Որոնել

2023.10.07 Alfabeto Armeno

Արեւմտեան Հայ Գրականութեան «Զարթօնք»ի շրջան - Հաղորդաշար (16)` պատրաստեց Սագօ Արեանը

Նուիրեալներու շարքին առաջին կոթողական դէմքը մեզմէ շատերուն կողմէ այնքան սիրուած բանասէր եւ ուսումնասիրող՝ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանն է, որուն մասին պիտի խօսինք այս եւ յառաջիկայ հաղորդումով։

 Յարգելի  ունկնդիրներ, այսօրուան  եւ  յառաջիկայ մեր հաղորդումներով  պիտի փորձենք մանրամասն տուեալներ   փոխանցել   Արեւմտահայ  գրականութեան  «Զարթօնք»ի  շրջանի իսկական կերտիչներուն մասին։

 Ուրկէ կու գան, ինչ էր անոնց կիզակէտը, ինչ պայմաններու տակ  աշխատեցան  եւ ի վերջոյ  ինչ  աւանդ թողուցին իրենց ետին։

 Բարի ունկնդրութիւն։

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

  Եւ այսպէս   նուիրեալներու շարքին առաջին   կոթողական  դէմքը  մեզմէ  շատերուն   կողմէ այնքան սիրուած   բանասէր եւ ուսումնասիրող՝   Հայր  Ղեւոնդ  Ալիշանն է, որուն մասին պիտի խօսինք այս եւ   յառաջիկայ հաղորդումով։

Ծնած է 1820ին Պոլիս։ Բուն անունով Քերովբէ՝ զաւակն էր հնահաւաք դրամագէտի մը: Այս պարագան հաւանաբար ազդած է մանուկ Ալիշանի վրայ, իրեն ալ ներշնչելով անսահման սէր եւ հետաքրքրութիւն հին արժէքներու հանդէպ։ Տասներկու տարեկանին (1832) կ'երթայ Վենետիկ, Ս. Ղազար կղզին եւ վանքին դասընթացքը աւարտելէ ետք, 1840ին կը ձեռնադրուի վարդապետ, դառնալով միաբան Մխիթարեան ուխտին: Այդ թուականէն կը սկսի նաեւ իր ուսուցչական եւ գրական գործունէութիւնը:

1850ին կը ճամբորդէ Հռոմ եւ կը ներկայանայ Ս. Պապին՝ իր եւ Մխիթարեաններու կրօնական եւ ազգային գործունէութեան մասին բացատրութիւններ տալու: Յաջորդ տարին ճամբորդութիւն մըն ալ կը կատարէ Լոնտոն, Պերլին, Վիեննա, Փարիզ, Պրիւքսէլ եւ ամէն տեղ առիթը կ'օգտագործէ պետական մատենադարաններու մէջ հայկական ձեռագիրներ քննելու համար :

Ալիշան մօտ քսան տարի կ'ուսուցանէ Վենետիկի եւ Փարիզի Մխիթարեան վարժարաններուն մէջ եւ սերունդներ կը ներշնչէ ու կը խանդավառէ: Իր աշակերտները եղած են «Զարթօնք»ի սերունդի յայտնի դէմքերէն Թովմաս Թերզեան, Սրապիոն Թղլեան, Մկրիչ Աճէմեան, եւ  ուրիշներ: 1860ին տեսուչ կը նշանակուի Մուրատ-Ռափայէլեան վարժարանին, ուր իր վերջին աշակերտներէն մէկը կ'ըլլայ Արփիար Արփիարեան:

Հ. Ղեւոնդ Ալիշան արտակարգ կամքի եւ աշխատունակութեան տէր մէկը եղած է։ Կէս դարէ աւելի յարատեւ ջանասիրութեամբ ան հակած է մեր ձեռագիրներուն եւ անցեալի յիշատակարաններուն վրայ, պրպտելով, ուսումնասիրելով եւ ստեղծագործելով: Շնորհիւ հսկայական այս ճիգին, ան յաջողած է Հայաստանի բնաշխարհի պատմութեան եւ աշխարհագրութեան նուիրուած մեծարժէք եւ մեծածաւալ երկեր արտադրել։

Ալիշան մեծ հայրենասէր մըն է նոյն ատեն։ Հայրենիքը չէր տեսած, սակայն Ս. Ղազարու կղզիի իր խուցին մէջ նստած՝ գիշեր ցերեկ հայրենիքը երազեց եւ հայրենիքով ապրեցաւ։

Վերջին ծայր համեստ, աշխատասէր ու հայրենանուէր այս վարդապետը իր գործերով մեր ազգային վերածնունդի ու նոր գրականութեան կերտիչներէն մէկը հանդիսացաւ։

Համայն հայ ժողովուրդի սէրն ու հիացումը վայելելով մեռաւ 1901ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2024, 08:28