Որոնել

Արցախ. ահաբեկչական արարք հայկական եկեղեցւոյ դէմ Արցախ. ահաբեկչական արարք հայկական եկեղեցւոյ դէմ 

Կրօնական ազատութիւններու գծով՝ Ատրպէյճան Ուաշինկթընի կողմէ հսկողութեան տակ կը դրուի

Արցախի վերաբերող զեկոյցին մէջ կը յիշատակուի Բերձորի միջանցքի շրջափակումը եւ Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւնները, որոնք յանգեցուցին առաւել քան 100 հազար հայերու զանգուածային գաղթին: Նոյն ատեն կը խօսուի Արցախ մնացած պատմական եւ մշակութային յուշարձաններու, ներառեալ՝ կրօնական, պահպանման վտանգներու մասին:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց կրօնական ազատութիւններու գծով իր տարեկան զեկոյցը, որուն մէջ նման ազատութիւններ ոտնահարողներու ցանկին վրայ աւելցուած միակ նոր անունը Ատրպէյճանինն է։

Ցանկին վրայ յայտնուող երկիրները կրնան պատժամիջոցներու թիրախ դառնալ, եթէ կացութիւնը բարելաւելու քայլերու չդիմեն։

Այս առիթով կատարած իր յայտարարութեան մէջ, արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն կ՛ըսէ հետեւեալը. «Կառավարութիւնները պէտք է վերջ տան այնպիսի չարաշահումներու, ինչպէս՝ յարձակումները կրօնական փոքրամասնութիւններու համայնքներու անդամներուն եւ անոնց պաշտամունքի վայրերուն վրայ, համայնքային բռնութիւնը եւ ազատ արտայայտութեան պատճառով երկարատեւ բանտարկութիւնը, անդրազգային ճնշումները եւ կրօնական համայնքներու նկատմամբ բռնութեան կոչերը, ի շարս այլ խախտումներու, որոնք տեղի կ՛ունենան աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ»։

Աւելի կանուխ, Միջազգային կրօնական ազատութեան հարցերու Միացեալ Նահանգներու յատուկ յանձնաժողովը կոչ ըրած էր երկրի իշխանութիւններուն, որ Ատրպէյճանը ներառեն կրօնական ազատութիւնները խախտողներու գծով հսկողութեան ենթակայ երկիրներու ցանկին վրայ: Զեկոյցին մէջ նշուած էր, թէ Ատրպէյճանի կրօնական ազատութեան եւ հաւատացեալներու իրաւունքներու խախտումը կը վերաբերի թէ Արցախի եւ անոր բնակչութեան եւ թէ իսլամ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն:

Արցախի վերաբերող զեկոյցին մէջ կը յիշատակուի Բերձորի միջանցքի շրջափակումը եւ Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւնները, որոնք յանգեցուցին առաւել քան 100 հազար հայերու զանգուածային գաղթին: Նոյն ատեն կը խօսուի Արցախ մնացած պատմական եւ մշակութային յուշարձաններու, ներառեալ՝ կրօնական, պահպանման վտանգներու մասին:

Վերոնշեալ զեկոյցը յղումներ կ՛ընէ Քորնելի համալսարանի Caucasus Heritage Watch հետազօտական նախաձեռնութեան, որ արբանեակային պատկերներով կ՛արձանագրէ Ատրպէյճանի բռնագրաւած տարածքներու մէջ հայկական եկեղեցիներու քանդումը։

Նշենք, որ Փետրուար 2022ին, ՄԱԿի միջազգային ատեանին տուած որոշումով, Պաքու պէտք էր դադրեցնէր ատելութեան եւ ցեղային խտրականութեան հրահրումը հայերու դէմ եւ անհրաժեշտ բոլոր միջոցներուն ձեռնարկէր՝ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը թիրախ դարձնող արարքները պատժելու համար:

ԳԱՐԴՄԱՆ-ՇԻՐՎԱՆ-ՆԱԽԻՋԵՒԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ՈՂՋՈՒՆԷ

Գարդման-Շիրվան-Նախիջեւան համահայկական միութիւնը ողջունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նաԽարարութեան քայլը։ Միութեան՝ այս առիթով հրապարակած յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Մենք, յանձնառու լինելով ինչպէս պատմական Գարդմանի, Շիրվանի, Նախիջեւանի, այնպէս էլ Լեռնային Ղարաբաղի բռնագաղթուած հայութեան ոտնահարուած իրաւունքների պաշտպանութեանը, կոչ ենք անում ինչպէս Միջազգային կրօնական ազատութեան հարցերով յանձնաժողովին, այնպէս էլ միջազգային իրաւարար այլ կառոյցներին եւ կազմակերպութիւններին հետամուտ լինել Ադրբեջանի կողմից ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղում այժմ իրականացուող, այնպէս էլ անցած 35 տարիների ընթացքում հայաթափուած Գարդմանում, Շիրվանում եւ Նախիջեւանում իրականացուած ցեղասպանութեան արդարացի ուսումնասիրմանը, դատապարտմանը եւ համապատասխան պատժի սահմանմանը:  Գարդման-Շիրվան-Նախիջեւան համահայկական միութիւնը լիայոյս է, որ ինչպէս ԱՄՆի, այնպէս էլ այլ միջազգային դերակատարների համակարգուած ջանքերի շնորհիւ հնարաւոր կը լինի չէզոքացնել հայկական քրիստոնէական համաշխարհային արժէք ունեցող մշակութային ժառանգութեանը սպառնացող վտանգը, ինչը մեծապէս կը նպաստի մեր տարածաշրջանի ժողովրդարացման եւ խաղաղեցման անցնցում գործընթացին»:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2024, 07:00