Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` Պաքուի ջարդերուն մասին. «Բոլոր իրաւունքները պէտք է հասցէագրուին»
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը անդրադարձած է երեսունչորս տարի առաջ այս օրերուն Պաքուի հայերուն դէմ իրականացուած ջարդերուն եւ նշած, որ ջարդերը դարձած են Ազրպէյճանի խորհրդային հանրապետութենէն հայ բնակչութեան բռնի տեղահանման եւ ցեղային զտումներու քաղաքականութեան գագաթնակէտը:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն զետեղածէ «Էքս» հարթակին մէջ եւ աւելցուցած, որ ջարդերու պատճառով հարիւրաւոր մարդիկ սպաննուած են, անդամահատուած եւ անհետացած, կէս միլիոն մարդ գաղթական դարձած է:
«Մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք անմեղ զոհերու յիշատակին եւ կը շեշտենք նման քաղաքականութեան կանխարգիլման հրամայականը եւ բոլոր իրաւունքներու հասցէագրման անհրաժեշտութիւնը», կը նշուի յայտարարութեան բնագիրին մէջ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ