի է, ապրող է, եւ անիկա կրնայ գոյութիւն ունենալ, եթէ արցախահայութիւնը զայն կ՛ապրեցնէ», յայտնեց Տ՛Արժան:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Քարոզչական կեդրոնի տնօրէն եւ Լեռնային Ղարաբաղի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի վարիչ, Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան՝ շարունակելով Փիեռ Տը Արժանի միտքը, վերահաստատեց, որ մշակութային ժառանգութիւնը միայն եկեղեցիներն ու յուշակոթողները չեն:

«Մշակոյթը կ՛ապրի, եթէ արցախցիները կարողանան յաճախել իրենց աղօթատեղիներ եւ պահպանել իրենց կրօնական եւ ազգային աւանդոյթները: Ադրբեջանը, ժխտելով հայկականի եւ հայերի գոյութիւնն ու ներկայութիւնը, փորձում է ջնջել նրանց հետքը, եւ պէտք է ամենախիստ ձեւով պատասխանատուութեան ենթարկուի: Եւրախորհրդարանի դերակատարութիւնը շատ մեծ է՝ յատկապէս մարդու իրաւունքների եւ օրէնքի գերակայութեան  առաջխաղացման հարցում», ըսաւ ան: 

Ըստ «Եւրոպա Նոսթրա» (Քաղաքացիական հասարակութեան եւրոպական ձայնը՝ նուիրուած մշակութային ժառանգութեան) կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Սնեշքա Քուաետվլիէկ Միխայլովիչի՝ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է աւելի խիստ հռետորաբանութիւն որդեգրէ կատարուածին վերաբերեալ եւ յստակ գործիքակազմով կանխարգիլէ մշակութային ողբերութիւնը, որուն ականատեսն ենք այսօր:

«Այն իրականութիւնը, որ 2023 թուականին ալ կրնան ցեղային զտումներ կատարուիլ՝ մտահոգիչ եւ վտանգաւոր է: Խաղաղութեան պայմանագիրին մասին կը խօսուի, սակայն մենք պէտք է վստահ ըլլանք, որ անիկա կը պարունակէ մշակութային ժառանգութեան ամբողջական պաշտպանութիւն: Այսօր մենք կարելիութիւն չունինք համագործակցելու մշակութային ժառանգութեան ատրպէյճանցի մասնագէտներու հետ, սակայն շատ կը փափաքէինք», նշեց Քուաետվլիէկ Միխայլովիչ:

Եւրոպական եկեղեցիներու համախմբումի քարտուղար Փեթեր Փաւլովիչի դիտել տուաւ, որ  Արցախի մէջ տեղի ունեցածը ինքնութեան հետ անմիջական կապ ու շատերու վրայ ազդեցութիւն ունի: Ան նաեւ կարեւոր նկատեց առկայութիւնը միջազգային դիտորդական գործիքակազմի, որ պէտք է փոխարինէ խօսքերը:

Նոյն ծիրին մէջ Եւրոպական խորհրդարանի իտալացի երեսփոխան Ֆապիօ Մասիմօ Քասթալատոն առաջարկեց եւրոպական արբանեակները օգտագործել, հետեւելու եւ փաստագրելու Արցախի մէջ տեղի ունեցող ամէն բան՝ հետագային զանոնք իբրեւ ապացոյց օգտագործելո միջազգային կառոյցներու մէջ: Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխանը համոզուած է, որ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու հզօր թղթածրարը միակ լուծումն է:

Համագումարի աւարտին, մասնակցողները դիտեցին Եւրոպական խորհրդարանի ֆրանսացի երեսփոխան, համագումարի կազմակերպչական աշխատանքներուն մասնակցած Կզավիէ Պլիամիի տեսաուղերձը: «Բռնապետ մը կ՛ուզէ ջնջել ամբողջ ժողովուրդ մը եւ վերացնել անոր գոյութեան վերաբերեալ որեւէ հետք: Մենք գիտենք, որ ցեղասպանութիւնը տեղի կ’ունենայ ժխտողականութեամբ, իսկ ժխտողականութիւնը կու գայ աւերումով: Արցախահայերը այսօր զրկուած են իրենց պատմական շարունակականութենէն եւ իրենց հայրենիքի մէջ ապրելու իրաւուքէն», շեշտեց Պլիամի:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2024, 08:15