Որոնել

2023.10.07 Alfabeto Armeno

Արեւմտեան Հայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջան - Հաղորդաշար (14)` պատրաստեց Սագօ Արեանը

Այսօրուայ մեր հաղորդումով արագ ակնարկ մը պիտի նետենք «Զարթօնք»ի շրջանը ոտքի հանած եւ իր նուիրական ներկայութեամբ մեր հաւաքական կեանքը զարդարած անուններուն, իսկ յաջորդ հաղորդումով պիտի փորձդնք լոյսին տալ «Զարթօնք»ի շրջանի գործիչներու եւ գրողներու գրական ընդհանուր նկարագիրը։

Յարգելի ունկնդիրներ, արդէն կը հասնինք Արեւմտահայ գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջանը նախապատրաստող հիմնական հանգամանքներու ներկայացման նախավերջին փուլին։

 Այսօրուայ մեր հաղորդումով արագ ակնարկ մը պիտի նետենք  «Զարթօնք»ի շրջանը ոտքի հանած եւ իր նուիրական  ներկայութեամբ մեր հաւաքական կեանքը զարդարած անուններուն, իսկ  յաջորդ հաղորդումով պիտի փորձդնք լոյսին տալ  «Զարթօնք»ի շրջանի գործիչներու եւ  գրողներու  գրական ընդհանուր նկարագիրը։

Բարի  ունկնդրութիւն։

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

 Զարթօնքի շրջանի այս գրողներուն մեծ մասը բարձրագոյն կրթութիւն չունին, աւարտած են թաղային վարժարաններ, բայց անձնական ճիգով եւ ընթերցասիրութեամբ արժէք ձեռք բերած։ Քիչերն են որ գացած են Եւրոպա եւ համալսարան աւարտած, ինչպէս Ստեփան Ոսկան, Նահապետ Ռուսինեան, Գրիգոր Օտեան, Մատթէոս Մամուրեան, Ծերենց, եւն.։ Միւսները կամ Պոլսէն չեն հեռացած եւ կամ ալ եղած են Վենետիկ Մխիթարեաններուն մօտ, բայց գրեթէ բոլորն ալ գիտեն գրաբար ու երբեմն նաեւ օտար լեզուներ։

Զարթօնքի սերունդի գրողներէն հինգ վեց հոգի հոգեւորական են (Ալիշան, Խրիմեան, Նարպէյ) միւսները աշխարհական։ Միայն մէկ կին գրող կայ Սրբուհի Տիւսաբ։ Զարթօնքի շրջանի գրողները ընդհանրապէս ուսուցիչ են, կապ ունին մամուլին հետ եւ կը մասնակցին նաեւ ազգային ժողովներու։ Ուրեմն միայն գրող չեն, այլ մեր հանրային եւ ազգային կեանքին մէջ դեր կատարող մտաւորականներ։ Յօդուած կը գրեն, ճառ կը խօսին, դաս կու տան, դասագիրք կը պատրաստեն, բառարան կը շինեն, կը թարգմանեն եւ նոյն ատեն թատերական եւ վիպական գործեր կը գրեն։

1850-1885 երկարող ժամանակաշրջանի գրողները կրնանք երկու խումբի բաժնել.-

ա) Երէց Ռոմանթիկներ.- Հայր Ղեւոնդ Ալիշան, Խրիմեան Հայրիկ, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Թովմաս Թէրզեան, Մ. Աճէմեան, Գրիգոր Օտեան, Նահապետ Ռուսինեան, Պետրոս Դուրեան, Ծերենց, Նարպէյ, Գարեգին Եպիսկ. Սրուանձտեանց ։

Ասոնց մօտ կը գտնենք հայրենասիրութեան պոռթկում, հայ հողին սէրը, մեր պատմական անցեալին ոգեկոչումը, թատերական փորձեր, եւ բանաստեղծութեան քնարերգական սեռը։

բ) Կրտսեր Ռոմանթիկներ.- Մատթէոս Մամուրեան, Սրբուհի Տիւսաբ, Ռեթէոս Պէրպէրեան, Եղիա Տէմիրճիպաշեան, Մինաս Չերազ, Յակոբ Պարոնեան :

Այս դէմքերն ալ կը ներկայացնեն փոխանցման շրջանի գրականութիւն մը, որուն մէջ քիչ մը ամէն բան կայ: Արդէն իսկ Կրտսեր Ռոմանթիկները սկսած են Հետաքրքրուիլ ոչ միայն հայրենասիրութեամբ այլ նաեւ արուեստով եւ փիլիսոփայութեամբ, իսկ ասոնց մէջէն Յակոբ Պարոնեան թէեւ ժամանակաշրջանով ռոմանթիկներու սերունդին կը պատկանի, բայց իր գրականութեամբ իրապաշտ է։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2024, 08:00