Ֆրանսայի ծերակոյտի օրակարգին վրայ ընդգրկուած է Պաքուի դէմ պատժամիջոցներ եւ Արցախցիներու էերադարձի իրաւունքի երաշխաւորում առաջարկող բանաձեւ մը
Ֆրանսայի Ծերակոյտի օրակարգին վրայ ընդգրկուած է բանաձեւ մը, որ կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան, կը դատապարտէ Արցախի մէջ Ազրպէյճանի զինուորական յարձակումը, կոչ կ՛ուղղէ կանխարգիլելու յարձակումի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան խախտման հետագայ փորձերը, ներառեալ Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու կիրարկումով եւ Արցախի հայ բնակչութեան վերադարձի իրաւունքի երաշխաւորումով:
Բանաձեւը կը յիշեցնէ, որ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի յարգումը, որ կը վերաբերի Արցախի հայ բնակչութեան, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան միակ կարելի ճամբան է, եւ որ պետութիւնները պէտք է յարգեն ու պաշտպանեն այս իրաւունքը, հետեւաբար միջազգային ընտանիքի պարտականութիւնն է պահանջել, որ Ազրպէյճանը ընէ ամէն ինչ` երաշխաւորելու հայ բնակչութեան Արցախ վերադարձի իրաւունքը` անոր անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնը ապահովելու հնարաւոր պայմաններով:
Բանաձեւը եւրոպացի գործընկերներուն կոչ կ՛ուղղէ` հետեւելու Ֆրանսայի օրինակին եւ աւելցնելու Հայաստանին տրամադրուող մարդասիրական օգնութիւնը` երկրին մէջ ապաստանած Արցախի քաղաքային բնակչութեան հիմնական կարիքները բաւարարելու համար:
Ան կը վերահաստատէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան անձեռնմխելիութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ եւ անվերապահ Հայաստանի գերիշխան տարածքէն ելման դիրքեր դուրս բերել ազրպէյճանական ուժերը:
Բանաձեւը կ՛ողջունէ Հայաստանին սպառազինութիւն մատակարարելու Ֆրանսայի կառավարութեան որոշումը:
Անիկա կը դատապարտէ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական ղեկավարներու, օրինական ներկայացուցիչներու կամայական ձերբակալութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ ազատ արձակելու զանոնք: Բանաձեւը կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` պատժամիջոցներու տակ Ազրպէյճանի Հանրապետութենէն պահանջելու ազատ արձակել իր մօտ գտնուող քաղաքային եւ զինուորական գերիները եւ անյապաղ վերադարձնելու զոհուած հայ զինուորներու դիակները:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ