Եւրոպացի Մարդու Իրաւունքներու Յանձնակատարը Կոչ Ուղղեց՝ Կեդրոնանա
Եւրոպայի խորհուրդի Մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Տունիա Միյատովիչ կոչ ուղղեց Երեւանին եւ Պաքուին` խաղաղ բանակցութիւններուն ընթացքին կեդրոնանալու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ:
Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանին, Միյատովիչ նախ յիշեցուց, որ 16էն 23 Հոկտեմբեր 2023ին, ինք այցելեց Հայաստան, Ատրպէյճան ու Արցախ, ապա շեշտեց, որ մարդու իրաւունքներու խախտումներ արձանագրուած են նաեւ հայ-ատրպէյճանական երկարատեւ հակամարտութեան ընթացքին:
Ան կոչ ուղղեց կողմերուն՝ հաստատելու մարդու իրաւունքներու ուժեղ երաշխիքներ` հակամարտութենէն տուժած բոլոր անձերուն համար:
«Քանի մը օր առաջ ես հրապարակեցի դիտարկումներ Հայաստան եւ Ատրպէյճան այցելութենէն ետք, որոնց կարգին՝ Ատրպէյճանի Ղարաբաղի մարզը: Տասնամեակներու ընթացքին առաջին անգամն էր, որ նման իրաւապաշտպան առաքելութիւն մը կրցաւ այցելել Ղարաբաղի տարածաշրջանը: Ես ընդգծած եմ, որ ղարաբաղեան հակամարտութենէն տուժած բոլոր անձերուն իրաւունքներու արդիւնաւէտ պաշտպանութիւնը խաղաղ գործընթացի յաջողութեան բանալին է», ըսաւ Միյատովիչ:
Աղբիւրը` Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ