Որոնել

Եւրոպական Միութեան երկիրներու դրօշակներ Եւրոպական Միութեան երկիրներու դրօշակներ 

ԵԽԽՎ-ն Կը Սահմանափակէ ազրպէյճանի Պատուիրակութեան Լիազօրութիւններ

ԵԽԽՎ նախագահական յանձնաժողովի մակարդակով արդէն իսկ տեղի ունեցած է ազրպէյճանի համար սահմանափակումներ նախաձեռնելու հիմնարար որոշում։ Կէսօրին՝ լիագումար նիստին մեկնարկով, պատգամաւորները պաշտօնապէս կը սկսին այս ընթացակարգը՝ ամենայն հաւանականութեամբ Գերմանիոյ ներկայացուցիչի պաշտօնական նախաձեռնութեամբ։

Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) նախատեսած է սահմանափակել ազրպէյճանի պատուիրակութեան լիազօրությունները՝ երկրի կողմէն կազմակերպութեան սկզբունքները խախտելուն համար։ Այս մասին Սթրազպուրկի մէջ Европейская Правда-ի թղթակիցին յայտնած են նման քայլի նախապատրաստման ծանօթ քանի մը աղբիւրներ։

ԵԽԽՎ նախագահական յանձնաժողովի մակարդակով արդէն իսկ տեղի ունեցած է ազրպէյճանի համար սահմանափակումներ նախաձեռնելու հիմնարար որոշում։ Կէսօրին՝ լիագումար նիստին մեկնարկով, պատգամաւորները պաշտօնապէս կը սկսին այս ընթացակարգը՝ ամենայն հաւանականութեամբ Գերմանիոյ ներկայացուցիչի պաշտօնական նախաձեռնութեամբ։

Երկրին դէմ պաշտօնական բողոքը այն է, որ Փետրուարին կայանալիք ազրպէյճանի նախագահական ընտրութիւններուն ԵԽԽՎ դիտորդներ չեն հրաւիրուած։ Բողոք կայ նաեւ առ այն, որ ազրպէյճան հրաժարած է ԵԽԽՎ զեկուցողներուն թոյլ տալ մուտք գործել բռնագրաւուած Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհ՝ Լաչինի միջանցք։

Թէ որոշակի ինչ քայլեր կը նախատեսէ ձեռնարկել ԵԽԽՎ-ն, տակաւին յայտնի չէ, որոշումը պէտք է գոյացնէ վեհաժողովը։ 

Աղբիւրը՝ Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2024, 07:46