Որոնել

Պէյրութի մէջ Ծննդեան համերգ Պէյրութի մէջ Ծննդեան համերգ 

Ս. Ծննդեան համերգ` Ազգային Ազատ հոսանքին եւ ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ

Կազմակերպութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, երեքշաբթի, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան միացեալ համերգ:

Կազմակերպութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, երեքշաբթի, 9 յունուարի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան միացեալ համերգ:

Ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, կաթողիկէ հայոց Պէյրութի թեմի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Գաբրիէլ ծ. վրդ. Մուրատեան, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպական ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Հեքթոր Հաժժար, երեսփոխաններ Նիքոլա Սահնաուի եւ Նատա Պուսթանի, նախկին նախարարներ ու երեսփոխաններ եւ հոծ բազմութիւն մը:

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը անգլերէն լեզուով արտասանեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ դոկտ. Լիզա Պաստաճեան: Ան դիտել տուաւ, որ այդ համերգով ոչ միայն պիտի նշուի տօնական եղանակը, այլ նաեւ` մշակութային ձեռնարկներու խորունկ իմաստը տարուան այս զուարթ ժամանակաշրջանին աւելցնելով, որ Ս. Ծնունդը կրօնական եւ պատմական արմատներէ անդին երթալով վերածուած է տօնի մը, որ կը շրջանցէ սահմաններ, ազգութիւններ եւ լեզուներ: Ան հաստատեց, որ սոյն ձեռնարկը միութեան եւ ուրախութեան հոգիով համախմբած է լիբանանցիները եւ լիբանանահայ համայնքը:

Դոկտ. Պաստաճեան յայտնեց, որ հայ համայնքը` համարկուելով լիբանանեան հասարակութեան մէջ, յառաջացուց մշակութային փոփոխութիւն, որ կամրջեց անցեալը` ներկային: Ան հաստատեց, որ 95-ամեայ Համազգայինին կը պարտինք ոչ միայն հայ համայնքի հաւաքական ինքնութեան եւ մշակութային կտակին պահպանումը, այլ նաեւ  լիբանանեան մշակութային կեանքին մէջ կատարուած ներդրումը:

Ան նկատել տուաւ, որ Ս. Ծննդեան տօնի ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած մշակութային ձեռնարկները կարեւոր դերակատարութիւն ունին մեր մէջ սնուցանելու միաբանութեան եւ համերաշխութեան զգացումը` աւելցնելով, որ այս նախաձեռնութիւնները կը հանդիսանան բեմերը ողջունելու եւ գնահատելու մեր հարուստ աւանդութիւնները, որոնք կը կազմեն մեր ընդհանուր ընկերութիւնը: Ան ըսաւ, որ երգերով, երաժշտութեամբ, պարով, արուեստով եւ այլ  մշակութային արտայայտութիւններով կը հաստատուին կամուրջներ, որոնք մեզ կը տանին  տարբերութիւններէն անդին` արտօնելով, որ գտնենք հասարակ յայտարար մը եւ տօնախմբենք մեր բաժնեկցած մարդկութիւնը:

Լ. Պաստաճեան շեշտեց, որ յիշեալ ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած մշակութային ձեռնարկները կարեւոր դերակատարութիւն ունին մեզ հաղորդակից դարձնելու մեր արժէքներուն, համոզումներուն ու գաղափարներուն, որոնք մեզ կը բնութագրեն իբրեւ անհատներ եւ հաւաքականութիւն: «Աւելի՛ն, մշակութային ձեռնարկները յատկապէս կը նպաստեն աւանդութիւններու պահպանման, նաեւ փոխանցման` մէկ սերունդէ միւսը: Անոնք կը ծառայեն իբրեւ կենդանի կտակարան այն ժառանգութեան, որ կը ձեւաւորէ մեզ, տրամադրելով շարունակականութիւն եւ կամրջում մեր անցեալին հետ», հաստատեց դոկտ. Լիզա Պաստաճեան:

Եզրափակելով իր խօսքը` ան նկատել տուաւ, որ այս տօնախմբութիւններուն միջոցով մենք առիթը ունինք փառաբանելու բազմազանութիւնը, կառուցելու համերաշխութիւն եւ ստեղծելու աշխարհ մը, ուր մեր զանազան տեսակի մշակոյթները ոչ միայն ճանչցուած են, այլ նաեւ` պանծացուած: Պաստաճեան կոչ ուղղեց` երախտապարտ ըլլալու Աստուծոյ այս շնորհին համար եւ գնահատելու մշակութային ձեռնարկները, որոնք Ծնունդը բոլորիս համար կը վերածեն իսկական կախարդական եւ միացումի ժամանակաշրջանի մը:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան անունով արաբերէն լեզուով խօսք առաւ տոքթ. Րաֆֆի Խանճեան: Ան նկատել տուաւ, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան միջեւ յարաբերութիւնները հետեւողականօրէն կը շարունակուին 17 տարիէ ի վեր: Մնայուն դաշնակիցներ, որոնք բաժնեկցեցան տեսակաւոր արժանիքներ եւ դիմադրեցին միասնաբար, մնացին շահագրգռութենէն հեռու, տարին  եւ տակաւին կը տանին գոյութեան պայքարը: Խանճեան ըսաւ, որ հաւաքուած ենք տօնելու Քրիստոսի Ծնունդը, մարդկութեան Փրկիչը, որ ծնաւ մսուրի, աղքատ շրջապատի մէջ: Ան նկատել տուաւ, որ Ս. Ծնունդը շատ մեծ նշանակութիւն ունի` աւելցնելով, որ այնպէս, ինչպէս Քրիստոս ծնաւ հակառակ Հերովդէս թագաւորին գործած ջարդին, նոյնպէս ալ անպայման Ծնունդը եւ փրկութիւնը պիտի գան` հակառակ տառապանքին:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը` խմբավարութեամբ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Վերոնա Ռուսիալեանի եւ Քէվըն Եուսէֆի: Երգչախումբը մեկնաբանեց «Նա՛իլի ահլա զահրա», հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով հայրենասիրական եւ Ծննդեան երգեր, որմէ ետք Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի նուագախումբը` խմբավարութեամբ Կարօ Աւեսեանի, մեկնաբանեց «The Game of Thrones», «Նուպար», «Ապարան»,  «A Piece of Sky»,  «Libertango», «Sleigh Ride», «The Can Can»: Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի եռեակի երաժիշտներ Գէորգ Քէշիշեան (տուտուկ), Վերոնա Ռուսիալեան (դաշնակ), Նարեկ Քէշիշեան (տհոլ) նուագեցին «Ծաղիկ ես» ժողովրդական երգը, իսկ Կարօ Քէլէշեան (թենոր)` նուագակցութեամբ դաշնակի վրայ Ալեքս Սուսանիի, մեկնաբանեց «Ուռին» եւ իտալերէն «Caro Mio Ben» երգերը:

Ազգային ազատ հոսանքի երգչախումբը` խմբավարութեամբ Ֆատի Մտաուարի, մեկնաբանեց «Մահմա ըաախխար ժայի», «Ծափ զարկ աշխարհ» երգերը` անգլերէն եւ արաբերէն լեզուներով, «Հալ լէյլէ մշաաշաա նուրա», «Զին ու լաուն հոն ու հոն», նաեւ Ծննդեան երգերու փունջ մը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2024, 09:10