Հայաստանի Աւետարանական Եկեղեցի. Աբովեան համայնքը ունեցաւ նոր հովիւ՝ Պատուելի Արմէն Միսաքեան
2024 -ի առաջին Կիրակին՝ 7 Յունուարին, յիշարժան էր Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ Աբովեան համայնքին համար: Տէրունական օրը՝ պաշտամունքի ընթացքին, տեղի ունեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ նոր հոգեւոր հովիւին՝ Արմէն Միսաքեանի պաշտօնակոչութեան արարողութիւնը:
ՀԱԵ-ի խորհուրդի նախագահ՝ Վեր. Ալպերթ Փայտեանը, ներկայացնելով նոր հովիւը, համայնքի անդամներուն առջեւ հարցումներ ուղղեց անոր, որոնց պատասխանելով՝ Արմէն Միսաքեան հաստատեց Աւետարանի քարոզչութեան իր հաւատարմութիւնը, Աստուծոյ Խօսքն անսխալ ուսուցանելու եւ ժողովուրդին անմնացորդ ծառայելու իր առաքելութիւնը եւ Աստուծոյ ապավինելով՝ Աբովեանի մէջ ՀԱԵ հովւութիւնը ստանձնելու պատրաստակամութիւնը: Պաշտօնակոչութեան ընթացքին յաջորդեց նորանշանակ հովիւին նուիրուած, ՀԱԵ Հոգեւոր Խորհուրդի նախագահին աղօթքը:
Այնուհետեւ, նորանշանակ հովիւը առաջին անգամ ըլլալով, ՀԱԵ-ի Աբովեան համայնքին դիմեց Աստուծոյ Խօսքի պատգամով: Եբրայեցիներու գիրքի, 10-րդ գլուխի, 19-25 համարներու մէջբերմամբ՝ Արմէն Միսաքեան խօսեցաւ Քրիստոսի վրայ հիմնուած եկեղեցոյ կարեւոր առանձնայատկութիւններուն մասին՝ առանձնացնելով հաւատարմութիւնը Աստուծոյ եւ իրարու նկատմամբ:
Պատուելի Արմէն Միսաքեան ծնած է 1988 -ի, 10 Սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ: Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Երեւանի՝ Դանիէլ Վարուժանի անուան թիւ 89 միջնակարգ դպրոցին մէջ: 2004 թուականէն ՀԱԵ-ի անդամ է եւ ներգրաւուած՝ եկեղեցւոյ տարբեր ծառայութիւններու մէջ։ 2006-էն 2008 թուականներուն ծառայած է Հայկական զինուած ուժերուն մէջ։ 2009-էն 2012 թուականներուն ուսանած է Հայաստանեայց Աւետարանական Աստուածաբանական Ակադեմիային մէջ, ստանալով աստուածաբանութեան պսակաւոր արուեստից աստիճան։ 2019-էն 2022 թուականներուն ուսանած է Պէյրութի Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Դպրոցին մէջ՝ ստանալով աստուածաբանութեան մագիստրոսի աստիճան: 2022-էն 2023 թուականներուն հովուական փորձառական շրջան անցուցած է 18 Բաղրամեանի վրայ գտնուող Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս նաեւ ՀԱԵ-ի ՀԱԹ-ի մէջ՝ որպէս օգնական հովիւ։ 2011-էն ամուսնացած է Էլէոնորա Ծատրեանի հետ, ունենալով մէկ որդի եւ երկու դուստր:
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ