Որոնել

2024.01.31 Aram I: incontro con i giovani

«Համաշխարհայնացումը եւ Հայ Երիտասարդը» նիւթին շուրջ Արամ Ա Վեհափառի դասախօսութիւնը

Անհրաժեշտ է, որ հայ երիտասարդը հայ արժէքներով շաղախուած արժեչափերով մօտենայ համաշխարհայնացումին՝ ընտրելով այն ինչ որ դրական է հայու ինքնութեան տեսանկիւնէն դիտուած: Այս հարցին մասին խօսելով՝ Վեհափառ Հայրապետը յիշեց շարք մը օրինակներ մեր գաղութներու կեանքէն առնուած:

Երէկ գիշեր՝ Երեքշաբթի, 30 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Տուպայի մէջ անգլերէն լեզուով դասախօսութիւն մը տուաւ համաշխարհայնացումը եւ հայ երիտասարդը (The Globalization and the Armenian Youth) նիւթին շուրջ:

Բացման խօսքը կատարեց Ռոզալին Թաշճեան: Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ, որ Վեհափառ Հայրապետին առաջարկած նիւթը այժմէական է, որովհետեւ ներկայ աշխարհը բոլորովին տարբեր իրականութիւններով ու տագնապներով կը ներկայանայ հայ երիտասարդին: Հետեւաբար, հարց դրաւ, թէ ի՛նչ վերաբերում պէտք է ունենայ հայ երիտասարդը զինք շրջապատող պայմաններուն ու խնդիրներուն նկատմամբ:

Վեհափառ Հայրապետը իր դասախօսութիւնը սկսաւ հաստատելով, թէ վերջին տասնամեակներուն մարդկային պատմութեան մեծագոյն յեղափոխութիւնը համաշխարհայնացումն է: Ճիշդ է, որ համաշխարհայնացումը նոր երեւոյթ չէ, սակայն գիտութեան ու ճարտարագիտութեան աննախընթաց զարգացումը, յատկապէս տեղեկատուական-հաղորդակցական մարզին մէջ, նոր թափ ու ընթացք տուաւ համաշխարհայնացումին: Ապա, Նորին Ս. Օծութիւնը 15 կէտերով ներկայացուց համաշխարհայնացումի յատկանշական երեսները, ինչպէս նաեւ անոր դրական ու բացասական երեւոյթներն ու հետեւանքները: Հայրապետը ըսաւ, որ համաշխարհայնացումը սոսկ տնտեսական մարզէն ներս յայտնուած երեւոյթ մը չէ, այլ էապէս մշակոյթ է, որ կը ներառէ ընկերութեան բոլոր մարզերը եւ ունի իր արժեհամակարգը: Համաշխարհայնացումը հեռաւորները մօտեցուցած է ու միաժամանակ մօտաւորները հեռացուցած է՝ իր տեղեկատուութեամբ ու փոխ յարաբերութեամբ տիրապետուած մշակոյթով: Նորին Սրբութիւնը նաեւ անդրադարձաւ համաշխարհայնացման ստեղծած գերերկրաւոր (Cyber) աշխարհին, որուն մաս կը կազմենք բոլորս, պարտադրաբար: Վեհափառ Հայրապետը մատնանշեց այն բոլոր երեւոյթները, որոնք դրական են, բայց միաժամանակ կրնան բացասական հետեւանքներ ունենալ՝ յատկապէս մարդու ինքնահասկացողութեան ու ինքնութեան եւ բարոյական արժէքներու գծով:

Իր խօսքին երկրորդ բաժնին մէջ Վեհափառ Կաթողիկոսը խօսեցաւ համաշխարհայնացումին նկատմամբ երիտասարդութեան մօտեցման մասին: Ան ըսաւ, որ ո՛չ կրնանք համաշխարհայնացումը անտեսել եւ ո՛չ ալ փոխել: Անոր ներկայութիւնը տիրական է մեր կեանքի բոլոր մարզերէն ներս ու բոլոր մակարդակներու վրայ: Սակայն, մեր վերաբերումը պէտք է ըլլայ քննական: Ճիշդ չէ համաշխարհայնացումին ներկայացուցած բոլոր երեւոյթները դիւրին ու անմիջական կերպով որդեգրել: Անհրաժեշտ է, որ հայ երիտասարդը հայ արժէքներով շաղախուած արժեչափերով մօտենայ համաշխարհայնացումին՝ ընտրելով այն ինչ որ դրական է հայու ինքնութեան տեսանկիւնէն դիտուած: Այս հարցին մասին խօսելով՝ Վեհափառ Հայրապետը յիշեց շարք մը օրինակներ մեր գաղութներու կեանքէն առնուած:

Վեհափառ Հայրապետին խօսքէն ետք երիտասարդները արծարծեցին շարք մը մտահոգութիւններ ու հարցեր: Նորին Սրբութիւնը անոնց տուաւ անհրաժեշտ բացատրութիւններ՝ յիշեցնելով, որ աւագ սերունդը համաշխարհայնացած ժամանակներուն մէջ ապրող երիտասարդներուն հետ պէտք է երկխօսութիւն ունենայ ու լսէ անոնց մտահոգութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ միասնաբար որոնել այն ուղիներն ու միջոցները, որոնցմով կարելի կը դառնայ մեր երիտասարդութեան կեանքին մէջ հայու ինքնահասկացողութիւնը ամուր եւ առողջ պահելը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2024, 11:19