Որոնել

Բանտի լուսանկար Բանտի լուսանկար 

Ներքին ապահովութեան ուժերը ձերբակալած են եկեղեցիներ քանդող աւազակախումբ մը

լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ աւազակութեան դէպքերու դէմ պայքարի եւ գողեր բացայայտելու ծիրին մէջ ձերբակալած է աւազակախումբ մը, որ վերջին ժամանակաշրջանին Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի մէջ եկեղեցիներ գողնալու եւ քանդելու արարքներ

Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը երէկ յայտնեց, որ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ աւազակութեան դէպքերու դէմ պայքարի եւ գողեր բացայայտելու ծիրին մէջ ձերբակալած է աւազակախումբ մը, որ վերջին ժամանակաշրջանին Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի մէջ եկեղեցիներ գողնալու եւ քանդելու արարքներ կատարած էր:

Ներքին ապահովութեան ուժերը հետապնդելէ ետք այդ աւազակախումբը բացայայտեց, որ անիկա երեք անհատներէ կազմուած է` երկու սուրիացիներ` Ա. Ք., ծնեալ` 1996-ին եւ Մ. Ա., ծնեալ` 1988-ին, ինչպէս նաեւ լիբանանցի մը` Ա. Հ., ծնեալ` 1993-ին:

Գողութեան եւ քանդումի արարքներու ենթարկուած էին հետեւեալ եկեղեցիները.

Մար Ապտա (Ժալ Էլ Տիպ), Տուէյր (Ֆիտար), Մար Եուսեֆ (Էշրեֆիէ), Սայիտաթ Նաժաթ (Քըրնեթ Շեհուան) եւ Մար Աֆրամ (Քֆարտըպիան):

Նշենք, որ այս եկեղեցիներուն անուններն ու շրջանները ընկերային ցանցերուն ընդմէջէն փոխանցուեցան լիբանանեան հանրութեան սադրանքներ նախապատրաստելու նպատակով, յատկապէս նկատի ունենալով, որ կարգ մը եկեղեցիներ գողութեան չէին ենթարկուած, այլ` միայն քանդումի եւ յատկապէս սրբանկարներու եւ կրօնական խորհրդանիշներու նկատմամբ սրբապղծութեան:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2024, 07:50