Որոնել

«Պուրակ» արեւմտահայերէն հարթակը «Պուրակ» արեւմտահայերէն հարթակը 

«Պուրակ» արեւմտահայերէն հարթակը՝ Ճեմարանի նոր նախաձեռնութեան մեկնարկ

«Պուրակ»ը ծնունդ առաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին հովանաւորութեամբ:

Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանը նոր նախաձեռնութեամբ մը հանդէս եկաւ՝ մանուկներու համար պատրաստելով հարթակ մը, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ անոնց՝ զարգացնելու արեւմտահայերէն բառապաշարը եւ լեզուամտածողութիւնը: Ստորեւ՝ Ճեմարանի տնօրէնութեան հաղորդագրութիւնը.

Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ 7-10 տարեկան մանուկներու համար արեւմտահայերէնով պատրաստուած գիտելիքներու եւ նիւթերու շտեմարան՝ «Պուրակ» հարթակի մեկնարկը:

«Պուրակ»ը ծնունդ առաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքին հովանաւորութեամբ:

Ծրագիրին նպատակն է՝ զարկ տալ արեւմտահայերէնի բառամթերքի եւ լեզուամտածողութեան զարգացման աւ այլազանել արեւմտահայերէնով դասաւանդուող նիւթերու մատուցման եղանակները՝ առաւել եւս արմատացնելով արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը:

Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի մանկավարժական սկզբունքներուն հիման վրայ, աշակերտները տարրական եւ նախակրթարան բաժիններու առաջին տարիներուն, հիմնական բոլոր նիւթերու դասաւանդութիւնները կը ստանան իրենց մայրենի լեզուով՝ հայերէնով: Հետեւաբար, այլազան կարողութիւններով օժտուած եւ ներկայ արհեստագիտացած առօրեային մէջ ապրող հայ մանուկին համար, նման ծրագիրի մը իրագործումը կը նպաստէ, որ լսատեսողական արդի եւ ժամանակակից միջոցներով պատրաստուած «Պուրակ»ը մանուկին ընծայէ արեւմտահայերէնով յաւելեալ ընդհանուր զարգացում: Անիկա կ՛ընդգրկէ հայ լեզուի, պատմութեան, աշխարհագրութեան, մշակոյթի, թուաբանութեան եւ գիտութեան ոլորտները:

«Պուրակ»ը հարթակ մըն է, ուր գիտելիքներու եւ նիւթերու ներկայացումը կը կատարուի կարճ տեսերիզներու (short animated movies) եւ համապատասխան տպուող թերթիկներու (printable documents) միջոցով: «Պուրակ»ին համար պատրաստուած տեսերիզները, աստիճանաբար բարդացող վարժութիւնները եւ օժանդակ թերթիկները կ՛ապահովեն նիւթերու եւ յղացքներու լսատեսողական միջոցներով փոխանցումը եւ տրամաբանական զարգացումը, նպաստելով մանուկին ընդհանուր զարգացման:

«Պուրակ»ի աշխատակազմը կը բաղկանայ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի անձնակազմէն, Ճեմարանի տնօրէնութեան անմիջական հսկողութեամբ: Աշխատանքը բաժնուած է երկու գլխաւոր բաժիններու՝ մանկավարժական եւ «թեքնիք»: Իւրաքանչիւր բաժին ունի իր պատասխանատուն եւ համապատասխան աշխատակիցներու խմբակը:

«Պուրակ»ի բոլոր աշխատակիցները մեծ խանդավառութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին այս ծրագիրին՝ հաւատալով անոր նպատակին. աշխատանքին ընթացքին յաճախ ստացանք ստեղծագործ նոր առաջարկներ, յառաջիկային զանոնք կիրարկելու համար:

«Պուրակ»ի բոլոր աշխատակիցները կը հաւատան, որ ուսուցիչներուն, աշակերտներուն կամ ծնողներուն համար, այսպիսի հարթակներ եւ այլազան գրաւիչ ու ստեղծագործ նորարարութիւններ անհրաժեշտութիւններ են հայ մանուկներուն համար դպրոցին մէջ, կամ ժամանցի պահուն:

Այժմ կը յայտարարենք «Պուրակ»ի մեկնարկը՝ Bourag.com հասցէով: Տեսերիզներու եւ թերթիկներու առաջին բաժինը արդէն իսկ զետեղուած է հարթակին վրայ. հարթակը  կը սկսի 11 տեսերիզներով եւ 22 տպուող թերթիկներով: Հարթակը շաբաթական կը թարմացուի նորութիւններով՝ նոր տեսերիզներով եւ տպուող թերթիկներով: Կը յուսանք, որ կարելի ըլլայ «Պուրակ»ը յարատեւ ճոխացնել նոր հատուածներով, բացատրութիւններով, տեսերիզներով եւ ստեղծագործ այլազան թղթածրարներով:

Վարձքը կատա՛ր այսպիսի նախաձեռնութիւններ քաջալերողներուն եւ հովանաւորողներուն: Իբրեւ հայ մանկավարժներ եւ մասնագէտներ՝ մեր առաքելութիւնն է՝ վառ պահել հայերէնը եւ զարկ տալ անոր զարգացման:

Տնօրէնութիւն

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2024, 08:20