Որոնել

2024.01.19 Incontro tra i Patriarchi Aram e Efrem

Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Աֆրամ Բ Պատրիարքին միջեւ հանդիպում Անթիլիասի մէջ

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու երկու եկեղեցիներու գործակցութեան, շարք մը միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող հանդիպումներու ու ծրագիրներու եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը դիմագրաւող ներկայ տագնապներու առնչուած հարցեր։

Հինգշաբթի, 18 Յունուար 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Ն.Ս. Աֆրամ Բ. Պատրիարքին միջեւ հանդիպում մը կայացաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Հանդիպումին Պատրիարքին կողքին ներկայ էին Պէյրութի առաջնորդ Դանիէլ Արք. Քուրիէն եւ Պատրիարքի օգնական Ժոզեֆ Եպս. Պալին. իսկ Հայրապետին կողքին՝ Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան եւ «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ արծարծելու երկու եկեղեցիներու գործակցութեան, շարք մը միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող հանդիպումներու ու ծրագիրներու եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը դիմագրաւող ներկայ տագնապներու առնչուած հարցեր։

Ապա, Պատրիարքն ու ներկաները ճաշի հիւրը եղան Վեհափառ Հայրապետին։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2024, 08:56