Ճափոնի երկրաշարժի զոհերուն թիւը բարձրացած է 180-ի
Ճափոնի մէջ 1 յունուարէն ի վեր շարունակուող երկրաշարժներու զոհերու թիւը հասած է 180-ի: Այս մասին կը վկայեն Ճափոնի շրջանային իշխանութիւններուն հրապարակած տուեալները:
Աղէտի պատճառով առնուազն 560 մարդ տարբեր ծանրութեան վնասուածքներ ստացած է:
Արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւնները տակաւին չեն կրնար գտնել 120 բնակիչ: Մեծագոյն վնասը արձանագրուած է Իսիքաւա շրջանին մէջ, ուր առնուազն 1370 տուն ամբողջութեամբ կամ մասամբ աւերուած է, իսկ հրդեհները ոչնչացուցած են շուրջ 300 շէնքեր: Վնասուած շրջանը կը շարունակէ զգալ ելեկտրականութեան, ջուրի եւ վառելանիւթի պակաս:
Աղէտի գօտիին մէջ կը շարունակուի վերապրողներու որոնման եւ փրկարարական գործողութիւնը` ներառելով Ճափոնի բանակի ստորաբաժանումները:
Փրկարարները վերջին անգամ փլատակներու տակէն ողջ մարդ յաջողած են դուրս բերել 6 յունուարին` տեղւոյն 90 տարեկան բնակչուհին, որ աւելի քան 5 օր մնացած է սեփական տան փլատակներուն տակ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ