Յորդանանի Շոուբակ ամրոցի Հայերէն արձանագրութիւնները կարող են թուագրուել 17-18-րդ դարերով․ Համլետ Պետրոսեան
Յորդանանի Շոուբակ (*) ամրոցին մէջ յայտնաբերուած հայերէն արձանագրութիւնները, ըստ նախնական տուեալներու, կրնան թուագրուիլ 17-18-րդ դարերով, Երեւանի պետական համալսարանի մշակութաբանութեան ամպիոնի ընդլայնուած խորհրդաժողովին յայտարարած է ամպիոնի վարիչ, հնագէտ Համլետ Պետրոսեան, որ վերջերս վերադարձած է Յորդանանէն:
Ան պատմած է, որ արձանագրութիւնները, որոնց մասին ինք նախապէս յայտնած էր նոյեմբերի 28-ին իր Դիմատետրէն, այս տարուան օգոստոսին յայտնաբերած են Ֆլորանսի համալսարանի գիտնականները: Համլետ Պետրոսեան երկար ժամանակ կը համագործակցի Ֆլորանսի համալսարանի հնագէտներուն հետ, որոնք Հայաստանի մէջ քանի մը արշաւներու կը մասնակցին: Հասկանալով, որ արձանագրութիւնները հայերէն են, արշաւախումբի ղեկավար Միկելէ Նուչոտի կապ հաստատած է Համլետ Պետրոսեանին հետ եւ հայ հնագէտներու համար ուղեւորութիւն կազմակերպած` Յորդանան, որպէսզի անոնք տեղւոյն վրայ գնահատեն եւ ուսումնասիրեն գտածոն: Համլետ Պետրոսեան պատմած է, որ Շոուբակ ամրոցը Յորդանանի ամենահզօր բերդն է, զոր կառուցած են խաչակիրները 12-րդ դարուն: Քանի մը տասնամեակ անց ամրոցը գրաւած է սուլթան Սալահէտտինը: Հայ հնագէտը յիշած է, ի դէպ, որ Սալահէտտին ծնած եւ կրթութիւն ստացած է Դուինի մէջ:
Իտալացի հնագէտները կ’ուսումնասիրեն Յորդանանի` յատկապէս խաչակիրներու շրջանի պատմութիւնը: Հակառակ այնտեղ կարճատեւ կեցութեան` խաչակիրները ստեղծած են նշանակալի ճարտարապետական կառոյցներ, որոնք հետագային երկար ժամանակ օգտագործուած են: Համլետ Պետրոսեան յիշեցուցած է Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան կապերը խաչակիրներու եւ Սալահէտտինի հետ ու` աւելցուցած, որ Յորդանանի հայ համայնքը հին պատմութիւն ունի:
Խաչակիրներու հեռացումէն ետք ամրոցը քանի մը անգամ նորոգուած է եւ` վերակառուցուած: Անոր պատերուն պահպանուած են բազմաթիւ արաբերէն արձանագրութիւններ` բերդի պատմութեան մասին. անոնք վերծանուած եւ ուսումնասիրուած են:
Անոնց մէջ հայերէնով ոչ մէկ մակագրութիւն կայ, նշած է Համլետ Պետրոսեան` աւելցնելով, որ, այնուամենայնիւ, յաջորդ արշաւի ընթացքին իրենք, անշուշտ, կրկին կ’ուսումնասիրեն բերդին պարիսպները: Խաչակիրները բերդին մէջ կառուցած են երկու եկեղեցի:
Աւելի մեծ եկեղեցիին բակը մաքրած ատեն ալ յայտնաբերուած են հայերէն արձանագրութիւններով սալաքարերը:
Սալաքարերու յայտնաբերման վայրի ուսումնասիրութիւնը ենթադրել կու տայ, որ այդտեղ թերեւս գերեզմանոց եղած է, իսկ քարերը այդ գերեզմանատան կրօնական շինութեան մը մաս կազմած են:
Համլետ Պետրոսեան ունկնդիրներուն ուշադրութեան յանձնած է սալաքարերէն մէկուն համարակալումը` 4108: Այսինքն այս տարածքին հազարաւոր նման բեկորներ կան, եւ բոլորը կը հաւաքուին, կը համարակալուին եւ մանրազնին կ’ուսումնասիրուին:
Աղբիւրը՝ Եռագոյն
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ